Ռուբինա Արէշեան-Օհանջանեան (14 Մայիս 1960) Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Ամէնէն գեղեցիկն էր՝ հինգ քոյրերու մէջ: Պչրասէր էր. շատ կը սիրէր արդ ու զարդը:
Եւ սակայն, ուսումնասէր ալ էր եւ շատ կը կարդար: Ռուսական դպրոց գացած էր եւ հայերէն չէր գիտեր,– նոյնիսկ խօսիլ՝ որովհետեւ իրենց տան մէջ ալ հայերէն չէին խօսեր:
Սովորական երեւոյթ էր ասիկա՝ Կովկասեան ամէն հարուստի տան մէջ:
Ընտանեսէր էր եւ ջերմ զգացումներով կապուած՝ քոյրերուն, եղբօր եւ ծնողքին:
Իր երկու քոյրերուն հետ, կ'ապրէր մտաւորական շատ ջերմ շրջանակի մը մէջ:
Ներկայ կ'ըլլար յաճախ ռուս ուսանողներու հաւաքոյթներուն՝ ուր կը սկսին ծնունդ առնել առաջին յեղափոխական գաղափարները, ընդդէմ ցարական բռնակալութեան:
Ռուս գաղափարապաշտ այդ շրջանակին մաս կը կազմէ նաեւ Քրիստափոր Միքայէլեան անունով հայ ուսանողը, որուն ուժեղ նկարագիրը, կազմակերպական ոգին եւ կուռ խօսքը՝ շուտով յայտնի տեղ կը գրաւեն այդ հաւաքոյթներուն մէջ:
«Ժողովրդական կամք» կը կոչւէր այդ յեղափոխական կազմակերպութիւնը, որուն մէջ կը ձեւաւորուի մեր մեծագոյն յեղափոխականը Քրիստափոր:
Օրիորդ Սոնիա կը յափշտակուի այս հմայիչ երիտասարդին խօսքերէն եւ գաղափարներէն, գրաւիչ նայուածքէն եւ անձնաւորութենէն: Ինք եւս տեւաբար կը մասնակցի հաւաքոյթներուն, մոռցած՝ իր պչրասիրութիւնները եւ շփացած օրիորդի քմահաճոյքները:
Իր խորաթափանց հոգիով, շուտով կը մտերմանայ եւ կը ծանօթանայ յեղափոխական մտքերու եւ գրականութեան:
Ու երբ աւելի ուշ Քրիստափոր կը հիմնէ «Միութիւն Հայրենասիրաց» անունով կազմակերպութիւնը՝ աւելի ազգային կերպարանք տալու համար իր եւ հայրենակիցներու գաղափարապաշտութեան, օրիորդ Սոնիան կ'ըլլայ մէկը առաջին հետեւողներէն՝ մեծ հայրենասէրին:
Օտարախօս բայց ազգասէր այդ աղջիկը, Քրիստափորի շունչին տակ շուտով կը դառնայ լաւագոյն աշխատողներէն մէկը եւ կը սորվի իր մայրենի լեզուն: Ազգային ցաւերուն կը մտերմանայ՝ ռուսերէն խորհելով բայց հայերէն սիրելով, Հայու զգացումներով, Հայո՛ւ սրտով:
«Թրքահայ Դատը» կը դառնայ այլեւս այդ գաղափարապաշտ երիտասարդութեան միակ սէրը. միակ մտածումը: –Հայաստանը ազատել ոսոխէն: Միտք մը՝ որ մեծ յանդգնութիւն կ'ենթադրէր այդ օրերուն:
Բայց ան, արդէն իր հոգիին ու մտքին մէջ արմատացուցեր էր «հայրենասէրներու» զգացումները:
Երկսեռ այդ կազմակերպութիւնը, նախ գրով եւ խօսքով շատ գաղտնօրէն կ'աշխատի. բայց աւելի ուշ, երբ կը հիմնուի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը», ծայր կուտայ նաեւ գործօն աշխատանքի, ահաբեկչական մարզերու մէջ:
Օր մըն ալ, յանկարծօրէն, դժւարին եւ խիզախ որոշումը. «Մեռցնել Հայ Ազգի բոլոր ցաւերուն գլխաւոր պատասխանատուն՝ արիւնարբու Սուլթան Համիտը, «Կարմի Սուլթանը», ինչպէս կ'ըսէին:
Մահափորձը գլուխ հանելու համար՝ երկար աշխատանքի եւ ուսումնասիրութեան պէտք կար:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովը, գումարուած՝ Սոֆիայի մէջ, Քրիստափորի առաջարկով անոր յանձնեց այդ մեծ ծրագրի գործադրութիւնը:
Քրիստափոր ի՛նք ընտրեց իր աշխատակիցները, որոնց կարգին նաեւ նրբիկ բայց քաջ Օր. Սոնիան:
Պոլիս մտնելու համար, կեղծ անցագիրներ եւ կեղծ անուններ պէտք էին:
–Սոնիա՛, քու անունդ ալ պէտք է փոխուի, ըսաւ օր մը Քրիստափոր իր սիրելի ընկերուհիին. այսուհետեւ դուն պիտի կոչուիս Ռուբինա. որովհետեւ ինծի համար ռուբիի մը պէս թանկագին ես: (Ռուբին՝ ռուպի, կարմիր, շատ յարգի քար մըն է):
Անցագիրները կը շինուին Սամուէլ եւ Ռուբինա Ֆայն անուններով, իբրեւ հայր ու աղջիկ:
Քրիստափոր եւ Ռուբինա |
Ու «հրեայ» մեծահարուստը իր աղջկան հետ կը մտնեն Պոլիս՝ իրենց հետեւորդներով. կառապան, ձիապան, պահեստապետ, սպասուհիներ, սուրհանդակներ, բոլորն ալ «մեռնիլ, բայց նախ Սուլթանը մեռցնել»ու երդումով:
Կեղծ անցագիրներէն եւ անոնց կեղծ ինքնութենէն մարդ չի կասկածիր. ամիսներ շարունակ կ'ուսումնասիրեն Սուլթանին ամէն մէկ շարժումը: Ամէն առտու, Սուլթանը Եըլտըզի պալատէն դէպի մզկիթ տանող կարճ ճամբան կ'անցնէր իր հետեւորդներով:
Մեծահարուստներ իրենց կառքերով պտոյտի այդ վայրը կ'երթային՝ դիտելու Սուլթանին անցքը: –Քրիստափոր եւ իր գործակիցները երկվայրկեանի հաշուով կ'արձանագրեն անոր շարժումները եւ ամէն ինչ պատրաստելէ յետոյ կը վերադառնան Պուլկարիա՝ մահացու ռումբը կատարելագործելու:
Դժբախտաբար, դժոխային այդ գործիքին մեծագոյն զոհը եղաւ Քրիտափոր ի՛նքը, 1905 Մարտի 17-ին:
Սոֆիայի մօտ, Վիտոշի բլուրին վրայ, ձեռնառումբի փորձ կ'ընէին Քրիստափոր, Վռամշապուհ Քէնտիրեան, Ռուբինա եւ ուրիշներ:
Ռումբը նետելու կարգը Վռամշապուհինն էր: Տասնըեօթը տարեկան այդ շատ քաջ երիտասարդին կեանքը փրկելու համար էր՝ որ Քրիստափոր զոհեց իր կեանքը:
Երբ կը տեսնէ Վռամշապուհի վարանումը ռումբը նետելու, եւ կը հաստատէ որ եթէ չնետէ ձեռքէն՝ տղան պիտի զոհուի, անվարան կը խլէ ռումբը որպէսզի ինք նետէ. բայց, աւա՜ղ, ձեռքին մէջ կը պայթի ահաւոր գործիքը:
Երկու ընկեր միասին օդը կ'ելլեն՝ Ռուբինայի սարսափահար աչքերուն առջեւ:
Վշտէն խելագար՝ խեղճ աղջիկը, հոդ, զարհուրանքի այդ վայրին վրայ, օդէն ինկած մսի կտորներուն առջեւ ուխտ կ'ընէ անձամբ կատարել Սուլթանի մահափորձը:
Անարցունք, քարացած եւ վրէժը սրտին, մինակը կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը շարունակէ գործը՝ Քրիստափորի գծած ձեւով:
Չորս ամիս վերջ, Ուրբաթ օր մը, կէսօրին, Սուլթան Համիտ դուրս պիտի ելլէր դարձեալ մզկիթէն: Հոն՝ այդ բազմութեան մէջ է նաեւ Հ. Յ. Դ.եան կառքը:
Հարուստներու յատուկ ճոխ եւ փայլուն կառք մըն էր, որուն մէջ, ճերմակ ժանեակներով զարդարուն, շքեղ հագուստներ հագուած, գեղեցիկ, երիտասարդ տիկին մը բազմած է: Զբօսնելու եկած հարուստ տիկին մըն է: Ժպտուն՝ կը դիտէ շուրջը, խաղալով ուսին դրուած փոքրիկ, ճերմակ հովանոցի կոթին հետ:
Ոչ ոք կրնար գուշակել, որ անոր փէշերուն տակ պահուած պզտիկ պայուսակին մէջ էր ժամացոյցով լարուած ռումբը, որ պիտի պայթէր քիչ յետոյ, որոշուած վայրկեանին:
Աղօթքէն վերջ, երբ մզկիթը սկսած էր պարպուիլ, կը մօտենար Սուլթանին դուրս ելլելիք վայրկեանը, երբ նաեւ պիտի պայթէր սոսկալի ռումբը:
Ռուբինա, անտարբեր կը ժպտէր: Կառապանը – մեր դժբախտ, սիրելի հերոս Զարեհը – կ'աղաչէ Ռուբինային իջնել կառքէն եւ հեռանալ կամացուկ մը խառնուելով շրջող միւս տիկիններուն, որոնց մէջ էին նաեւ իրենց գործակիցները, եւ որոնք պիտի փախցնէին Ռուբինան:
Ռուբինա կը մերժէ իջնել: Կ'ուզէ մեռնիլ: Որոշած է մեռնիլ՝ քանի որ այլեւս չկայ Քրիստափորը: Բայց, քիչ վերջ ստիպուած կ'իջնէ կառքէն, որովհետեւ կանանց մուտքը դէպի մզկիթի բակը՝ արգիլուած էր, իսկ կառքը պէտք է աւելի մօտենար սուլթանին:
Հազիւ Ռուբինա իջած եւ հեռացած՝ ահաւոր դղրդոցով կը պայթի կառքը, իրեն հետ օդը հանելով եւ անձնազոհ կառապան ընկեր Զարեհը:
Կը մեռնին նաեւ աւելի քան երկու հարիւր հոգի, բայց հրաշքով կ'ազատի Կարմիր Սուլթանը:
Համիտ, մզկիթէն ելլելով, դէպի մարմարեայ սանդուղը կը յառաջանար, երբ պահ մը կանգ կ'առնէ եւ կը խօսի շէյխ իւլ իսլամ Ճէմալէտտին էֆէնտիի հետ: Սովորականէն դուրս այդ խօսակցութիւնը, ուշացուցած էր մեծ մարդասպանը եւ փրկած անոր մեղապարտ կեանքը:
Ատկէ ետք, Համիտ երբեք չազատեցաւ այլեւս այն սարսափէն, զոր ունէր հայ յեղափոխականներէն:
Բոլորովին այլայլած, ամէն միջոց ձեռք առաւ՝ փոփոխելու համար իր բնակութեան պայմանները, իր պառկելու եւ արթննալու ժամերը:
Ուտելիքներէն անգամ կը վախնար. թերեւս թոյն կար անոնց մէջ:
Վստահ եմ որ պիտի նախընտրէր մեռած ըլլալ այդ օրը՝ քան այդ սարսափով լեցուն վայրկեանները ապրիլ, մինչեւ վերջին օրը իր կեանքին:
Ռուբինային ռումբը դբժբախտաբար չհասաւ իր բուն նպատակին. Սուլթանը չմեռաւ, բայց անոր պայթիւնը ուժեղ ազդեցութիւն գործեց Եւրոպայի վրայ, որուն ուշադրութիւնը դարձաւ դէպի Հայկ. Դատ եւ հայ ժողովուրդի տառապանքները:
Մինչեւ իր պարտականութեան իրագործումը՝ Ռուբինան ապրած էր պրկուած ջիղերով, զսպուած՝ վշտի ցաւով:
Բայց մահափորձի ձախողանքէն յետոյ, քաջ աղջկան ջիղերը կը տկարանան եւ ան շատ գէշ կերպով կը հիւանդանայ:
Ընկերները կը տանին զայն Ժընեւ՝ դարմանելու: Բոլորին համար ալ, ան շատ թանկագին հիւանդ մըն էր: Տարի մը վերջ, 1906ին, բաւական կազդուրուած՝ կը վերադառնայ Թիֆլիզ: Դեռ տկար է. չեն ուզեր որ շատ յոգնի. բայց ընկերներ կուգան իր տունը եւ հոն կ'ընեն իրենց ժողովները: Այդ ընկերներն են Ռոստոմ, Սիմոն Զաւարեան, Արմէն Գարօ, բժիշկ Դաւթեան եւ բժիշկ Համօ Օհանջանեան:
Դեռ չէ լուծուած արդար հայ դատը: Դեռ երկար աշխատանք կայ ընելիք:
1908ին, Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Ակնունիի հրաւէրով, Ռուբինա եւ Համոյի քոյրը՝ Սաթօ Օհանջանեան, միասին Պոլիս կ'երթան եւ կ'աշխատին Բերայի մէջ հաստատուած «Աշխատանքի տունը»:
Դեկտեմբերին լուր կու գայ՝ որ Համօն ձերբակալուած է Թիֆլիսի մէջ:
Ռուբինա կ'որոշէ վերադառնալ Կովկաս, օգնելու համար Համոյին:
Ակնունի կ'ընդդիմանայ, որովհետեւ Ռուբինան նոյնպէս կը փնտռւէր ցարական ոստիկանութեան կողմէ: Բայց ան, անդրդուելի կը մնայ իր որոշումին մէջ եւ 1909 Մայիսին կը վերադառնայ Կովկաս:
Համոյին հետ բանտարկուած են ուրիշներ ալ: Ռուբինան օգնութեան կը հասնի բոլորին եւ քաղաքէ-քաղաք կը հետեւի անոնց, երբ կը փոխադրուին ուրիշ բանտեր:
Իր յաճախակի այցելութիւնները բանտ կասկածի կ'ենթարկեն զայն եւ ի վերջոյ ինք եւս կը ձերբակալուի:
Ռուբինայի եղբայրը, որ զինուորական էր եւ մասնակցած ռուսեւճափոն պատերազմին, ծանօթ էր Նովոչերկասկ քաղաքի զինուորական հրամանատարին: Անոր շնորհիւ, կարելի կ'ըլլայ ազատել Ռուբինան, պայմանով որ իրաւունք չունենայ բնակելու Կովկաս, Մոսկուա եւ Ս. Փեթերսպուրկ:
Ռուբինա կ'անցնի Խարքով: Հոն կ'որոշէ հետեւիլ բժշակական համալսարանին, գոնէ օգտագործելու համար իր պարապ ժամերը, այդ ձեւով թերեւս ապագային օգտակար ըլլալու համար իր ժողովուրդին: Եւ կը դառնայ բժշկուհի:
1912 Մարտի 20ին, վերջապէս Համոյին եւ իր ընկերներուն դատավճիռը կ'արձակուի, ծերակոյտի մասնաւոր ատեանին կողմէ:
Համօն կը դատապարտուի չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի եւ կը ղրկուի Սիպերիա, հիւծած եւ հիւանդ վիճակի մէջ: Զայն խնամելու համար հոն կ'երթան նաեւ Ռուբինան եւ մեր ընկերներէն՝ Տիգրանը:
1913-14-15 տարիներ կ'անցնին հոն: Համօ, կազդուրուելէ վերջ, բժշկութեամբ կը զբաղի ազատ ժամերուն: Շատ կը սիրուի տեղացիներէն: Ռուբինան միշտ քովն է եւ միասին կը բժշկեն շատ հիւանդներ, շատերը՝ աքսորականներ: Աքսորի այդ շրջանին է, որ կ'ամուսնանան Ռուբինա եւ Համօ, կազմելով շատ սերտ կերպով իրար սիրող զոյգ մը, մինչեւ խոր ծերութիւն:
Ռուբինա եւ Համօ Օհանջանեաններ Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Վանի գրաւումէն վերջ՝ հոն կը մեկնին բժշկական օգնութիւն հասցնելու համար:
Կուգան հայկական ազատ հանրապետութեան երջանիկ եւ դժուար օրերը: 1918 Մայիս 28...
1919ին Համօն կ'ըլլայ Հայաստանի վարչապետ եւ Ռուբինան անկախ հայրենիքի «Առաջին Տիկինը»:
Ասկէ աւելի մեծ վարձատրութիւն չէր կրնար ստանալ հայրենասէր աղջիկը, Ռուսախօս հայ օրիորդ Սոնիան, որ գիտցած էր իր անձնական հաճոյքներէն վեր դասել հայրենիքի եւ ազգի սէրը եւ զոհաբերուիլ անոնց համար, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան:
Ու մինչեւ խոր ծերութիւն, հակառակ իր յոգնած վիճակին, հակառակ թանկագին իր ամուսնոյն կորուստի վշտին, ան միշտ գործօն դեր ունեցաւ կազմակերպութեան մէջ:
Իր հիւանդ մարմինով, բայց առողջ հոգիով՝ ան կը մասնակցէր բոլոր ժողովներուն կանոնաւոր կերպով, ըլլային ատոնք գերագոյն կամ պարզ ընկերական ժողովներ:
Միշտ կը հետեւէր ազգի ցաւերուն եւ կարիքներուն, միշտ պատրաստ իր նոյնիսկ չնչին օգտակարութիւնը ունենալու անոնց. միշտ պատրաստ՝ իր Մեծ Ազգին նուիրելու վաստակաբեկ հրաշալի իր կեանքը:
Ծերութեան մէջ իսկ գիտակից էր եւ իր պարտաճանչութեամբ միշտ բարի օրինակ էր «գաղջ» ընկերներուն: Մեծագոյն երջանկութիւնն էր ընկերական ժողովներուն ներկայ ըլլալ. իր դողդոջուն ներկայութիւնը բաւ էր, որ անանուն ապահովութիւն մը զգայինք բոլորս ալ: «Հին օրհնութիւն» մըն էր ան՝ ժողովները աւելի լուրջ եւ գիտակից դարձնող, իր լուռ եւ երբեմն ալ աղմուկով բողոքող սիրելի ներկայութեամբ:
Կեցցէ՛ մեր Ռուբինային անթառամ յիշատակը, եւ կեցցե՛ն բոլոր հայ աղջիկները՝ որ պիտի գիտնան հետեւիլ անոր օրինակին: