1878-ին, Գնունին, տակաւին տասներեք տարու պատանի, իրենց տան մահն ու հովւական ցուպը ձգելով, Վասպուրականի Է. գիւղէն կանցնի Վաղարշապատ, իր հօրեղբօր հովանաւորութեան ներքեւ կրւելու եւ ուսում առնելու:
Երեք տարիէն ծխական դպրոցը կ'աւարտէ եւ կը յաջողի մտնել Գ. Ճեմարանը, որ իր փայլուն շրջանին մէջն էր այն ատեն:
Դպրոցական տարիներուն մէջ արդէն աչքի սկսաւ զարնել իր բնոյթը յատկանշող գործերը – յանդգնութիւն, անկախութեան ոգի եւ խանդավառ յա'շտակութիւն պաշտած գործով:
Հո՛ն ուր ընդդիմադրութիւն մը կամ ցոյց մը պէտք էր վարչութեան դէմ, հո՛ն ուր խիզախ կամք մը եւ մարմնի ճարպիկութիւն կը պահանջւէր, հո՛ն ուր ընկերոջ օգնութեան հասնիլ պէտք էր – հո՛ն առաջինն էր Գնունին:
Գիւղական կեանքը, Ճեմարանի ընկերական նիստուկացը պարզութեան ու անկեղծութեան խոշոր կնիք մը կը դնեն իր վրան. Գնունին իր կեանքին մինչեւ վերջինօրը կատաղի թշնամի կը մնայ կեղծիքի եւ ձեւակերպութիւններու: Եւ համարձակօրէն կարելի է ընել որ իր այդ յատկութիւններուն կը պարտի ինչպէս իր ընկերները նոյնպէս իր կեանքին բոլոր ձախորդութիւնները:
Սամաթիացիներու Հերոսական Կռիւը |
Իսկ անոնք 1886-էն կըսկսին:
Ճեմարանի մէջ սկսած աչացաւի համաճարակ մը կըստիպէ Գնունին վերջնապէս հեռանալու այդ հաստատութենէն, որու վարիչներու աչքին փոշն եղած էր արդէն:
Գնունիին ուզածն էր. չի վարանիր. գիտէ իր ընելիքը: Գիւղացին – որ մեծցած էր քաղաքի աղմուկներէն հեռու ճեմարանի մենութեան մէջ, հանրային գործունէութեան իդէալներով ոգեւորուն միջավայրի մը մէջ,– ո՛չ միայն մոռցած չէ իր գիւղը, այլ հիմա գիտակից սիրով մը կապւած կըզգայ ինքզինքը իր բնագաւառին հողին եւ մարդուն հետ:
Կը դառնայ իր գիւղը եւ կը ձեռնարկէ գործի. գիւղացիք իր յորդորով կը բանան վարժարան մը, ուր Գնունին կը փորձէ ժողվել իր նախկին բախտակիցները՝ պզտիկ խաշնարածներ:
Բայց երկար չի տեւեր ադ. տարի մը չանցած իշխանները կըստիպեն զինքը հեռանալու գիւղէն: Պատճա՞ռը. պատճառը պէտք է փնտռել բոլոր այն տարրերուն մէջ որոնք Գնունիի խառնւածքը կը կազմէին:
Հետագայ դէպքը, որ քիչ մը ետքը կը պատահի Պոլսի մէջ, բաւական բան կը պարզէ:
Գնունին ուսուցիչ եղած է Գատը-գիւղի ազգային վարժարանին:
Կիրակի օր մը եկեղեցիին բակին մէջ կը մօտենայ իրեն՝ գիւղին «մեծ աղային» Աբիկ Ունճեանի հացկատակներէն մէկը եւ բարձր ու հրամայական ձայնով մը – Միւսիւ, կ'ըսէ, գիտէք, որ Աբիկ Էֆէնտին գաւազան գործածելու դէմ է. իսկ դուք հակառակի պէս ատանկ այլանդակ «չօպանի» մահակ մը առեր ու եկեղեցիին բակին մէջ իր քթին տակը կը պտտցնէք: Շա՜տ շատ բարկացեր է. պատւիրեց, որ ալ ձեռքերնիդ չառնէք:
–Ինձի նայէ, պարոն, էֆէնտիիդ բարեւ ըրէ եւ ըսէ, որ իրեն չվերաբերած գործին մէջ քիթը չխոթէ: Հասկցա՞ր:
–Խելքդ գլուխդ ժողվէ՛, միւսիւ, չէ նէ դպրոցէն ճամբել կուտամ քեզի:
–Դուն կերեւայ թէ մարդ չես տեսեր դեռ, յիմա՛ր, այս գաւազանից կէսը գլխուդ կը ջարդեմ, կէսն ալ եկեղեցիին բակին մէջ կը թաղեմ, ու ետքը կերթամ ասկէ:
Բնական էր որ հետեւեալ օրը դպրոցին դուռը գոցւած էր իրեն համար:
Գնունին Պոլսի թաղերուն շրջանը կըսկսի յաջորդաբար. մէկ տարւան մէջ միջին հաշւով երկու տեղ կը փոխէ. ուր որ կ'երթայ նոյն կրակոտ ոգին է որ միշտ նեղ կը գտնէ զինքը շրջապատող մթնոլորտը: Իր բուն յանցանքը – եթէ յանցանք է – իր արժանապատւութեան եւ պաշտօնի գիտակցութիւնն է, աղա-հոգաբարձական ռեժիմի դէմ անողոք մաքառումը, ու մերկ անկեղծութեամբ դատափետումը այն ամէն բանի, ինչ որ իր աչքին կեղծ, սուտ էր կամ սխալ:
93-ին Ռոտոսթոյ պաշտօնի կո կոչւի Անդրէասեանի (Սուրէն) հետ:
Իր մտերիմներու կարծիքով ա՛լ հանգիստ պիտի ըլլար Գնունին իր պաշտօնակիցները ամենքն ալ իրար հասկցող, իրենց գործին հաւասարապէս գիտակ ու կարող էին:
Մանկավարժական անօրինակ գործունէութիւն մը սկսած էր: Աս ալ շատ չի տեւեր սակայն. քանի մը ամիսէն փոթորիկը կը պայթի՝ հիմնայատակ կործանելու նոր սկսած գործը:
Հմայեակ եպ. Դիմաքսեան – այն ատեն առաջնորդ Ռոտոսթոյի – չի կրնար հանդուրժել այդ մարդիկը, որոնք ոչ միայն իրմէն աւելի յարգանք կը վայելէին ժողովւորդէն, այլ պատճառ եղած էին եկեղեցիին հասոյթները առաջնորդին քսակէն դպրոցին դարձնել տալու:
Դիմաքսեան նախ կը փորձէ երկդիմի քարոզներով նորեկները հարւածել: Չի յաջողիր: Լուր տարածել կուտայ այն ատեն կառավարական շրջանակներու մէջ թէ ազգային վարժարանի ուսուցիչները կովկասցի յեղափոխականներ են եւ առաջնորդին համար ալ կասկածելի մարդիկ:
Ձերբակալւելու վտանգին տակ՝ Գնունին, Անդրէասեանը եւ ընկերներ, այլ եւ այլ ճամբաներով, կծիկը կը դնեն գիշերանց Ռոտոսթոյէն:
Ռոտոսթոյի ձախողանքը չի վհատեցներ Գնունին. արդէն հաշտւեր էր իր աստղին հետ, որ թափառալած կը պտտցնէ զինքը մէկ տեղէն միւս տեղ:
Այդ կեանքը կը յարմարէր իր խառնւածքին, որ միշտ յուզումներու հետամուտ՝ թերեւս ցամքէր հանդարտ գործունէութեան մը մէջ:
Ուսուցչութիւնը յագուրդ չէր կարող տալ անոր հոգիին. եթէ կը հաւատար թէ նոր սերունդը պատրաստել պէտք էր ապագայի յամառ կռիւներու համար, ինքզինքը չէր կարող չէզոքացնել յեղափոխական ժամանակակից շարժումէն, որուն անհրաժեշտութիւնը, որուն ծագում տւող պարագաները ո՛չ միայն տեսած, այլ եւ իր մորթին վրայ փորձած էր: Վասպուրականի յիշողութիւնները չէին կարող ջնջւիլ իր մտքէն. ի՛ր ընտանիքին պատմութիւնը թոյլ մանրանկարն էր ահաւոր իրականութեան մը:
Եւ զարմանալի չէ որ Գնունին առաջիններէն մէկն եղաւ, որ ձեռքը կը կարկառէ Դաշնակցութեան դրօշը բարձրացնելու Պոլսի մէջ:
Այդ օրէն Գնունին ուրիշ կեանք չ'ունենար, իր ամբողջ հոգին ու միտքը ատով զբաղւած է:
Դպրոցէն դուրս Գնունին փնտռելու էր սրճարաններուն մէջ կամ պարտէզներուն խորը՝ բան գործ ըրած սթափեցնելու, ոգեւորելու իր շուրջը հաւաքւած արհեստաւորները, խանութպանները, որոնք առաջին անգամ կը տեսնէին վարժապետ մը, որ ո՛չ թէ գինիի կամ օղիի գաւաթներ կուգար պարպելու հոն, այլ բացատրելու հարստահարւածին եւ ճնշւածին՝ իր իրաւունքները եւ անոնք կորզելու կերպը աշխարհի մեծերու ճիրաններէն:
Եւ մինչ Անդրէասեանը (Սուրէն) առաւելապէս «ուսեալ»-ներու շրջանին մէջ կը նետէր իր ցանցը, Գնունին գաղափարի սերմերը կըցանէր աւելի լայն տարածութեան մը մէջ, ժողովրդի հասարակ կոչւած այն խաւերուն, որոնք մեր յեղափոխական կեանքի անհատական գործունէութեան հրաշալի տիպարները արտադրեցին, որոնց անունները՝ շատերուն անծանօթ, մեր ժողովրդի բարոյական բարձրութեան ամենէն պերճախօս ապացոյցներն եղան:
Ռոտոսթոյէն դարձնի ա՛լ աւելի մեծ ծաւալ ստացաւ իր գործունէութիւնը, երբ յաջողեցաւ Սամաթիոյ վարժարանին մէջ ուսուցչի պաշտօն գտնել:
Զուգադիպութեամբ մը՝ Դիմաքսեան, որ ռոտոսթոցիներու զայրոյթէն փախած էր, քարոզիչ կը նշանակւի նոյն թաղին:
Կռիւը անխուսափելի էր. Գնունին մոլեգնաբար առաջ կը նետւի:
Սամաթիոյ պաշտօնէութիւնը կը սարսափի: Չի կրնար տանիլ այդ կատաղի մարդը, որ առաքեալի մը հեղինակութեամբ նոյն քանակով կը չափէ ու կը ձեւէ եպիսկոպոսին վեղարը, թաղականին սին ամբարտաւանութիւնը, հոգաբարձութեան անտեղի յոխորտանքը, պատրիարքարանի «խոհեմ» ընթացքը, Մարդասպանին հայկործան սիստեմը:
Հրաժարագիր մը կը հասնի իսկոյն: Գնունին կը խնդայ: Ո՜ւշ էին մնացեր: Դպրոցէն կրնային հրաժարեցնել, բայց թաղէն ո՛չ: Իր բոյնը արդէն շինած էր Սամաթիոյ մէջ: Տուները բաց էին իր առջեւ ամենքը սիրով ու համակրանքով կ'ընդունէին այդ երիտասարդը, որ զարմանալի կերպով լծորդած էր իր մէջ արեւելեան դերվիշի յատկութիւնները եւրոպական կենցաղագիտութեան հետ: Սամաթիան ա՛լ իրենն էր, Սամաթիոյ յեղափոխականները իր որդեգիրներն եղան:
Եւ բան մը, որ պատիւ կը բերէ այդ թաղին եւ անոր արհեստաւոր դասակարգին, այն պարագան է, որ Գնունին երկար ատեն անծանօթ կըմնայ նոյն տեղի ոստիկանութեան, հակառակ իր զարմանալի յանդգնութեան որով յեղափոխական շարժումներու մասին կը խօսէր ու կը վիճաբանէր հանրային վայրերու մէջ եւ հոն իսկ կը բաժնէր «Դրօշակ»-ի թիւերը խումբի տասնապետներուն:
95-ին կը ձերբակալւի պարզ կասկածով մը: Իր վրայ բան մը չկրցան ապացուցանել: Հիւսնին, ոստիկանութեան որջի արիւնարբու գազանը, իր սուր հոտառութեամբը Գնունիին մէջ զգաց իր որսը: Զնդանը եւ անօթութիւնը, իբր միջոց, հետեւանքի մը չբերին. բայց Հիւսնին իր ճիրաններուն մէջ կը պահէ զինքը, մինչեւ ապացոյց մը ձեռք անցընէր:
Գնունին ոչ միայն չի վհատիր, այլ պարապ ալ չի կենար: «Շահէն ի վանդակի» ստորագրութեամբ նամակներով վրէժի ու գործի կը մղէ իր ընկերները:
Վեց ամիսէն կ'արձակւի զօրաւոր միջնորդութեան մը շնորհիւ: Բանտէն կատղած դուրս կ'ելլայ. միտքը դրած է ալ չկենալ Պոլիս, այլ երթալ Վասպուրական եւ իր հին տենչը իրագործել – հրոսակներու խումբ մը կազմել: Բայց շատ բան փոխւած կը գտնէ իր շուրջը. յեղափոխական գործունէութիւնը խոշոր քայլեր կատարած էր. տեղական կօմիտէները՝ Ռումբ, Սիւնիք, Շանթ, Զոհ, Ապուպելճ ձեռք ձեռքի տւած յեղափոխական ցանցով մը ապտած էին Պօլիսը: Գնունին կ'ոգեւորւի, չ'ուզեր բաժնւիլ իր ընկերներէն եւ կ'անդամակցի Զոհին:
Բանտէն ելլելուն առաջին գործը կ'ըլլայ ընկերներուն հաղորդել բանտին մէջ իր քաղած նորանոր փաստերը եւ տեսածները ոստիկանութեան քօմիսէր Հաճի Տիգրանի կատարած գձուձ դերի մասին եւ տէրրօր պահանջել անոր դէմ. բան մը որ կը կատարւի 2 յունիս 95-ին: Այս անգամ Գնունին պաշտօն կը գտնէ Ազգային Որբանոցին մէջ: Գթութեան այդ յարկին տակ կը գտնէ մատաղ մարդկութիւն մը երեսէ ձգւած, իր ճակատագրին թողւած: Սուր նայւածքով հասու կըլլայ որ այդ սրբենի կեանքերը մութին մէջ տեսակ մը առուտուրի ապրանք են մարդկային գազանական կիրքերու: Հոդ կըսկսի նոր կռիւ մը: Մարդկեղէն ահագին վոհմակ մը ունէր իր դիմաց:
–Պիտի յաջողիմ...:
Եւ կը յաջողի Որբանոցը փոխդրել Հիւանդանոցէն անջատ տեղ մը. որբերը ինքզինքնին կը գտնեն ուրիշ աշխարհ մը ուր մարդը գազան չէ... Յաջողեցաւ, բայց ամբողջ Հիւանդանոցը իր դէմ զինւեցաւ իր խաւարային զէնքերով. գաղտնի դաւեր նիւթեցին, ամբաստանութեան չարաշշուկ զրոյցներ ցանեցին ամէն կողմ:
–Գնունին դաշնակցական է.
–Գնունին բարձին տակ ատրճանակ կը պահէ:
Հոգաբարձութիւնը սարսափահար՝ իր սրբաքննութեան ատեանը կը կանչէ Գնունին. առաջին ամբաստանութեան համար չի համարձակիր բերան բանալ. և բոլոր ուժը կը թափէ ատրճանակի խնդրին վրայ: Ատրճանա՜կ. ի՜նչպէս կրնայ ներւիլ այդպիսի յանցանք մը, մանաւանդ Որբանոցին մէջ, ուր քանի մը կտոր միս ու քանի մը գունտ հաց կը խրկւի «բարեխնամ» կառավարութեան կողմէ՝ գողերու ու աւազակներու փորը կշտացնելու համար:
–Իրա՞ւ է, պ. Գնունի, որ բարձերնուդ տակ ատրճանակ մը կը պահէք:
–Այո՛, ոչ միայն բարձիս տակը, այլ եւ մէջքս:
–Պապը-Ալիի կոտորածին օրը, երբ դուք ամենքդ ալ պահւըտած էիք, մենք Որբանոցին տղաքը բիրերով միայն կրցանք զինել ինքզինքնին պաշտպանելու համար: Իսկ ես բոլոր յոյսս դրած էի ռեվօլվէրիս փողին ու գնտակներուն վրան:
–Ոչ՛, պ. Գնունի, ձեր ատրճանակը պարզապէս դաւաճանութիւն մըն է Որբանոցին մէջ, եւ հոգաբարձութիւնս չի կրնար ներել:
–Ձեր կարճ խելքին ըմբռնումն է ադ: Ես ատրճանակ պիտի ունենամ միշտ եւ եթէ դուք անփոյթ էք տակաւին մէյ մէկ հատ ունենալու, ամօ՜թ ու վա՛յ ձեզի. կը ցաւիմ վրանիդ:
Այդ դէպքէն քանի մը օր ետքը Գնունին Որբանոցէն դուրս կ'ելլէ ոստիկանութեան յանձնւելու սպառնալիքին տակ: Բայց հոգաբարձութիւնը խոհեմութիւն կը համարի վճարել անոր տարեկան ամբողջ թոշակը – Պոլսի մէջ չտեսնւած բան մը – իր օձիքը ազատելու համար այդ «վտանագաւոր» մարդէն:
Դաշնակցութիւնը իր տենդոտ գործունէութեան մէջն էր այդ միջոցին. օգոստոս 14-ի պատրաստութիւնները կը տեսնւէին:
Գնունին հիմա իր ամբողջ ժամանակը – որուն մէկ չնչին մասը միայն կը գրաւէին իր մասնաւոր դասերը – նւիրեց գործին. օր մը Սամաթիա, օր մը Իւսկիւտար օր մը Բերա, շարունակ իր խումբերուն հետ կ'անցընէր իր ժամանակը:
Յունիս 3-ի կախաղանները իր դառնութեան չափը լեցուցին: Գնունին վճռին գործադրումէն քանի մը օր առաջ առաջարկեց Կեդր. Կօմիտէին ռմբակիր խումբի մը գլուխն անցած՝ սատկեցնել դահիճները, խորտակել կախաղանը եւ տղաքը ազատել: Գնունիի առաջարկը, որ շատերուն ակ տենչն էր, կարելի չեղաւ իրագործել. պատրաստութիւնները վերջացած չէին, կը վախցուէր ամբողջ գործ մը գահավիժել:
Անկէ ետք Գնունին բոլորանւէր խրւեցաւ իր նոր ստանձնած գործին մէջ – պատրաստելու Սամաթիոյ կռիւը, որուն ծրագիրը մշակած էր ինքը Սուրէնի եւ Միսակեանի հետ: Ալ կը հանդարտի, ինքն իր մէջ ամփոփւած. ամփոփւած մանաւանդ գնդակի, ուժանակի եւ ռումբերու իրեն այնքա՜ն սիրելի զբօսանքին մէջ:
Յուլիսէն սկսած մինչեւ դէպքին օրը ցանցառ կերեւնայ իր բարեկամներուն. Սամաթիայէն դուրս կելլայ կօմիտէներու արտասովոր ժողովներուն ներկայ ըլլալու միայն: Օգոստոս 13-ի իրիկունը՝ վերջին ժողովէն դարձին, ուրախ ուրախ իր վերջին մնաք բարովը կըսէ բոլոր իր ընկերներուն, ամենուն հետ ալ համբուրւելով:
Նոյն օրը հետեւեալ երկտողը կը գրէ իր մէկ մտերիմին.
Սիրելիդ իմ,
Վաղը հայրենիքիս օրն է... Ազատութեան ոգին թեւերը բաց՝ անհամբեր ինձի կըսպասէ: Ներէ՝ որ առանց քեզի կանխաւ լուր տալու, վերջնական որոշումս տուի: Հարսնիքիս շաքարը կ'ընդունիս:
Գնունին պատրանքի մէջ չէր:
Կըզգար իր քայլին օրահսաական ելքը. Չընկրկեցաւ: Կռւին առտուն կանուխ ելաւ. գիտէր թէ իր վերջին օրն էր. բայց մահւան հանդէպ չկորսնցուց իր պաղարիւնը: Սովորականէն շատ երկար զբաղեցաւ իր արդիւզարդով. կարծես հարսնիքի կը պատրաստւէր իրօք:
Սամաթիոյ մէջ սկսւելիք կռւէն առաջ վերջին ժողով մը որոշած էին ընել Միսակեաններու տան մէջ:
Կռւին ղեկավարները՝ Գնունին, Անդրէասեանը, Միսակեան եւ Արապեան, առտւան ժամը 7-ին կը պատրաստւէին արդէն ժամադրավայրէն մեկնելու, ամէն մէկը իր կռւի դիրքը գտնւելու համար, երբ յանկարծ Միսակեաններու տունը պաշարւեցաւ:
Իրապէս Գնունին ձերբակալելու եկած էին: Տանջանքի տակ կորզւած խոստովանութիւն մը այդ անունը տւած էր իբր պետ մօտալուտ խռովութեան մը...
Չորս քաջերուն կը մնար անձնատուր ըլլալ կամ մեռնիլ:
Բայց անոնք արդէն մահը կը փնտռէին. Չշփոթեցան. նախկին ծրագիրը ա՛լ անիրագործելի էր. որոշեցին պաշտպանողական դիրք բռնել, հաղորդել կռւի միւս կէտերուն իրենց կացութիւնը եւ անխախտ պահպանելով որոշումը՝ կռիւը միայն կէսօրին սկսիլ: Գնունին հեգնոտ քաղաքավարութեամբ մը կը յայտնէ պաշարող ոստիկաններուն, թէ կէսօրին անձնատուր պիտի ըլլայ:
Անյչափ մեծ էր հայ յեղափոխականի ազդած սարսափը, որ ոստիկանները չեն համարձակիր բռնութիւն իգործ դնել եւ ապո՜ւշ ապո՜ւշ կը կենան տան առջեւ 5 ժամէն աւելի, սպասելով որ կէսօրին Գնունին կամովին անձնատուր ըլլայ:
Կէս օրէն կէս ժամ անց՝ Գնունին կը նետէ առաջին ռումբը, որուն կը պատասխանէ իսկոյն Լէպլէճի փողոցին ռումբը...
Կըսկսի կռիւը, ահաւոր, իր տեսակին մէջ անօրինակ, ոչ ինքնապաշտպանութեան, այլ ահաւոր բողոքի մը...
Գնունին գլխաբաց՝ մէկ ձեռքը ռէվօլվեր, միւսը ռումբ, վրէժխնդրութեան ոգիի պէս կերեւնայ պատուհանին առջեւ սեւ մուխին ու խլացուցիչ որոտներուն մէջ: Իր ռումբերը շանսատակ կը փռեն Դահիճին զինւորները, իր դառն ու նախատալից խօսքերը ահարկու ձայնով մը ուղղւած Մարդասպանին՝ սոսկում ու կատաղութիւն կ'ազդեն ներկայ բարձրաստիճան զինւորականներուն:
Ոչ թէ սպանել կ'ուզեն զինքը, այլ ողջ-ողջ բռնել:
Հիւսնին ալ կը վազէ կուգայ Սամաթիա, կը կանգնի վարը փողոցին մէջ, պատուհանին առջեւ. շան պէս կըսկսի քծնիլ Գնունին որսալու համար. «հայրագութ» սուլթանը պիտի ներէր իրեն ու պատիւներ ալ պիտի տար...
–Դուն չէ՞իր, գազան, որ 6 ամիս չարչրկեցիր ինձի բանտին մէջ: Քեզ ալ կը ճանչնանք, խօսքերդ ալ կը հասկնանք: Գնա՛, պատմէ՛ տեսած Եըլդըզի Դահիճին եւ ըսէ՛ որ աս նախերգանքն է ըլլալիքին: Անձնատուր ըլլա՜րլ, հա՛, հա՛, հա՛... մեր դիակները կը ստանաք, բայց մեր մահը ձեզի շատ սուղ պիտի նստի... Համիդին գահը պիտի տուժէ հայ ժողովուրդին չարչարանքները...
Հիւսնին ինքզինքը կ'ուտէ, բայց ի՞նչ կրնայ ընել սուլթանին բռնակալ ուժը չի հասնիր մինչեւ այդ պատուհանը: Տղաքը կը մերժեն որ եւ է բանակցութեան մտնել զինւորականներուն հետ, առանց դեսպանական թարգմաններու:
Մնացածը ծանօթ է արդէն:
18 ժամերու դիւցազնական կռւէ մը ետք, երբ ո՛չ յոյս կը մնայ, ո՛չ ռազմամթերք, չորս քաջերը կորոշեն ինքնասպան ըլլալ: Գնունին կըսպասէ այդ որոշումին ալ գործադրումին... կը տեսնէ իր շուրջը իր սիրելի Սուրէնի վերջին ջղաձգութիւնները մօրֆինի ազդեցութեան տակ, ականատես կըլլայ Միսակեանի եւ Արաբեանի հեգեւարքին... վայրկան մըն ալ՝ կը նետէ իր վերջին ռումբը զինւորներուն շարքի մէջ եւ ռէվօլվերի փողն ալ կուղղէ իր բերանը...
Գնունին կռւողներու առաջինը եւ մեռնողներու վերջինն եղաւ:
***
Պալըքլըի հանգստարանին մէջ՝ պարզ հողակոյտ մը, որ մարդկային յարգանքի ո՛չ մէկ նշանը կը կրէ իր վրան – նախանձոտ գուրգուրանքով մը կը պահէ ոսկորները այդ քաջերուն, որոնք գիտցան արհամարհել մահը՝ կեանքի հաճոյքը պարտքի կատարումին մէջ որոնելով:
Բուսական կեանքի մէջ գետնաքարշ՝ հոգիով եւ մտքով թզուկները անկարող էին եւ անկարող եղան այդ դիւցազնական քայլը ըմբռնելու:
Բայց թշնամի մը, Միսակեաններու տունը պաշարող զինւորներուն հրամանատարը, սքանչացումով կը հաստատէր որ եթէ հարիւր Գնունի ըլլային հոն, իրենք ամօթապարտ ետ դառնալու պիտի հարկադրւէրին:
Այդ գնահատումը ա՛լ աւելի կարժէ. Բայց Գնունիի աճիւնը կրնայ խաղաղ մնալ:
Հայ նախճիրներու դաշտին մէջ ալ կը վերսկսի շարքը նոր հերոսներու, ոորնց թիւը պէգէօն է, որոնց նշանաբանը՝ դիմել, անխոնջ դիմել դէպի իդէալը, նոյն ճամբով, ուր քալեցին իրենց նահատակ ընկերները, ուր ինկան անոնք, հարթելով ճամբուն վիհերն ու անդունդները իրենց անշնչացած դիակներով: