Գիշերւան տարաժամ պահուն, երբ գրիչը ձեռքս կառնեմ երկու տող նւիրելու հերոսացած ընկերոջս յիշատակին՝ իր մանրամասն կենսագրութիւնը գրել չէ նպատակս:
Շատ հեռու պիտի տանէր ինձ նմանօրինակ ճիգ մը. իր մանկութիւնը չեմ գրեր, նիւթեր կը պակսին. կը գրեմ միայն, որ սամաթիացի էր ինքը, զաւակը սփոփիչ յիշատակներով լեցուն այն Սամաթիային, որ Պոլսի ամենէն ազնիւ եւ ամենէն աւելի հայ թաղն է եղած միշտ:
Երբ աչքիս առաջ կը պատկերանայ ԱՐտաշը իր դէմքին հանդարտութեամբ, իր խոհուն աչքերուն վճիտութեամբը, չեմ կրնար չյիշել ժայռերուն վրայ բուսնող այն վտիտ ու համեստ սունկերը, որոնք տակաւ կը մղեն առաջ իրենց արմատները հազիւ նշմարելի ճեղքերուն մէջ,– օր մը հաստաբեստ կտորներ իրարմէ անջատելու համար, եւ կը հասնին խոնաւ կենսատու խաւերուն: Ինչ ալ որ ըլլար, ուր որ ալ ըլլար, Արտաշի կեանքը, իր, թերեւս անփառունակ, բայց ոչ աննշան դերը պիտի խաղար զինքը շրջապատող միջավայրին մէջ:
***
Սամաթիացիներու Հերոսական Կռիւը |
Բայց ես կանցնիմ այն տարիներուն, երբ դպրոցի սեղանին վրայ ճանչցայ զինքը:
Ի՜նը երկար տարիներ այդ սեղանին վրայ:
Իբր աշակերտ՝ ջանասէրներէն մէկն եղաւ Արտաշ, իբր ընկեր՝ լաւագոյններէն: Ըլլային թերեւս զինքը չսիրողներ, սակայն ամենքն ալ կը յարգէին այդ զօրեղ, առերեւոյթ սառնարիւն, շիտակ պատանին, որ հեզ ու ներող էր իր ընկերական յարաբերութիւններուն մէջ, բայց կեղծութեան ու նենգութեան առջեւ կը փշրէր իր հանդարտութեան սառոյցը, եւ այն ատեն իրաւ սոսկալի էր Արտաշը իր ջախջախիչ բարկութեան մէջ, իր կարշնեղ բազուկներուն հարւածներուն տակ:
Միջավայրը իր կեանքին նպատակը տւաւ:
Իր ուսանողական տարիներն անցան երկու Մասիսներուն առջեւ՝ բնութեան եւ հայրենիքի այն ուսումնասիրութեան մէջ, որ Ճեմարանի լաւագոյն տարիներու փառքը մնացին: Արտաշը,– որ իր արձակուրդները անցուց Արագածի լանջերուն, Անիի աւերակներուն, Այրարատի գրեթէ բոլոր յիշատակարաններուն մէջ – անցեալի պղատոնական կսկիծը իրական ցաւի մը փոխեց. բայց այդ ցաւը վճատիչ չեղաւ իրեն համար. աւերակներուն մոխրին տակ նոր կեանքի կայծերը տեսաւ՝ կենդանի կեանքով ու յուսով պնդւած հայ շինականը: Քաղքեցի, պոսեցի Արտաշը լացաւ իր հայրերու գերեզմանին վրան, բայց ճանչցաւ, սիրեց այն ժողովուրդը, որուն պիտի նւիրէր իր ապագան, որուն եւ իր կեանքը զոհեց:
Հո՛դ միայն կրնար ըմբռնել ապագան, որովհետեւ հոդ ներկան անցեալին հետ կը կապէր:
Մինչ Փարեանը (Բաբկէն) ու Գնունին (Շահէն) իրենց մորթին, իրենց վզին վրայ զգալով բռնակալութեան լուծը, իրենց գիւղէն անցան Մայր-Հայրենիքի ազատութեան գաղափարին, Արտաշը անցեալով ոգեւորւած՝ նորէն անցաւ հայրենիքի վերածնութեան տենչերուն:
Առաջին երկուքը մասնաւորէ դիմեցին ընդհանուրին. երկրորդը՝ ընդհանուրէն մասնաւորին:
Բայց ապագային այդ հայեցողութեան մէջ՝ պայքարը սկսած էր արդէն. Ճեմարանէն սկսաւ այդ պայքարը. կղերական հոսանքին հետ մղւած այն յամառ, երկար մաքառումներուն մէջ, որոնց վրայ տեղը չէ հոս կանգ առնել, բայց որոնք Գէորգեան Ճեմարանի պատմութեան ամենէն հետաքրքիր, ամենէն էական տարրերէն մէկը կը կազմեն: Արտաշը իր խառնւածքին բաժինը տւաւ ընկերներու դատին: Այդ պայքարը իր գագաթնակէտին հասաւ 1891-ի փետրւարին, երբ Գէորգեան Ճեմարանի երեք լսարանները անկարելի համարելով որ եւ է հաշտութիւն իրենց եւ Նահապետեան-Կոստանեանի կղերական վարչութեան միջեւ, քամահրեցին ամեն բան՝ Այրարատի ցուրտը, դրամի պակասութիւն ու վկայական, եւ միահամուռ դուրս ելան Ճեմարանէն:
Այդ օրը չպիտի մոռնան 1891-ի «խռվարարները». այդ օրը շատերու կեանքին մէջ ոլոր մը տւաւ... Անկախութեան ոգին, ատելութիւն մը բռնակալութեա նամեն ձեւերուն դէմ սկսելով՝ հոգիի բռնաբարութենէն մինչեւ իշխաններու բռնակալութիւնը տարբեր օղակներն էին սոյն շղթային:
Երբ Արտաշը 91-ին կը վերադառնար Պոլիս, ոտքը դրած էր արդէն այն ճամբուն վրան, որուն հանգրւաններէն մէկն էր Օգոստոս 14-ը:
Իր ճամբան գիտէր. Ուսուցիչ եղաւ, հակառակ իր ծնողներու եւ ծանօթներու զարմացումին, որոնք յիմարական կը գտնէին ինը տարւան ուսումէ ետքը խեղճ վարժապետ մը ըլլալ:
Արտաշ ժպտեցաւ միայն. պոլսեցի վարժապետին նւաստ դիրքը առածի կարգ անցած էր արդէն Կովկասի մէջ. չարհամարհեց, այլ ցաւեցաւ տգէտներուն վրան եւ ինքը գործի ձեռնարկեց՝ իր պարտքը կատարելու, իր օրինակով այդ ազնիւ ու վեհ արւեստը բարձրացնելու եւ ժողովրդի վերածնութեան աշխատելու հաստատ համոզումով:
Իր հինգ տարւան գործունէութեան մէջ վաստկեցաւ թշնամիներ. Ռոտոսթոյէն գիշերով փախաւ՝ նախկին թաղականներէն եւ Դիմաքսեան Հմայակ եպիսկոպոսէն, իբրեւ յեղափոխական մատնւելով տեղական կառավարութեան:
Իր «գաւառին»՝ Սամաթիոյ մէջ, իբրեւ «մարգարէ», պատիւ չունեցաւ. բարերարեալները շա՜տ խորունկ արմատ ձգած էին. եւ վերջապէս թաղականները դեռ նոր կը տեսնէին ամեն բան շիտակ զուրցող, իր պարտքին, բայց իրաւունքներուն ալ գիտակ վարժապետ մը:
Իբր ուսուցիչ՝ Արտաշը թերեւս միակն էր իր մասնագիտութեան (թւաբանութիւն) մանկավարժական մշակումովը:
Եթէ իրեն նախաձեռնութիւն կը պակսէր, բայց յուսահատւողներէն չէր. կրնամ ըսել, որ փառքի սէրը իր զգացումներուն մէջ երկրորդական տեղ կը բռնէր. իր իտէալը համեստ, անդուլ գործունէութեան մէջ էր:
Վարժապետութիւնը յեղափոխութեան մէկ մասը կը նկատէր. չէ՞ որ իր բոլոր ջանքը նւիրած էր նախապաշարումներ արմատախիլ ընելու, նոր գաղափարներ քարոզելու, ապագայ քաղաքացիներ պատրաստելու: Վարժապետութիւնը յեղափոխական գործունէութեան օրինական (լեկալ) ձեւն էր իրեն համար: Իսկ այդ ամբողջը՝ յեղափոխութիւնը իտէալին ձգտումն էր իրեն համար, դէպի արդարութիւն եւ գեղեցկին յաղթանակը, որուն ջերմ հաւատացողներէն էր ծայրայեղ իտէալիստի բովանդակ լաւատեսութեամբ:
Պոլսի մէջ «Դաշնակցութեան» առաջին յարողներէն մէկն եղաւ. իրեն համար շարունակութիւն մըն էր այդ կեանքը՝ Այրարատի իր կեանքին, ուր «Դաշնակցութեան» զինւորները տեսած, սիրած ու պաշտած էր:
Իրեն պէս ոյժ մը պարզ գործիչ մը չէր կրնար մնալ. շատ չանցաւ Արտաշ իր գործակից ընկերներու հետ միասին կօմիտէի վերածւեցան, որ «Զոհ» անունը ընդունեց: Պզտիկ միջադէպ մը կը յիշեմ ակամայ: Կօմիտէի անդամները, ըստ ներքին կանոնագրին, պարտաւոր էին պատւոյ խօսք տալ՝ թէ անտրտունջ պիտի երթային հո՛ն, ուր ընկերներու կամքը, իր խիղճը եւ պարագաները հրամայէին: Արտաշ անկեղծաբար յայտնեց այդ պայմանին դժւարութիւնը իր համար. բազմանդամ ընտանիք մը պահելու հարկին մէջ՝ գրեթէ անկարելի պիտի ըլլար իրեն համար թողուլ երթալ հեռաւոր վայրեր: Ընկերները, ինչպէս եւ Կեդրոնական Կօմիտէն՝ արդէն տեղեակ այդ պարագային՝ անոր անկեղծութիւնը գրաւական մը համարեցին իր գիտակից գործունէութեան եւ չպնդեցին:
Ապագան ցոյց տւաւ, որ այդ նկատումները սոսկ անձնական հանգամանք մը չէին կրեր:
«Զոհ»-ը Պոլսի տեղական լաւագոյն կօմիտէներէն մէկն եղաւ իր ունեցած ուժերով, որոնց մէջ Արտաշը իր որոշ դերը ունէր կատարելու: Մինչ մէկ կողմէն կը հակակշռէր Գնունիի անսանձ խանդը, միւս կողմէն իր շիտակ, անխարդախ եւ արդարակորով բնաւորութեամբ լրջութիւն կը մտցնէր խորհրդածութեան ենթակայ ամեն նիւթերու մէջ:
Անագորոյն ու կատաղի կռիւ մը իր տենչանքն էր եղած առաջին օրէն եւ ծայրայեղ միջոցներու գործածութիւնը ինքը առաջիններէն էր, որ առաջարկեց եւ պահանջեց:
Ռումբերու եւ տինամիտի գոյութիւնը երկար ժամանակ Պոլսի Կեդրոնական Կօմիտէի եւ տեղական «Զոհ»-ը գաղտնիքը մնաց. մայիսի մէջ միայն Կեդրոնական Կօմիտէն հարկ դատեց անոնց առաջին բաշխումով զբաղւել եւ գոյութիւնը յայտնել տեղական միւս կօմիտէներուն: Մայիսի գիշեր մըն էր «Զոհ»-ի հինգշաբթի օրւան նիստերէն մէկը. այդ օրը պայուսակով մը առաջին նւէրը խրկւած էր «Զոհ»-ին: Ժողովը, որ դեռ նոր սկսած էր, տեսակ մը հանդիսաւորութիւն ստացաւ, երբ Պոլսի Կեդրոնական Կօմիտէի ներկայացուցիչ-ընկերը պայուսակը բաց արաւ, եւ առաջ անգամ ըլլալով, ցոյց տւաւ ռումբերը «Զոհ»-ի անդամներուն եւ գործածութեան կերպը բացատրեց անոնց: Զսպւած ուրախութիւն մը եւ խանդավառութիւն մը փայլեցաւ ամենուն աչքերուն մէջ: Արտաշը, ամենէն պաղարիւն համարւածը, հրճւանքով մը առաւ ձեռքը, փայփայեց այդ գունտերը եւ իր խրոխտ ու համակիր ձայնով ըսաւ.
–«Հիմա Պոլիսը մերն է»:
Այդ օրէն կրկնապատկեցաւ իր ուժը, որովհետեւ հաւատքը հաստատուն եղաւ իր մէջ: Այդ երկու վերջին ամիսներու տենդոտ գործունէութեան մէջ Արտաշը զարմացուց մեզ իր եռանդով եւ վարչական տակտով:
Գնունին եւ ինքը՝ իրենց վրան առին Սամաթիոյ պաշտպանութեան խնդիրը, որուն մանրամասնութիւնները արդէն շատ առաջ ծեծւած էին «Զոհ»-ի նիստերուն մէջ: Իրենց ծրագիրը շատ գործնական, սքանչելի արդիւնքներ պիտի արտադրէր, եթէ օգոստոս 14-ի առտուն ոստիկանութիւնը հոտ մը առնելով՝ պաշարած չըլլար Սամաթիան: Կռւողներէն անոնք, որ իրենց դիրքը բռնելու պիտի երթային մաս առ մաս մինչեւ ցերեկւան ժամը 6 (ըստ թր.), իրենց ճամբան կտրւած գտան զինւորական շղթայով:
Արտաշը չշփոթեցաւ, մինչեւ մէկ կողմէն լուր խրկեց Կեդրոնական Կօմիտէին Սամաթիոյ դրութեան մասին, ինքը Գնունիին հետ կեցաւ իր դիրքին մէջ, իբրեւ զինւոր մը, հնազանդ տրւած որոշման:
Իրենց այդ պաղարիւն՝ զինւորի ըմբռնումը պարտքի փրկեց գործը. եթէ ընդհանուր շփոթի միջոցին, երբ սամաթիացին կը փախչէր իր հայրենի տնէն առանց ետեւը նայելու, երբ ոստիկանները, իրենք ալ շւարած, ի զուր կեցնել կը ջանային փախչողները եւ կրցածնին կը ձերբակալէին, եթէ ինքնապաշտպանութեան բնազդներու զարթնումին ամենէն կսկծեցուցիչ վայրկենին տղայքը սկսէին գործի՝ շատ բան կորսւած էր. ոստիկանութիւնը եւ Պոլսի ժողովուրդը շատ ուշ ըմբռնեց գործին ծանրութիւնը, ռումբին գոյութիւնը ժամը 6-ին միայն յայտնւեցաւ միանգամայն պանքային եւ Միսաքեաններուն տան առջեւ:
Ի՞նչ զգացին տղայքը այդ 18 երկա՜ր ժամերուն մէջ. շատ քիչ բան գիտենք. ո՛չ ոք կենդանի մնաց այդ իսկական Թերմոպիլէէն պզտիկ տղեկէ մը զատ:
Սակաւաթիւ հայեր, եւ ոստիկաններ, որոնք ականատես եղած են այդ հերոսական կռւին, շատ բան կը պատմեն Գնունիի մասին, գրեթէ ոչինչ՝ Արտաշին: Չեմ զարմանար. այդպէս ալ կսպասէի. կը հաւատամ, որ Արտաշը, հաւատարիմ իր խառնւածքին, կորովապէս գործեց, դիրք որոշեց, իր պաղարիւնովը ներսինները քաջալերեց, մինչեւ այն անմոռաց վայրկեանը, օգոստոս 15-ի առտուն, երբ ուժասպառ, զուրկ ռազմամթերքէ, ո՛ր եւ է օգնութենէ, յոյսերնին կտրած՝ վերջին գնդակն ալ թշնամուն խրկեցին եւ իրենց հրաժեշտը տւին իրարու... թոյնի գաւաթներով:
Այդ ճշմարիտ հերոսական կռիւը լաւագոյն էջը կը կազմէ օգոստոս 14-ին. եթէ պանքայի դրւագը իր տարօրինակ յղացումով եւ գործադրութեամբ սարսափեցուց Պոլսի եւրոպական թաղերը եւ դեսպանները, անդին՝ Ստամպօլի թիւրք թաղերը սոսկումով եւ հիացումով կը յիշեն դեռ այդ ափ մը քաջերը, որոնց ազդած վախը փրկեց այդ կողմի բոլոր հայ թաղերը պաշիպօզուկներու յարձակումէն, եւ որոնց հետաքրքրական մասը յեղաշրջեց իրենց համարումը վատ ու վախկոտ համարւած հայերու մասին, եւ մօտալուտ անծանօթ ապագայի մը սարսափը տւաւ...
Հայ ժողովուրդը անգամ մըն ալ տեսաւ ու զգաց, որ յեղափոխութիւնը խաբեբաներու գործը չէ, երբ անոր քարոզիչները անոր վարիչները եղան, կռւողներու առաջին շարքին մէջ կանգուն, մինչեւ իրենց վերջին շունչը հաւատարիմ մնացին իրենց դրօշակին:
Անոնց գերեզմանները՝ ապագային ուխտատեղիները, յեղափոխութիւնը կենսական պիտի ընեն, պիտի մարմնացնեն զայդ ժողովրդին գիտակցութեան մէջ եւ նոր գործիչներու ճամբուն վրայն իբրեւ փարոսներ պիտի շողան, անոնց քայլերը ուղղելու...