Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Թիւրքահայ ազատագրութեան վետերաններէն մինն է, որ հողին տակ կը ծածկւի՝ եւ ամենդառնակսկիծը այդ մահւան մէջ այն է, որ մեր Առաքել աղան, չունեցաւ Քեռիներու, Արտաշէսներու, Խէչօներու ասպետական բաղդաւորութիւնը – ռազմի դաշտին մէջ փչելու իր շունչը, այլ իր տարաբախտ սրտակից ընկեր Աւօին (Կիւմիշխանեցի Աւետիս Բիզեան, մահ. 1916) պէս անկոողնին մէջ անէացաւ:
Սասունի հայդուկներու զմայլելի շարանէն հատ մըն ալ պակսեցաւ. Նախ Կորիւն, ապա Քեռին, յետոյ Աւօն եւ այս անգամ ալ Կայծակ-Առաքելը:
Հերոսի մահէն ետք, տասնեակ տարիներէ ի վեր հայութիւնը գեղեցիկ սովորութիւն մըն էր դարձուցած իրեն համար, տօնել անոր այսպէս ըսւած «մահւան տօնը», կազդուրել այդպիսով հասարակական խղճմտանքը, սփոփել իր հոգեկից ընկերներու ... սիրտը. իսկ Կայծակ-Առաքելը այդ եւս չունեցաւ, ներկայ թոհ ու բոհի օրերուն ո՞վ ժամանակ ունի եւ տրամադրութիւն մի րոպէ իր ուշքը ուրիշ կողմ դարձնելու:
Ո՞վ էր սակայն Կայծակ-Առաքելը: (Կենսագրական քանի մը տեղեկութիւններ քաղած եմ իր զինակից ընկեր Սեպուհէն. Բ.)
Նա ծնած է Բաբերդի մէջ 1864 թւին. դպրոցի երեսը հազիւ տեսած հետեւած է իր հօր արհեստին (դերձակութիւն). բայց պատանի Տիգրանը հասարակ արհեստաւոր մը դառնալու համար ստեղծւած չէր. իր ժամանակը նա կանցկացնէր մեծ մասով որսորդութեամբ, մանուկ հասակէն զէնքը իր անբաժան ընկերն է եղած մինչեւ իր դառնաղէտ մահը:
Բաբերդի շրջանը մոլեռանդ թիւրքերով լեցւած ըլլալով, գոյութիւնը պահպանելու բնական օրէնքով կարծես՝ մեր մարտական ուժերէն կարեւոր մաս մը այդ վայրէն դուրս եկած է:
Դեռ 80-ական թւականներու երկրորդ կիսուն՝ ինչպէս Հայաստանի զանազան վայրերու, այնպէս ալ Տերսիմի եւ Երզնկայի շրջանին մէջ յառաջ կու գան հայ աւազակախմբեր, որոնք լեցւած ազգասիրական վրէժով, յարձակումներ կը գործէին մահմեդականներու գիւղերուն վրայ, հանդիպած տեղերը կը սպաննէին թիւրքն ու քիւրտը: Տերսիմցի համբաւաւոր Քեռին (Ռուբէն Շիշմանեանը) մէկն էր այդ աւազակապետներէն:
Շատ չանցած, Քեռին իր խումբով կը մկրտւի դաշնակցական, որու հետ եւ Առաքելն ու Աւօն, եւ այս անգամ աւազակախումբի ձեռնարկներն ու գործունէութիւնը որոշ եւ գծւած շաւղի մը մէջ կը դրւին:
1897ին նա կանցնի Կովկաս. տարիներ շարունակ կը գործէ Կարսի շրջանին մէջ, կազմակերպելով գիւղերը եւ օգնելով զինատար խումբերուն: Քանի մը անգամ կը փորձէ անցնել երկիրը, բայց միշտ ալ յաջողութիւն չի գտնէր, մինչեւ որ 1903ի աշնանը, երբ Սասունը մօտ էր բռնկւելու եւ երբ Թորգոմի ձիաւոր խումբը «Մրրիկ» օգնութեան կը փութար, կը միանայ խումբին: Ապահով Սասուն հասնելէ յետոյ, Մուրատին եւ Աւօին կը միանայ այս անգամ Վան երթալու եւ փամփուշտ փոխադրելու համար:
Սասնոյ եւ Մշոյ դաշտի կռիւներուն կը ցուցնէ արտակարգ քաջութիւն եւ անդիմադրելի կորով մը: Կռիւներէն յետոյ կատարւածը յայտնի է արդէն բոլորին, խումբը Աղթամարի եւ Վանի ընդհարումներէն յետոյ կանցնի Պարսկաստան:
905ի յունւարին սկիզբ կառնուն (կ'առնեն) հայ-թուրքական ընդհարումները. Սասունի միւս հայդուկներուն պէս Կայծակ-Առաքելն ալ Ղափանի շրջանին մէջ շատ պատւաբեր կերպով կը կատարէ իրեն ինկած բաժինը, որմէ յետոյ Կայծակը կանցնի Սալմաստ Պարսկաստանի խռովութիւններու ատեն: Թրքական սահմանադրութիւնէն յետոյ Սեպուհի, Աւօի եւ Մուրատի հետ երկիրը եկաւ. մի ժամանակ թափառեցաւ Մուշ, Էրզրում, Տրապիզոն, Կիրասոն, Պոլիս, ապա եկաւ կանգ առաւ Վան: Կազմակերպութեան կողմէն, (արտաքուստ իբրեւ Ախթամարի գործակատար), կը շրջէր նա Գաւաշ, Կարճկան եւ Կարկառ, եւ նոր բալաներ հաւաքած իր թեւին տակ, սուս ու փուս յառաջ կը տանէր ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան գործը:
Եղաւ կարճ ատեն մը, որ Առաքել «աղան» ալ ուզեց քիչ մը ինքն իր մասին մտածել. ամուսնացաւ եւ ուզեց ընտանեկան կեանք վարել, բայց շուտով վրայ հասան Վանի կռիւները: Իրազեկները կը պատմեն որ «աղան» հաճոյք չէր առնէր բնաւ «պատի ծակերէն գնդակ արձակելէ» եւ միշտ կը դրդէր երիտասարդներուն թէ ելնենք բաց դաշտին մէջ, թշնամիին դէմ-հանդիման կռւելու:
Վանի մեծ աղէտէն յետոյ, Առաքել աղան ալ իր կնոջ եւ երեխային հետ «գաղթական էր դառել». մի ժամանակ մնաց Կամարլու. իսկ երբ լոյս աշխարհ եկաւ իր աւագ-զինակից Մուրատը, ընտանիքը թողելով գնաց անոր ետեւէն վերստին, նախ Բիթլիս-Կիւզէլ տէրէ, ապա Էրզրում-Երզնկա:
Վերջին անգամ՝ ասկէ երկու երեք շաբաթ առաջ եղած էր նա Երեւան, մտած էր «Աշխատանք»ի խմբագրատուն, մի քանի մտերմական ինքնայատուկ յիշոցներ էր տւած իր թոռնիկներուն եւ ապա կրկին դէպի Երզնկա, ուր հասնելէն քանի մ'օր յետոյ իր մահւան բօթն է որ կուգայ ահա:
Կայծակ-Առաքելը տաղանդաւոր խմբապետ չէր, հասարակական կեանքի մէջ ակնյայտնի դեր մը կատարելու ընդունակ գործիչ մ'ալ չէր, բայց որ անկասկած նա պարտաճանաչ զինւոր, սիրւած եւ յարգւած ռազմիկ, քաղցրախօս եւ անուշ ընկեր մ'էր եւ ամբողջ 23 տարի շարունակ հաւատարիմ մնալով իր ուխտին՝ իր արժանի տեղն է բռնած մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, այդ ամեն տարակոյսէ վեր է:
Վանի երիտասարդները չեն կարող մոռնալ մասնաւորաբար իրենց «աղա»ն («աղա» մակդիրը անբաժանլի տիտղոսն էր Առաքելին. ինքն ալ կ'ախորժէր այդ բառէն: Ի՞նչու չէ, եթէ Անդրանիկ, Սերոբ, Արամ «փաշա» էին, Գէորգը «չաւուշ» էր, Եփրեմ «խան» էր, մեր Առաքելն ալ «աղա» պիտի լինէր):
Ո՞վ կրնար մի րոպէ իր մտքէն հանել այն անմոռանալի ընկերական հաւաքոյթները, երբ «Աղան» «Փաշայ»-ի արտօնութեամբ կամ, շատ անգամ առանց կարեւորութիւն իսկ տալու անոր, «բարի լոյս» (իր պարօլն էր օղիի համար) կոնծելու կերթար ջահէլ-ջուհուլներուն հետ, երբ կըսկսէր պատմել երկար երկար անկեդոտներու եւ էպիզոդներու անսպառելի շարքը, խառնելով միշտ անխուսափելիօրէն իւրայատուկ յիշոցներ:
Եւ ո՞վ կրնար ենթադրել, որ կազմւածքով այդ խիստ փոքր, աշխոյժ, միշտ թարմ ու կենսուրախ Առաքել-աղան այդպէս անսպասելի կերպով մեզ կը դնէ իր մահւան անդարմանելի կսկիծին առջեւ...
Յարգանք իր անմոռաց յիշատակին: Ողջ մնացողները կը շարունակեն հայի ազատագրութեան մեծ գործը, սերունդնէ սերունդ, կտակելով միշտ բարձր պահել իր եւ հազարաւորներու պաշտած դրօշակը:
Կայծակ Առաքելի Յուղարկաւորութիւնը
Կարին, 13 մարտի
Անցեալ կիրակը հողին յանձնւեցաւ յայտնի կռւող Կայծակ Առաքելի մարմինը, որ թաղումէն երեք օր առաջ հոս հասած էր:
Դագաղին ուղեկցողներուն թիւը աւելի քան երեք հազար էր, որուն կառաջնորդէին Նպաստամատոյցի որբանոցի մանուկները եւ երեք հատ ծաղկեպսակներ սեւագծած շղարշներով:
Թաղման արարողութիւնը կը կատարէին Էրզրումի հովիւ Արսէն քահանայ եւ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զաւէն վարդապետը:
Ողբացեալ ընկերոջ քրոջը դռնէն շարժելով թափօրը անցաւ Կեօլ-պաշի փողոցէն եւ յետոյ դարձաւ դէպի եկեղեցի, որուն մատրան մէջ կը կատարւէր պատարագի խորհուրդը (տակաւին հայոց եկեղեցին փակ կը մնայ):
Պատարագի աւարտումէն յետոյ եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ կարգ կատարւեցաւ. դամբանական խօսեցաւ Զաւէն վարդապետը, որմէ յետոյ մի քանի խօսքերով հանգուցեալին կեանքը դրւաետ զինւորական մը՝ պ. Նշան եւ թափօրը շարժւեց դէպի գերեզմանատուն ու կանգ առաւ Արամեանի, Թոփչեանի եւ Տուրբախի գերեզմաններուն քով, ուրտեղ պատրաստւած էր գերեզմանը:
Թաղումի արարողութիւնը աւարտելուց յետոյ յաջորդաբար խօսեցան Լանիս, Ղամարեան, Միրզայեան, Բալասբէկեան եւ Վահագն:
Դրամական հանգանակութիւն սկսուած է յօգուտ մեր ողբացեալ ընկերոջ ընտանիքին:
Կայծ
«Հորիզոն», Թիֆլիս
Հինգշաբթի, 23 մարտ, 1917