19 January, 2024

Բեկոր Մը Ռոստոմի Կեանքէն

Երեւանի մէջ, համեմատաբար երկրորդական փողոց մը մկրտած էին Ռոստոմի անունով: Զինքը շատ մօտէն ճանչցողի մը համար ասիկա շատ քիչ գնահատում էր, բայց պոշեւիկեան կառավարութիւնը ադ ալ շատ տեսաւ իրեն:

Երբ առաջին անգամ նկատեցի նախկին Թարխանեան փողոցի փոխւիլը Ռոստոմի անունով, իր բնաւորութեանը եւ հոգիին չափազանց յատկանշական եղող հետեւեալ գեղեցիկ արարքը յիշեցի եւ ակամայ համեմատութիւններու շարք մը սկսաւ մտքիս մէջ...

Ռոստոմը եւ տիկինը 1907-ին Պուլկարիա էին եւ միասին հայ մասնաւոր վարժարան մը բացած էին: Մենք ալ՝ չորս օրիորդներ, նոյն դպրոցի մէջ աշակերտուհի եւ միեւնոյն ժամանակ վարժուհի էինք: Հետզհետէ աւելի մտերիմ յարաբերութիւն կը ստեղծւէր մեր եւ անոնց մէջ, եւ փոքրիկներու արձակուրդն վերջ, երեկոյեան մեր դասերը մտերմական ու հետաքրքրական խօսակցութիւններով կը վերջանային:

Ուսումնարանը թէեւ լաւ ընդունելութիւն գտած էր Ֆիլիպէի հասարակութենէն, բայց նիւթապէս ապահով վիճակը մէջ չէր. եկամուտը ծախսը չէր գոցեր եւ գիտէինք, որ Ռոստոմը եւ տիկինը շատ զոհողութիւններ կ'ընէին ու ստիպւած էին շատ համեստ կեանքով ապրիլ:

Ձմեռւան սկզիբն էր, եւ Ռոստոմը վերարկու չունէր. նախորդ տարւանը բնաւ ներկայանալի չէր: Տիկնոջ թախանձանքով շատ դժւարութեամբ Ռոստոմը համաձայնած եւ իրեն համար նոր վերարկու մը գնած էր: Մենք շատ ուրախացանք եւ նոյնիսկ շնորհաւորեցինք. կուզէինք, որ մեր սիրելի ուսուցիչը եւ մեր վարժարաին ներկայացուցիչը լաւ հագւած երեւար:

Ճիշտ այն ժամանակ էր որ պատահած էր Մուսթաֆա – փաշայի տխուր դէպքը Պուլկար – Մակեդոնական կոմիտյի գործակցութեամբ եւ այդ դէպքին առթիւ Պետրոս Սէրէմճեան եւ իր մի քանի ընկերները Էտիրնէի մէջ բանտարկւած էին:

Ռոստոմը իր նոր վերարկուն հագնելէն հազիւ երկու շաբաթ անցած՝ նկատեցինք, որ ան նորէն սկսաւ իր հին վերարկուն հագնիլ: Մենք միամտութեամբ լաւ պահպանելուն վերագրեցինք: Քանի մը օր վերջը, երեկոյեան, մեր սովորական դասը վերջանալէն ետքը, տիկինը մեզ դիմեց՝ «Աղջկերք, դուք հարցրել էք ձեր պ. Ռոստոմին, թէ ի՞նչու իր նոր վերարկուն չի հագնում»: Մեր չորսին նայւածքներն ալ հարցական ուղղւեցան դէպի իրեն: Ռոստոմը ժպտեցաւ իրեն յատուկ արտայայտութեամբ՝ միեւնոյն ժամանակ, կարծես, մեր մտածումներու խորը զննող նայւածք մ'ուղղելով մեր դէմքին, իսկ տիկինը կը շարունակէր «Նա իր նոր վերարկուն ուղարկել է բանտի իր ընկերոջ՝ Պետրոս Սէրէմճեանին»...

Մենք շւարեցանք ու թէեւ այն ժամանակ յետպատերազմեան այս անբարոյացուցիչ նիւթապաշտութեամբ չէին տոգորւած մեր հոգիները եւ ընդունակ էինք գաղափարական զոհողութիւններու, բայց եւ այնպէս չկրցանք ըմբռնել այդ արարքի մեծութիւնը: Եւ մէկը մեր մէջէն հազիւ լսելի մրմնջաց «Հինն ալ կրնայիք ղրկել»: Ռոստոմը միայն ժպտեցաւ իր բարի եւ ամէն բան ներող ժպիտով...

Քսան տարիներ անցած էին: Ռոստոմը մեզմէ հեռացած էր բացառիկ լաւ եւ գաղափարական մէկու յիշատակը թողելով: Մենք ցիր ու ցան՝ շատ բաներ մոռցած էինք անցեալէն: Բայց ամէն անգամ, երբ Ռոստոմի փողոցէն կ'անցնէի, կը յիշէի զինքը: Մանաւանդ ամէն անգամ, երբ ցրտահար ու սովահար անկիւնը կծկւած կնոջ կամ երեխայի մը քովէն նոր վարիչներու անցնելի կը տեսնէի իրենց մուշտակներով կամ տաք վերարկուներով, առանց նայւածք մը իսկ ուղղելու այդ դժբախտ արարածներուն, կը խորհրդածէի.

– Քարոզել եւ քարոզածը գործադրել, որքա՜ն հեռու են իրարմէ, որքա՜ն քիչերը միայն ընդունակ են ատոր...

Սաթ. Տէր-Դաւթեան
«Դրօշակ»
Օգոստոս-Հոկտեմբեր 1926
Թիւ 8-10 (255-257)