18 January, 2024

Ռոստոմը

Վերջին 30 տարուան յեղափոխական պատմութեան մէջ Ռոստոմը կը գրաւէ բացառիկ դիրք: Նա ոչ միայն թիփիք ներկայացուցիչն էր գաղափարական եւ անձնազոհ այն սերունդին, որ ղեկավարեց վերջին տասնեակ տարիների մեր հասարակական-քաղաքական կեանքը, այլ եւ եղաւ հիմնադիրը այն հոսանքին, նրա մեծ դաստիարակիցը՝ ոչ միայն խօսքով, այլ եւ իր անհատական եռուն մասնակցութեամբ եւ գործնական կեանքով: Նա հիմնադիրն էր Հ. Յ. Դաշնակցութիւն կուսակցութեան, փրօփականտիստը նրա ծրագրի եւ իտէալներու, տարածողը նրա գաղափարներու եւ իրագործողը՝ նրա որոշումներու:

Մեր իրականութեան մէջ տեղի ունեցած բոլոր խոշոր դէպքերուն նա մասնակից եղած էր, հոգին էր հանդիսացած շատ մը կարեւոր յեղափոխական աքթերու եւ անկուն կերպով շարունակած է իր այդ աշխատանքները՝ մինչեւ մահ:

Ռոստոմը բազմակողմանի անհատ էր: Նա իր մէջ շատ մը իրական յատկութիւններ պարունակելէ դուրս, ունէր նաեւ կողմեր, որոնք միասնաբար կ'երեւային նրա մէջ եւ կ'ամբողջացնէին:

Մարդ-Յեղափոխականը

Դժուար է, շատ դժուար, լրագրական յօդուածներու մէջ ամփոփել նրա ամբողջականութիւնը, տալ մանրամասնութիւններ անոր կեանքէն, վերլուծել նրա մտաւոր, բարոյական եւ հոգեկան աշխարհները եւ ուրուագծել այն ուղին, որով նա ընթացել է 1890 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1917 թիւը – ամբողջ 27 տարուան ընթացքին:

Այդ պատճառով ալ մենք կը բաւականանանք քանի մը կարեւոր եւ յատկանշական գծեր երեւան հանելով, որոնցմով հնարաւոր կ'ըլլայ Ռոսոտմի մասին ընդհանուր գաղափար կազմել:

1. Ռոստոմ Իբրեւ Յեղափոխական

Դեռ աշակերտական նստարանէն ան իր մէջ կը պարունակէր ըմբոստ ոգի եւ անարդարութիւններու դէմ բողոքելու առանձին բնածին հակում: Ան փոքրիկ եւ մակերեսային խնդիրներու վրայ ուշադրութիւն չէր դարձներ, համարելով որ ատօնք արդիւնք են աւելի մեծ եւ խոշոր երեւոյթներու, որոնց արմատը գտնելու է եւ որոնց փոփոխութեամբ միայն հնարաւոր կ'ըլլայ ստեղծել բնականոն կեանք, որոնւ մէջ մարդկութիւնը կարող կ'ըլլայ երեւան հանել իր բովանդակ ընդունակութիւնները: Մասնաւոր պակասութիւններու շեշտումը, ըստ անոր, կարող է իսկական յեղափոխականին շեղել իր նպատակէն եւ ճանապարհէն: Ինչպէս մարդկային-անհատական, նոյնպէս եւ հասարակական-քաղաքական կեանքի մէջ անհրաժեշտ է վէրքը երեւան հանել իր մեծութեամբ, իր խորութեամբ եւ թարախներով միասին, որպէսզի բժշկութիւնն ըլլայ արմատական եւ տեւական:

Ժամանակակից հասարակակարգի պակասաւոր կողմերէն մէկը, ուրիշ շատ շատերու հետ միասին, նա կը հաշուէր փոքրիկ ազգութիւններու ստրկական վիճակը, որուն պատճառով եւ տեղի կ'ունենան ըմբոստութիւններ, հալածանքներ եւ խաղաղութեան խանգարում: Այդ ազգութիւններէն մէկն ալ հայ ժողովուրդն է, որուն ազատագրութեան համար թափած աշխատանքը ան կը համարէր ո՛չ միայն ամէն Հայու, այլ եւ ամէն մարդու, եթէ երբեւիցէ կը կամենայ ծառայել մարդկութեան յառաջդիմութեան եւ ազատութեան յաղթանակին: Իր այդ տեսական մտածողութեամբ չէ որ կը ներկայանայ մեզ իբրեւ յեղափոխական, այլ առաւել եւս իր գործնական աշխատանքներով: Քանի որ ժամանակակից մարդկութիւնը եւ յատկապէս անոր տիրապետող մասը՝ կառավարութիւնները՝ արդարութեան, տրամաբանութեան եւ լոկ իտէլաներու փրօփականտի ենթարկուողներ չեն, եւ ընդհակառակը ամենակտրուկ եւ խիստ միջոցներու կը դիմեն՝ իրենց կամքը թելադրելու եւ ուրիշներու ազատ կամքի խորտակման վրայ՝ իրենց երջանկութիւնը հիմնելու, ապա ուրեմն պէտք է նման խիստ եւ արմատական միջոցներով չէզոքացնել այդ բացասական երեւոյթը:

Այդ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է նախ կազմակերպուիլ, ի մի հաւաքուիլ, ուժերը կենտրոնացնել եւ ապա միայն անցնիլ որոշ գործունէութեան:

Յեղափոխական մտածողութեան հետ զուգընթաց առաջ կը տանէր Ռոսոտմը յեղափոխական կազմակերպութիւնը, յեղափոխական շարժումները առաջ տանելու նպատակով:

Եւ ան ոչ միայն տեսականօրէն մտածող յեղափոխական էր, այլ աւելի շատ գործնական կեանքով: Անոր փրօփականտը իր համոզիչ խօսքերը չէին միայն, այլ իր մասնակցութիւնը բոլոր շարժումներու մէջ: Եւ այդ էր այն գլխաւոր, կեդրոնական եւ ձգողական յատկութիւնը, որուն համար բոլորն ալ գլուխ կը խոնարհէին անոր առաջ, յարգանքով կը վերաբերուէին եւ կը հետեւէին անոր:

2. Ռոստոմ Իբրեւ Գործիչ

Ո՞րտեղ է Ռոստոմը, կը հարցնէինք մեր աւագ ընկերներուն, դեռ 1907 թուականին:

Չգիտենք, բայց ամեն տեղ:

Եւ իրօք: Մի օր նա Պագու է, ուր կը մնայ մի քանի շաբաթ, ապա նրան կը հանդիպինք Թիֆլիս, Պարսկաստան, Տաճկաստան, արտասահման, Փեթրոկրատ: Նա ոչ մի ճամբորդութիւն չէր ստանձներ, եթէ որեւէ կարեւոր յանձնարարութիւն չլինէր: Աահ նա Պաքուի մէջ բանւորների եւ յեղափոխական մտաւորականներու շրջանի նմէջ, որտեղ նա օրուայ կարեւոր քաղաքականութիւնը կը պարզէ, կ'ոգեւորէ. Դաշնակցութեան անցեալ պատմութիւններէն դրուագներ կը պատմէ, կը հարթէ կուսակցութեան մէջ գտնուած վէճերը եւ կ'անցնի Թիֆլիս: Ահա նա Պարսկաստան, 908 թուի յեղափոխական շարժումներու ժամանակ, կեդրոնական մարմնի բոլոր կարեւոր ժողովներու մէջ, խմբապետ զինուորական ընկերներու անբաժան խորհրդատուն, բոլոր կարեւոր ճակատներու վրայ: Ահա նա Էրզրումի ազգային վարժարաններու տեսուչ, երբ իբրեւ գործանական մարդ կը կրթէր, կը դաստիարակէր նոր սերունդը, ներկայ կը գտնուէր թէ դասերուն եւ թէ մարմնամարզական խաղերուն: Ահա նա կամաւորական շարժման ժամանակ Թիֆլիս, Երեւան, Էրզրում, Վան եւ ամէն տեղ բոլորին հետ, բոլոր դժուար պայմաններու մէջ՝ երկար մօրուքով, պատառատուն հագուստներով եւ մի գաւազան ձեռքին պտտում է ճակատէ ճակատ: Ահա նա՝ գաղթականների մէջ, նրա ցաւերով տարուող, նրանց վիշտը ամոքող եւ նրանց սրտապնդող, նրանց արցունքով լացող:

Յանկարծ Ռոստոմը արտասահման է, մայրաքաղաքնեորւ մէջ, նշանաւոր քաղաքական գործիչնեորւ մօտ եւ նորէն հայ ժողովրդի համար, նրա քաղաքական ազատութեան համար աշխատանք կատարելու գործողութեան մէջ: Դուք շատ անգամ կը տեսնէք զայն այս կամ այն յեղափոխական կուսակցութեան եւ յատկապէս Ռուս Սօց. Յեղափոխականներու պարագլխի մօտ, հայ ժողովրդի անտանելի կացութիւնը ներկայացնելիս: Նա դադար չունէր, նա հանգիստ չէր նստէր, նա ընտանեկան յարկից հրաժարուել էր. նրա մտահոգութեան առարկան իր խեղճ, տառապող եւ սիրելի հայ ժողովուրդն էր: Եւ պէտք չունինք աւելցնելու որ իր բոլոր դիմումները կատարում էր ո՛չ միայն խորունկ գիտակցութեամբ, այլ եւ մաքուր զգացմունքով եւ խոր հաւատքով, որով եւ կարողղանում է իր կողմը գրաւել բոլոր ունկնդիրներին: Նրա գլխաւոր յատկութիւններէն մէկը՝ իբրեւ յեղափոխական գործչի, այն էր, որ նա չէ րսիրեր երբ թերթերը կ'անդրադառնային իր գործունէութեան, կը գրէին, կը գովաբանէին եւ կամ կը պախարակէին: 27 տարուան գործունէութեան ընթացքին հայ մամուլը նրա անունը շատ քիչ անգամ տուած է. իսկ վերջին 15 տարուան ընթացքին համարեա թէ չէր յիշուեր: Նա կը գործէր գաղտնի՝ իր նպատակին հասնելու համար, նա կը գործէր անկեղծ, որի պատճառաւ եւ քննադատութիւնները անոր անուան չէին հասներ:

Ո՞վ է Ռոստոմը: Շատ քիչերը գիտէին նրա մասին: Նոյն իսկ կուսակցական լայն շարքերը տեղեկութիւն չունէին իրենց ղեկավարի եւ մեծ դաստիարակի մասին, որովհետեւ նա չէր սիրեր մամուլի փրօփականտը՝ գործող անհատներու համար:

Նա զոհաբերող էր՝ իբրեւ գործիչ: Նա պայման ունէր կապած իր կնոջ հետ, որ մինչեւ 45րդ տարիքը պիտի զբաղի քաղական կեանքով. երբեմն երբեմն հանդիպելով տուն, իսկ անկէ վերջ պիտի նուիրուի ընտանիքին՝ երբեմն երբեմն հետաքրքրուելով քաղաքական կեանքով: Եւ երբ 45 տարիքը վրայ հասաւ, պայթեց Պարսկաստանի յեղափոխութիւնը, աա Տաճկաստանի մեծ պատերազմը եւ այսպէս շարունակ՝ մինչեւ մահ: Նա ընտանիքը զոհեց՝ հայ ժողովուրդի ազատութեան համար:

Ռոստոմը իբրեւ գործիչ՝ տոկուն, համեստ եւ անձնազոհ նկարագիր ունէր:

3. Ռոստոմն Իբրեւ Կապ Միւս Կուսակցութիւններու Հետ

Շնորհիւ իր վճիտ մտքի, ծանօթութեան՝ մեր յեղափոխական պատմութեան, իր անկեղծ վերաբերոմւնքին եւ համոզիչ լեզուին՝ նա միշտ եղած է մէկը, որ բազմաթիւ բանակցութիւններ վարած է միւս քաղաքական կուսակցութիւններու հետ՝ թէ՛ մեր ե ւթէ օտար իրականութեան մէջ: 96 թուականէն սկսեալ նա գլխաւոր դերակատարներէն մին էր համերաշխական բանակցութիւններու: Բա էր մէկը այն անհատներէն, որ կը ջանար, դեռ հին ժամանակները, Հնչակեան-Դաշնակցական համերաշխութիւնն իրագործել: Նա էր Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ կապը՝ միւս կուսակցութիւնների եւ հոսանքների եւ Դաշնակցութեան միջեւ: պաքուի վերջին անցքերու ժամանակ նա էր բանակցողներից մէկը, եւ այդ այն պատճառով որ հանգուցեալ Ստ. Շահումեանը մեծ յարգանք ունէր դէպի Ռոստոմը եւ վստահութիւն՝ նրա անկեղծութեան: Միայն պաշտօնական կապը չէր կարեւորը: Աւելի անհրաժեշտ էր ներսի կապը, երբ բոլոր կուսակցութիւններուն պատկանող երիտասարդութիւնը կը համախմբուէր նրա շուրջը, կը վիճաբանէր, հարցումներ կ'ուղղէր, բաւարարութիւն կը ստանար եւ այսպէս կը բաժնուէր:

Կը յիշեմ ես նրան Պաքուի մէջ, 1907 թուականին, երբ Ռոստոմը մի ամսով եկել էր հոն՝ կուսակցական գործերով: Կէսօրներէն վերջ, նրա սենեակը եւ կամ այն կաթնատունը որտեղ կը գտնուէր, լեցուն էր Ս. Դեմոկրատ, Ս. Յեղափոխական, չէզոք եւ Դաշնակցական երիտասարդներով: մենք շրջապատում էինք մեր մեծ ուսուցչին, որ հաւասար ոգեւորութեամբ եւ մտքի ուժեղ թափով կը պարզաբանէր շատ կնճռոտ հարցեր եւ մենք կը հեռանայինք գոհ սրտով եւ նորէն տեսնուելու հաստատ որոշումով:

Նա ճառախօս չէր. նա սահուն եւ երկարաունչ խօսողներէն չէր: Նա քաղցրախօս էր, ժպտադէմ, հաւատքով լեցուն, համոզուած եւ որ գլխաւորն է՝ ընկերական ու մտերմական: Այդ բոլոր յատկութիւնները կը քաշէին մեզ եւ մենք գոհ էինք որ այդպիսի գաղափարական եւ անկեղծ ուսուցչի աշակերտներն ենք:

Ռոստոմը իբրեւ յեղափոխական գործիչ, հաւասար չափով յարգուած էր ո՛չ միայն կուսակցական ընկերներէ, այլ եւ հակառակորդ կուսակցութիւններու կողմից:

4. Ռոստոմը Իբրեւ Ընկեր

Մեր իրականութեան մէջ գործիչներ կան, որոնք արհեստական միջոցներով հեղինակութիւն կը ստեղծեն իրենց համար, հեռու կը պահեն զիրեքն՝ լայն խաւերէն, դժուարութեամբ կը խօսին բոլորի հետ եւ այդպիսով միայն կրնան դիրք ստեղծել: Ռոստոմը այդպիսիներէն չէր: Նա համեստ էր, վերին աստիճանի ընկերական, թէ՛ նիստ ու կացով եւ թէ ընդունելութեամբ՝ հասարակ եւ լաւ ընկեր՝ բոլոր կուսակցական տղաներու համար: Առանց քաշուելու եւ ամչնալու կաորղ էիր մօտենալ նրան, խօսել քո հոգեկան ապրումներու մասին, պամտել քո կեանքի դժուարութիւնները, ասել ընտանեկան ձախորդութիւններու մասին եւ հաւատալ որ անոր մէջ կը գտներ իր բարեկամը եւ ընկերը: Որքան ան կը մտերմանայ քեզի հետ, որքան ալ անկեղծօրէն խօսի, այնքան աւելի կը քաշուիս եւ յարգանքով կը լեցուիս: Կը յիշեմ մի օր 1908 թուին, երբ Թիֆլիսի մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գերագոյն մամրնի նիստերը տեղի կ'ունենային, Ռուբինայի հետ միասին գացինք հանգուցեալ ընկեր Ե. Թոփչեանին գտնելու եւ անոր հետ տեսնուելու: Մօտեցանք այն տան, որտեղ ժողովը տեղի կ'ունենար: Ես դրան մօտ սպասեցի, երիտասարդ ընկերոջ պատկառանքն ունենալով հոգուս խորքում, երբ Ռուբինան թեւէս քաշեց եւե վեր տարաւ՝ պատշգամը: Դուրս կանչուեցաւ Ռոստոմը: Նա ժպտադէմ դուրս եկաւ, բարեւեց Ռուբինային եւ ապա ինձ: Ես իսկոյն մի անկիւն քաշուեցայ, որպէսզի չխանգարեմ անոնց խօսակցութիւնը:

Առանձնացած վիճակիս մէջ կը մտածէի թէ ո՞րքան երջանիկ պիտի ըլլայի եթէ կարողանայի դուռը բաց անել եւ տեսնել թէ ովքե՞ր են նստած այնտեղ եւ ո՞վքեր են որ կը տնօրինեն կուսակցութեան եւ անոր միջոցով հայ ժողովուրդի քաղաքական բախտը:

Այդ նոյն վայրկեանին Ռոստոմը, ըմբռնելով իմ ներքին ապրումներս, կամացուկ մօտեցաւ ինձ, բռնեց իմ թեւից եւ մանկական ժպիտով մը ըսաւ.

Կ'ուզե՞ս տեսնել ընկերները:

Բայց չէ՞ որ գաղտնի ժողով է եւ արգիլուած, պատասխանեցի:

Վստահութիւն չունի՞ս քեզ վրայ. արի, արի քեզ ցոյց տամ ընկերներուն, ծանօթացնեմ անոնց հետ. չէ՞ որ մեր մահէն ետք դուք պիտի գրաւէք մեր տեղը:

Այնքան պարզ եւ ընկերական ոճով է ըսուած այդ, որ ուրախութեամբ հետեւեցայ նրան: Այնտեղ էին Խաժակը, Զաւարեանը, Շահրիկեանը, Վռամեանը, Ակնունին, Թօփչեանը, Վարանդեանը եւ ուրիշներ:

Կեանքիս երջանիկ օրերէն մին էր այդ եւ ես պարտական եմ Ռոստոմի ընկերական վերաբերմունքին:

5. Ռոստոմը Իբրեւ Մարդ

Ռոստոմը մարդ էր բառին ամենալայն իմաստով: Նա յեղափոխական անկեղծ եւ տոկուն գործիչ էր, նա բոլոր երիտասարդներու լաւ ընկերն էր, նա հայ ժողովրդի տառապանքի անբաժան ուղեկիցն էր եւ նրա ազատագրութեան ... համար պայքարողը: Նա ընկեր էր, ... օժանդակող: Նա պատրաստուած էր մտքով եւ լայն սրտի տէր, անկեղծ զգացմունքներ ունեցող: Այդ պատճառներով է որ մենք մեզ իրաւունք կը համարենք ըսելու որ Ռոսոտմը մեր վերջին տասնամեակներու կեդրոնական դէմքերէն մին էր եւ Յեղափոխական Մարդը, որ բացառութիւններ են պատմութեան մէջ:

Իր մահուան տարելիցի առթիւ ես իբրեւ հրա համեստ աշակերտներէն մին, գլուխ կը խոնարհեմ անոր շիրմին առջեւ ու մեղմագին կը մրմնջեմ.–

Յարգանք քեզ, մարդ-յեղափոխական եւ սիրելի գործիչ:

Ա. Միքայէլեան
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
Կիրակի, 30 Յունուար 1921
Նոր Շրջան, Թիւ 6'0 (2491)