25 April, 2025

Ցրօնք Գիւղի Ընդհարումն ու Հրկիզումը

Հայոց թագաւորութիւնը եւ իշխանութիւնը դադրելէ ետքն իսկ, Տարօնի աշխարհն ու ժողովուրդը միշտ կառչած են իրենց նախահարց՝ Մամիկոնեաններու ուխտին եւ հաւատամքին.- «Քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր, եւ մի՛ տեսցեն աչք մեր, կոխան ոտից պղծալից լքեալ զարթարանս մեր»:

Հարիւրաւոր տարիներ եւ դարեր սոյն ուխտն ու հաւատամքը Տարօն աշխարհի ժողովուրդի սրտի եւ հոգու մէջ էին: Տարօնցի մայրը իր զաւակը կը ծնանէր եւ կը սնուցանէր հայ ազգի ազատութեան եւ ազատագրութեան համար մինչեւ 1915-ի սեւ տարին, երբ քանդուեցան եմր օճախները. եղանք հայրենազուրկ եւ ցրուեցանք աշխարհի զանազան մասերը, օտար, թափառական եւ զրկուած մեր սուրբ ու սերսուպ աշխարհէն՝ Տարօնէն:

Արդարութեան եւ ճշմարտութեան սիրոյն պէտք է ըսել որ Տարօնը հայ ազգասիրութեան եւ ազատագրութեան վառարանն ու լոյսն էր, անմարելի կեանքն ու ջերմութիւնը, ուր պիտի գային բոլոր այն պզտիկ ճրագները որ սնած ու լեցուած էին հայ ազգային սիրով եւ նուիրումով: Գրեթէ մեր օրերուն, 1840-էն ի վեր, կը յիշուին յեղափոխական եւ ազգասիրական դրուագներ Տարօնոյ աշխարհին մէջ, եւ թարմ են անունները տակաւին: Յորկնոցայ Խալիֆա Յակոբին, Մարգար Վարժապետին, ահաբեկցնող Լեուն Արապօին եւ իր կտրիճ ընկերներուն, որոնց նշանաբանն էր հայ ազգը ազատել գերութենէ եւ ձեռք բերել մեր արդար ազգային իրաւունքները:

Այդ օրերուն ոչ հայ Հնչակեան կազմակերպութիւնը եւ ոչ ալ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը անուն եւ գոյութիւն ունէին:

Տարօնը իր ձագուկներով միշտ կատարած է գերմարդկային ջանքեր եւ զոհողութիւններ (ինչպէս նաեւ հետագային յիշեալ երկու կազմակերպութեանց հաստատուելէն եւ երեւան գալէն ետք) եւ դժբաղդաբար սակայն այժմու քաղաքակիրթ աշխարհը ոչ թէ միայն չգնահատեց եւ չպահանջեց արդարութիւն մարտիրոս հայ ազգին համար, վայրենաբարոյ եւ գազանաբարոյ Թուրքէն, այլ մեր անմեղներու եւ արդարութիւն պահանջողներու արեան փոխարէն ունեցան շահեր եւ գոցուեցան դռները րիենց խիղճերուն ու արդարադատութիւններուն. եղան միայն վատամիտ հանդիսատեսներ:

Չկան այսօր պատմական Հայաստանը եւ դիւցազնական Տարօն աշխարհն ու իր ժողովուրդը, սակայն կ'ապրին եւ պիտի ապրին դարերով այդ ժողովրդի մեծութիւններն ու յիշատակները:

Ճիշդ 50 տարի առաջ (126 տարի՝ 2025-ին) 1899-ին Տարօնոյ աշխարհն եկած էր Գուրգէն (Պաղտասար Մալեանց, կովկասահայ), Մուխսի Իկիթեան Տիգրանի հետ, որուն յանձնուած էր գործը՝ Ռուսաստանէն զէնք փոխադրել երկիր: Ասոնք կը հասնին Ախլաթի շրջանը Սերոբ Աղբիւրին քով եւ յետոյ կը մեկնին Տարօնոյ շրջանը գործելու, որոնց կը միանան Ախլաթցի Նշանը, Յուրուխ գիւղացի Փարսանդը, Յախճան գիւղի տէրտէրին տղան Ռուբէն, Վարդոցի Պաղտասարը եւ երեք ուրիշ ազգանուէր Տարօնցիներ, որոնց անունները չեմ յիշեր: Այս խումբի ներկայութիւնը Տարօնոյ ժողովրդի ազգասէր զգացումները կը հրահրէ: Թուրք կառավարութիւնը կը տեղեկանայ եւ կը հետապնդէ զանոնք խիստ կերպով: Պիթլիս կը բերուի Կռտան Ալայ Պէյը, որ իր հետապնդութեանց մէջ կը յաջողի Ցրօնք գիւղի մարագի մը մէջ պաշարել սոյն անձնուէրները, միայն 9 հոգի, պաշարուած 4 կամ 5 հազար զօրքերով եւ քիւրտերով. փոխանակ կռուով զանոնք բռնելու, թրքայատուկ վատ եւ տմարդի գործերով, քարիւղներ կը գործածեն եւ խոտալից մարագը կը բռնկի, ճարճատիւնները լեցնելով երկինքը:

Հայ ֆէտայիները սակայն իրենց հրկիզուած մարմիններով մինչեւ վերջին վայրկեան մարագէն դուրս գալով կը կռուին եւ կը սպաննեն իրենց թուոյն քառապատիկը. կը սպաննուի Տիգրան Իկիթեանի գնդակով անուանի եւ կառավարութեան պաշտօնեայ Տալիպ Էֆէնտին: Արագավազ Գուրգէնը քիչ մ'աւելի երկար կը կռուի մինչեւ որ իր ալ հրկիզուած մարմինը կոչնչանայ: Կը նահատակուին 8 անձնուէրներ եւ անբացատրելի հրաշքո մը կ'ազատի միայն Ցրօնք գիւղացի Պղտօն:

Կը պատմէին որ Գուրգէն մեծահարուստ ծնողաց մէկ հատիկ զաւակն էր, եւ իր ծնողաց խնդրանքն ու աղաչանքները Գուրգէնի քով անօգուտ կը մնան նախքան իր երկիր անցնիլը: Ծնողքը կը դիմեն Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան եւ կ'առաջարկեն վճարել Գուրգէնի ծանրութեամբ ոսկի, եթէ ետ կեցնեն զինք երկիր ղրկելէն, ինչ որ դարձեալ արդիւնք չ'ունենար եւ ազգանուէր Գուրգէնը կ'անցնի երկիր եւ իր սիրած ազգին համար կը նահատակուի:

Նահատակներու հրկիզուած եւ ջախջախուած մարմինները եզնասայլով բերուեցան Մուշ, եւ երեք օր կառավարութեան շէնքին առաջ մնացին ցուցադրութեան համար եւ յետոյ յանձնուեցան Հայ Առաջնորդարան՝ թաղուելու համար:

Սեւցած էր երկինքը եւ սգաւորուած Տարօնոյ ժողովրդի սրտերը, բայց սովոր էին տոկալ նման ցաւերու: Թաղումի կարգը կատարուեցաւ Մշոյ Ս. Մարինէ եկեղեցւոյ մէջ եւ անոնց հրկիզուած աճիւնները ամփոփուեցան մէկ մեծ գերեզմանի մէջ, դրուած քով ովի, Սաղքի Դուրան անուանուած բարձունքին գրեթէ գագաթը, որպէսզի անոնք իրենց անշնչացած բայց յաւիտենական աչքերով կրնան տեսնել իրենց սիրած եւ պաշտած Տարօնոյ որբացած դաշտն ու գիւղերը եւ Մուշ քաղաքը:

Թուխմանուկ էր այլեւս անոնց շիրիմները Տարօնցիի համար եւ ամէն անցորդ ծունկի գալով եւ խաչակնքելով կ'անցնէր:

Հրաշքով ազատուող եւ հրկիզուած Պղտօն ենրկայացաւ Սերոբին եւ Աղբիւրը լալախառն աչքերով ըսաւ.

«Թուխ թուխ աչքերդ կռունկ,
Ճերմակ տօշերդ կռունկ.
Եկեր ես առջեւս կայներ ես,
Կուրցած աչքովդ եկեր ես,
Ինը գնացիր մէկ երկար,
Արդեօք ընկերքդ ի՞նչ եղան»:

Սենեքերիմ Մարգարեան
«Ասպարէզ», Ֆրեզնօ
ԽԲ. Տարի, Թիւ 2450