Մէկը Միւսով Պիտի Շնչէ. Շաւարշ Միսաքեան

Հայաստան եւ Հայկական Արտասահման երկու թեւերն են միեւնոյն ամբողջութեան: Երկու զանգուածներ, որոնք իրար պիտի լրացնեն հայրենի հողին վրայ: Միացեալ եւ ազատ:

Սովորական իմաստով գաղութներ չեն ինչ որ Հայկական Արտասահման կը կոչենք:

Ուրեմն, թերխաշ, տնաբոյս քաղաքագէտներ իրաւունք չունին կամակատար հպատակի կամ կթան կովու տեղ դնելու զանոնք:

Թւորքիոյ հայ ժողովուրդին վերջին մնացորդը կը ներկայացնեն այդ գաղութները: Բազմութիւններ՝ խորապէս հայրենասէր, թէեւ հեռու հայրենիքէն:

Կը նշանակէ թէ որեւէ իշխանութիւն պարտաւոր է նկատի առնել անոնց բաղձանքները, տեսակէտներն ու տրամադրութիւնները, այս կամ այն կարգադրութեան ատեն:

Ամէն պարագայի մէջ, իրաւունք չունի արհամարհելու, նուաստացնելու կամ իր կամքը պարտադրելու, պղտորելով մթնոլորտը, հայրենիքին մէջ թէ դուրսը:

Այս տարրական գիտակցութեան – պարտականութեան – հետքն իսկ չենք տեսներ, տարիներէ ի վեր: Մանաւանդ այժմ:

Ընդհակառակն, ահա ռատիօ-Երեւանն ալ «մոբիլիզացուել է»–ո՜վ բարբարոսութիւն – լրացենլու համար բանաւոր եւ գրաւոր բանսարկութեանց պակասը: Տեսակ մը ջլամարտ, որ պարզապէս տկարութիւն, հոգեկան թշուառութիւն կ'ապացուցանէ:

Կը թուի թէ այս պարոնները չեն գիտեր որ Արտասահմանի ողջամիտ մեծամասնութիւնը շատոնց փակած է իր աչքերն ու ականջները ինչպէս թխածոյ եւ գարշահոտ հրատարակութեանց, նոյնպէս այդ անթել կամ թելաւոր վայրահանջութեանց առջեւ:

Եւ կը մոռնան թէ այդ մեծամասնութիւնը երէկուան բարեպաշտ համբակը չէ, որեւէ եղանակի վրայ պարելու համար:

Ան գիտէ Խ. Հայաստանի սեւն ու ճերմակը: Եւ չափած է անոր վարիչներուն կամ ուղեկիցներուն քաղաքական իմաստութեան, կարողութեան աստիճանը:

Այդ մեծամասնութիւնը շան-քարոզ չէ որ կը սպասէ ռատիօ Երեւանէն, այլ քաղաքական աշխատանք: Հոգ թէ չէ համեստ չափով:

Ան կը պահանջէ որ Երեւանցիները լայն բանան դուռներն ու պատուհանները:

Ան կ'ուզէ բաց աչքով տեսնել հայրենիքին չարն ու բարին, եւ ոչ թէ հանելուկ լուծել «կ'ուտենք-կը խմենք» նամակներով կամ փախստականներու լեղապատառ պատմութիւններով:

Ան հայրենիքին զօրացումը եւ ցիրուցան բազմութեանց ինքնապաշտպանութիւնը կը փնտռէ ուղղակի եւ անվերապահ յարաբերութեանց մէջ:

Ան չի հանդուժեր որ տգէտ եւ անսպայ մարդիկ աղճատեն հայերէնը, կամ ուրանան իրենց մայրենի լեզուն, հաճոյք պատճառելու համար օրուան իշխանութեան:

Ան պատրաստ է իր բոլորանուէր աջակցութեամբ զարկ տալու հայրենիքի մշակոյթին, արժեցնելով հայ ժողովուրդի արեւմտեան ճակատին դարաւոր վաստակը:

Մէկ խօսքով,– այդ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, կը հաւատայ թէ Հայրենիք եւ Հայկական Արտասահման իրարմով պիտի շնչեն: Առանց կասկածելի միջնորդներու: Մինչեւ մեր բաղձանքներուն վերջնական, ամբողջական իրականացումը:

Ո՛վ որ քարեր կը շարէ այս ճամբուն վրայ, տհաս գիտելիքներով եւ ամբոխավարական մարզանքներով, չի կրնար բարեկամ դառնալ ո՛չ Երեւանի, ո՛չ ալ տարագիր բազմութեանց:

Հայկական Արտասահմանը «շրջանաւարտ» է ոչ միայն մշակոյթի ճակատին վրայ, այլեւ իբրեւ քաղաքական միտք, իր կաթը ծծած ըլլալով տառապանքէն եւ աշխատանքէն:

Խմբագրականը լոյս տեսած է Փարիզի «Յառաջ»ին մէջ, 13 Յունիս 1948ին

«Հայրենիք», Պոսթոն
64րդ Տարի, Թիւ 15,428
Շաբաթ, Յունուար 26, 1963

Comments

Popular posts from this blog

ԱՂԲԻՒՐ. Սերոբ Վարդանեան

Նիկոլը. գրեց՝ Ս. Վրացեան

ՔԵՌԻ ԹԱԴՕ. Յարութիւն Սարգիսեան