Ո՞վ է այդ երիտասարդը, որ թէեւ ոչ այնքան ծանօթ՝ ինքն ալ կը բաժնէ սակայն, դափնիի այն անսահման պսակը, լոյսի այն լայն ալիքը, որ կը զարդարէ Բաբկէնի, Գնունիի եւ Սուրէնի խրոխտ հակատները ու կը յաւերժացնէ իրենց իդէականացած հերոսի անուշ դէմքերը:
Սուրէնին եւ Գնունիին հետ Միսակեանը Սամաթիոյ յեղափոխական Երրորդութիւնը կազմեց:
Սամաթիացիներու զաւակ – թէեւ Պէյիւքտէրէ ծնած – բայց Սամաթիոյ մէջ անցուց իր պատանեկութիւնը եւ իր կրթութիւնն առաւ վաղեմի յիշատակներով փառաւոր Սանուց Վարժարանին մէջ:
Իր ընկերները դեռ կը յիշեն այդ խանդավառ պատանին, որ տեսակ մը պաշտում ունէր հայ ուսումներու համար:
Հին յիշատակները, անցեալը իր մէջ շինեցին վերացական երազո՜ւն հայրենասիրութիւն մը, որ աւելի դրական, աւելի ամուր հիմերու վրայ պիտի կենար դէպքերու եւ իրողութիւններու ազդեցութիւնով, ու զինքը պիտի տանէր մինչեւ անձնազոհութիւն:
Դեռ դպրոցական սեղանին վրայ բախտն իր դէմն հանեց Գնունին, որուն յեղափոխական թունդ հաւատքը, խանդավառ խօսքերը առաջին օրէն դիւթեցին Միսակեանը: Ի՜նչ հրճւանքով, սկսնակի երկիւղածութիւնով, սրտի տրոփիւններով կը կարդայ Միսակեանը այն յեղափոխական գրքոյկներն ու թերթերը, որ Գնունին կը բերէր կուտար իրեն:
Իր դպրոցական շրջանը աւարտելու մօտ՝ Դաշնակցութիւնը արդէն զարկած էր իր վրանը Պոլսի մէջ եւ Միսակեան Գնունիին միջոցաւ կը մտնէր անոր դրօշին ներքեւ:
Հազիւ շրջանաւարտ՝ ազատ այլեւս իր հոգիին թռիչներուն հետեւելու, վարժապետութիւնը նախընտրեց, իր դպրոցի կեանքը շարունակելու, թերեւս իր գաղափարակիցներէն չզատւելու եւ աւելի՝ իր զգացածը ուրիշներուն ալ հաղորդելու իրաւունքը եւ հաճոյքը վայելելու համար:
Որքա՛ն նեղ թւեցաւ, սակայն, այդ կեանքը այդ հազիւ քսանամեայ երիտասարդին, բուռն գործունէութիւն մը, անսահման ծրագրեր, ո՛ւր պիտի կրնային սեղմւիլ կամ հաշտւիլ իր նոր սկսած կեանքին հետ, ուր ձեռնհասութիւն, երկաթի կամք, սառն դատողութիւն միայն կրնային հեռաւոր յաջողութիւն մը երաշխաւորել իրեն:
Լայն գործունէութեան ծարաւի՝ կը խորհի վեղարին մթութեան տակ գործել՝ ինչ որ իբրեւ աշխարհական չպիտի կրնար ընել. կը մտածէր ուղղակի խօսիլ ժողովուրդին՝ եկեղեցիի բեմին բարձունքէն, ուրկէ եկող խօսքերը այնքա՜ն ազդեցիկ են, ու այնքա՜ն տպաւորիչ:
Սամաթիացիներու Հերոսական Կռիւը |
Ուր օր մը Արմաշի ճամբան ձեռք կ'արռնէ Դպրեվանքը մտնելու եւ վարդապետ ձեռնադրւելու համար: Բայց քիչ ետքը աչքերուն վրայէն քողը վար կ'իյնայ. կը տեսնէ թէ այդ վանքի մթնոլորտին մէջ իր յեղափոխականի զգացումները փոխանակ սրւելու եւ անոնց մէջ ուժով ջիղեր հիւսւելու, աւելի կը ժանգոտին, աւելի կը թուլնան միստիքական երազներու մէջ:
Չէ՛, ինքը երազներու հետ գործ չունէր. ժողովուրդին վէրքերը կայքին արիւնոտ, բաբախուն ու տաք, որոնց վրայէն հարկ էր գութի ու օգնութեան ձեռք մը անցնել: Անդին ժողովուրդ մը կար, ընդունակ, կեանքի ու յառաջադիմութեան հիւթով ակաղձուն, որ նախնական բնազդներով միայն մղւող ամբոխի մը ոճրագործ քմահաճոյքներուն, ու կամայականութեան տակ կ'այլասեռէր: Ու վանքին մթութիւններուն մէջ երազեց զէնքերն, ու յեղափոխութեան կարօտը զգաց այնչափ ուժով, որ առտու մը նորէն նոյն ճամբով լռիկ մնջիկ ետ դարձաւ, Սամաթիա, իր ընկերներուն քով:
Իր ուղղութիւնը վերջնապէս գտած՝ Սուրէնի ու Գնունիի շնորհիւ իր հաւատքին մէջ զօրացած՝ կըսկսի գործի. իբր սամաթիացի, շատ մօտէն ճանչնալով իր թաղին երիտասարդութիւնը, անոնց լաւագոյններուն կը մօտենայ յեղափոխական գաղափարը տարածելու:
Խումբեր կը կազմէ ու կը վարէ, «Դրօշակի» ընթերցութմին շրջանակը կ'ընդլայնէ հետզհետէ:
Երկրորդական դերերու մէջ իր կատարեալ յաջողութիւնը, իր գործունէութեան եռանդոտ ու անձնւէր բնաւորութիւնը, մօտ էին զինքը աւելի կարեւոր դերերու առաջնորդելու՝ երբ դէպք մը այդ բանին արգելք կ'ըլլայ ու իր աւելի լայն գործունէութեան առջեւ առժամեայ վերջակէտ մը կը դնէ:
Աչըգեանի օրով մեռած Սահմանադրութիւնը, Իզմիրլեանի, այդ ԵՐԿԱԹ պատրիարքին միջոցով յարութիւն առած է: 95-ի տարեդարձը պիտի տօնւի Ազգ. Հիւանդանոցի պարտէզին մէջ:
Կատղած երգերը, կատղած ճառերուն կը յաջորդեն ու Հիւանդանոցին ճակատը ծածանող թիւրք դրօշակը վար առնելու եւ բզիկ բզիկ ընելու փորձեր կ'ըլլան:
Յանկարծ մէկը կը բարձրանայ ժողովուրդին մէջ, իր յորդող յուզումը հազիւ զսպելով:
Երիտասարդ մըն է յուաձեւ սիրուն դէմքով, որուն առնականութիւն կուտայ սրածայր մօրուք մը: Բազմութիւնը կը հաւաքւի, կը խտանայ շուրջը եւ հիւիհեւ կ'ունկնդրէ բանախօսին, որ այդ գլուխներու համր ու համաչափ ալեծփումին առջեւ ու իր վրայ սեւեռած նայւածքներէն խելակորոյս՝ Սասունի կոտորածը կը նկարագրէ կրակէ բառերով, յեղափոխութեան անխուսափելի պէտքը կը շեշտէ, վրէժի կոչ մը կ'ընէ ուժգին եւ զինւիլ կը յորդորէ:
Ծափահարութեան ու կեցցէներու փոթորիկի մէջ կ'աւարտի խօսքը:
Լրտեսներու ուղադրութենէն չի վրիպիր սակայն ճառախօսը, որ Միսակեանն էր: Եւ կը հետապնդեն զինքը:
Բայց, ժողովուրդը իր շատ խորաթափանց բնազդներով կը նախազգայ վտանգը ու կը յաջողի զինքը փախցնել ու հետքը կորսնցնել:
Դաշնակցութիւնը դէպքին հետեւեալ օրը կ'իմանայ եղելութիւնը: Միսակեան բան մը չէր ըսած առաջւընէ ընկերներուն իր ճառի մասին:
Միսակեանի այդ անփորձ քայլը վայրկեանի ոգեւորութեան ծնունդ՝ յեղափոխական գործիչի մը աններելի, որ կրնար իր ձերբակալումովը շատ տխուր հետեւութիւններու ծնունդ տալ, վստահութեան նւազում մը յառաջ կը բերէ ընկերներուն մէջ, իր նկատմամբ: Եւ Կեդր. Կոմիտէն կը թողու զինքը իր երկրորդական դերին մէջ՝ սպասելով որ աւելի խոհեմ դառնայ ու աւելի գործադրող ընկերական կարգապահութեան: Այդ միջոցին Սամաթիոյ մէջ պաշտօն չգտնելով՝ Իզմիր կ'ուղեւորւի, ուրկէ նորէն Սամաթիա կը դառնայ, իր բոյնը, եւ ընկերներուն կըսկսի աջակցիլ լրջօրէն: Անոնք, մասնաւորապէս Սուրէն, շօշափելի փոփոխութիւն մը կը գտնեն իր վրան: Իր ճամբորդութիւնը, ուրիշ, նոր մարդերուն հետ շփումը, զինքը աւելի լրջացուցած, աւելի շրջահայեաց ըրած էին:
Այդ ատեններն էր, որ կը կազմւէր Սամաթիոյ ենթակօմիտէն: Միսակեան՝ Սուրէնին առաջարկութեամբ անդամ կ'ընտրւի: Ենթակօմիտէին մէջ շուտով կարեւոր դիրք մը կը բռնէ. խումբերու վարումը, թաքստոցներ ճարելը եւ զէնքերու փոխադրութիւնը հիմա իր գլխաւոր զբաղումները կ'ըլլան: Իր բաժինն ունեցաւ նաեւ Սամաթիոյ պաշտպանութեան յատակագիծը պատրաստելու գործին մէջ, որուն հոգով սրտով փարեցաւ:
Օգոստոս 14-ի օրերը կը մօտենան. ահագին պատրաստութիւններ կը տեսնւին: Սամաթիան, մասնաւորապէս, անդուլ ու անդադրում գործունէութեան մէջ է: Մեր հիանալի տղաքը ռումբի ծրարները ձեռուընին, անփոյթ, կ'անցնին ու կը դառնան, գիշերը: Միսակեան ջղուտ գործունէութիւն մը ցոյց կուտայ այդ միջոցին:
Օգոստոս 14-ը կուգայ վերջապէս. ընկերներն իր տունը,– որ արդէն ժողովատեղի եւ գլխաւոր թաքստոցներէն մէկն եղած է,– հաւաքւած են վերջին խորհուրդն ընելու: Միսակեան տկարացած չէ երբեք, կարծւածէն աւելի պաղարիւն ու հաստատակամ կը ցուցնէ ինքզինք:
Անակնկալ մատնութիւնով մը առտուն Գնունիի տունը կը պաշարւի, ու Գնունիի տան հետ Միսակեանի տունն ալ: Ներսն են իրենք, այդ երեք մեծ անձնազոհները, որոնց հետ միացած է ուրիշ հիանալի երիտասարդ մըն ալ, Հայկ Արապեան: Որոշւած յատակագիծը կը մնայ անիրագործելի. զինւորական շղթան կը բանտէ զիրենք տան մէջ: Կատղած առիւծներու պէս, որ վանդակի մը մէջ բանտարկւած են, այդ չորս կտրիճները բարկութենէն ինքզինքնին կ'ուտեն, որ չպիտի կրնան իրենց ծրագիրը կէտ առ կէտ գործադրել:
Տղոց անձնատուր չըլլալովը՝ շղթան հետզհետէ կը թանձրանայ ու կ'ամրապնդւի:
...Ժամը 6-ն է, հարսնիքին հետ հրախաղութիւնները կըսկսին: Ռումբերը Գնունիէն, Սուրէնէն, Միսակեանէն ու Արապեանէն նետւած՝ զինւորները շանսատակ կը փռեն, թիւրք ամբոխը լեղապատառ կը փախցնեն ու արձագանգը որոտումներուն՝ կերթա՜, Կեդրոնական Բանտին վրայէն թռչելով, Ոսկեղջիւրը կտրելով, կերթա՜յ, շատ հեռուներէն լսւող փոթորիկի մը խուլ ու ահաւոր պայթումին պէս, խառնւիլ Պանքի եղբայր ռումբերու որոտքին, ու անոնց հետ բանալու նոր շրջան մը յեղափոխութեան պատմութեան մէջ:
Առասպել մը ինքնին կը թւի հիմա 18 երկա՜ր ժամերու այդ կռիւը, եւ կռւողները հնութեան փոշիներէն դուրս պրծնող դիւցազներ:
Հերոս մը ինքը՝ Միսակեանն ալ, որ սպարտական պաղարիւնով, վերջին «մնաք բարովն» ալ կը զլանայ իր հօրը, մօրը, քոյրերուն, չի բաժնւիր իր ընկերներէն եւ մահւան համբոյրներուն մէջ կը նորոգեն այդ չորս քաջերը մեծ ուխտ մը՝
Կեանքին ու կեանքին համար մահւան ալ ուխտը: