Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Պէյրութէն հեռագիր մը կը հաղորդէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հին հայդուկներէն եւ անվեհեր մարտիկ Վարդան Շահպազի մահը, որ տեղի ունեցած է Յունիս 8-ին:
Երկար տարիներէ ի վեր Պէյրութ կ'ապրէր ան, ընկերներու գուրգուրանքին եւ խնամքին առարկայ: Կը մեռնի 95 տարեկանին: Հին, մարտական սերունդի վերջին դէմքերէն մէկն է որ կը հեռանայ այս աշխարհէն, հարուստ եւ փոթորկալի կեանք մը ապրելէ ետք: Ջերմ հայրենասիրութեամբ ծառայելով հայ ժողովուրդին, պայքարած է անոր ազատագրութեան համար, մասնակցելով բազմաթիւ կռիւներու:
Վարդան Տիվրիկցի էր, համեստ կրթութեամբ, կարճահասակ, վառվռուն աչքերով եւ լռակեաց, յանդուգն կռուող ու գործող անձ մը, արհեստով ատաղձագործ էր:
Վարդան՝ իր հայրենիքէն կ'անցնի Պոլիս կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման ձեռնարկին եւ անկէ կ'անցնի Պուլկարիա, յետոյ Պարսկաստան: Յեղափոխական խառնուածքով այս համեստ երիտասարդը 1902-ի աշնան, Պարսկաստանի ճամբով Վան կը հասնի, երբ Վարդգէս արդէն Վան կը գտնուէր: Վարդան Շահպազ կը դառնայ Վարդգէսի ջերմ եւ վստահելի գործակիցը: Վարդգէս Վարդան Շահպազի կը վստահի գաւառները կազմակերպելու աշխանքը ու կը րկէ զայն Ալջաւազ: Վարդգէս կը մնայ մինակ, Վազգէն Տէրոյեանի դաւադրական սպանութենէն ետք, որ տեղի ունեցաւ 1898-ին Կուռուպաշ գիւղիի մէջ: Դաւադիր տարրերը ազատ ասպարէզ կը գտնեն: Ընդհանուր յուսալքում կը տիրէ Վանի երիտասարդութեան մէջ. երբ 1901-ի աշնան Վան կը հասնի Վարդգէս եւ կը ձեռնարկէ վերակազմելու կուսակցական շարքերը: Դաւադիր տարրերը, այս անգամ, հետամուտ կ'ըլլան Վարդգէսը ձերբակալել տալու կամ դաւադրաբար սպաննելու: Անոնք կը հասնին իրենց նպատակին եւ Վարդգէս դաւադրաբար կը ձերբակալուի, 1902-ի Նոր Տարուան գիշերը:
Վարդան Շահպազ կը փութայ քաղաք, շարունակելու համար Վարդգէսի սկսած գործը եւ կուսակցութիւնը կանգուն պահելու: Վարդան Շահպազ չունէր Վարդգէսի կարողութիւնն ու ազդեցութիւնը, սակայն մէկ քանի վստահելի երիտասարդներու՝ Թէոսի, Ալէսի, Արմենակի հետ՝ կը պահէ Կազմակերպութիւնը մեծ ճիգով եւ զրկանքով:
Վարդան Շահպազի առաջին գործը կ'ըլլայ գտնել Վարդգէսի ձերբակալութեան մէջ մատ ունեցող դաւաճանը: Յետ քննութեան, կը կասկածուի Սէմիրճեան Յովհաննէսի վրայ: Վարդգէսի ձերբակալութենէն ութ օր ետք, Վարդան Շահպազի հաւատարիմ Ծուռ Դաւոյի ձեռքով ահաբեկումի կ'ենթարկուի:
1904-ին, Սոֆիայի Ընդհ. Ժողովին մասնակցելու համար, Վ. Շահպազ եւ տեղի Կ. Կոմիտէէն Ֆլէեան Ճօջ աղան 1903-ին Պարսկաստանի ճամբով արտասահման կ'անցնին: Վարդան Շահպազ Ընդահնուր Ժողովի վերջանալուն չի սպասեր եւ 1904-ի գարնան կը վերադառնայ Վան, Սասունի կռիւներու հետեւանքով:
Վարդան Շահպազ Վան կը հասնի այն ատեն, երբ Վահան Փափազեան (Կոմս) նոր հասած էր Վան: Ահա թէ ի՞նչ կը գրէ Կոմս Վարդան Շահպազի մասին «Իմ Յուշերը» գրքի Ա. հատորին մէջ:
«Առաջին անգամն էր, որ կը հանդիպէի Վարդան Շահպազին. միջին տարիքէն բարձր, ալեխառն երկար մազերով, հաստ ընչացքով եւ փոքր վառվռուն վճիտ աչքերով մարդ մըն էր: Շատ կ'ուզէի որ մնար քովս, իբրեւ նախածանօթ երկրի պայմաններուն. չուզեց մնալ. դառնացած էր տեղացի ընկերներէն եւ հետաքրքրական ու օգտակար չէր գտներ քաղաքի տուներու մէջ, իր ըսելով, անգործ ապրիլ: Ջերմօրէն համբուրեցի անցեալով հարուստ հին ընկերը»:
«–Ապրիս, յուզուած գրկեց ու ըսաւ ինձ. ապրի՛ք որ ժամանակին հասաք այս երկիրը ու չթողիք, որ հին վաստակը կորչի, բայց ես հոս չեմ մնար, հոս գործ չունիմ ընելու, պխմիշ եմ եղած. (կշտացած) տունէ տուն թափառելէ եւ անգործ քուռսիներու տակ նստելէն: Իմ գործը չէ խումբ կազմել, քարոզ կարդալ. Կ'երթամ Իշխանի քով, զէնքերուն կը անյիմ, պակասներ կը շտկեմ, ձեռքէս կու գայ, եւ անուշ ժպիտով աւելցուց: «Դուք ալ խումբերուն նայեցէք»:
Իրօք, Վարդան այդ օրէն անցաւ Լեռնապար, Իշխանի մօտ եւ հրացանը ուսին՝ թափառեցաւ լեռները: Շատ յաճախ, ձմեռները Իշխանի խումբի զինուորներ քաղաք կուգային եւ Վարդան Շահպազին կը հանդիպէին, երբ ան Արամի, Կոմսի եւ միւս ղեկավար ընկերներուն հետ կ'ըլլայ:
Վարդան Շահպազ լուռ ու մունջ, իբրեւ հաւատաւոր զինուոր Հ. Յ. Դաշնակցութեան, իր գործունէութեան շրջանը կը դարձնէ Գաւաշի եւ Կարճկանի շրջանը եւ իր մտերիմ գործակից Եղիշի եւ ուրիշներու հետ՝ կը շրջի գիւղերը, զբաղելով կազմակերպական աշխատանքներով եւ ձմեռները քաղաք կը վերադառնայ՝ հանգստանալու համար:
Վրայ կը հասնի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը: Վարդան Շահպազ իր հայրենի գիւղը կը վերադառնայ եւ կը նուիրուի ժողովուրդը կազմակերպելու գործին. կը շրջի գիւղերը, կը բանայ դպրոցներ: Իբրեւ հեռատես եւ փորձառու Յեղափոխական, զէնքը վար չի դներ, որովհետեւ հաւատք չունէր Սահմանադրութեան վրայ: Վարդան մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Տիվրիկի շրջանին մէջ: 1915-ին, ընդհանուր պատերազմի նախօրեակին, կառավարութիւնը հետամուտ կ'ըլլայ, ուրիշներու կարգին, ձերբակալելու նաեւ վարդան Շահպազը: Սակայն հեռատես ու փորձառու արի հայդուկը իր օձիքը ձեռք չի տար եւ իրեն հաւատարիմ խումբ մը կտրիճներու հետ լեռ կը բարձրանայ: Կը գրէ Մուրատին եւ իր ծրագիրը անոր կը պարզէ: Մուրատ եւ Շահպազ կը խորհրդակցին իրենց ապագայ ընելիքներու մասին: Մուրատ խորհուրդ կուտայ որ համբերեն եւ զգոյշ ըլլան, քանի որ այդ է Կուսակցութեան Վերին Մարմնի հրահանգը: Շահպազ իր խումբով կը մնայ լեռը եւ կը շարունակէ իր կռիւը՝ զինք հետապնդող ոստիկաններուն հետ: Բազմաթիւ արկածալից թափառումներէ վերջ, կ'ազատի, երբ ռուսական բանակը կը գրաւէ Տրապիզոն եւ իր շրջանները:
1919-ին, Վարդան Շապազը, Պուլկարացի Գրիգորի հետ, կը տեսնեմ Պոլսոյ մէջ: Երկու զէնքի ընկերները ատաղձագործի խանութ մը կը բանան եւ կը նուիրուին խաղաղ աշխատանքի, իրենց ապրուստը ապահովելու եւ Կուսակցութեան վրայ բեռ չըլլալու մտահոգութեամբ:
Քեմալական շարժման շրջանին, Վարդան Շահպազ կ'անցնի Պէյրութ, ուր կը գտնուէր նաեւ Ռուբէն: Ռուբէն այս հինաւուրց եւ փորձառու հայդուկը կը լծէ շատ պատասխանատու եւ կարեւոր աշխատանքի, եւ ան լիովին կը կատարէ իր պարտականութիւնը:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, Վարդանի համար խաղաղ շրջան մը կը սկսի, երբ իր տարիքի բերումով առանձնացած, կը սպասէ իր ճակատագրի վախճանին:
Վարդան Շահպազ ունէր միակ մանչ զաւակ մը, որ կ'ապրէր Քանատա: Տարիներ առաջ մահացած էր ան եւ այդ կորուստը մեծապէս ազդած էր իր առողջութեան վրայ:
Իր յուղարկաւորութիւնը մեծ շուքով կատարուած է Պէյրութի մէջ: Իր ընկերներն ու առհասարակ, հայութեան բոլոր խաւերը խոնարհած են իրենց գլուխը, հայ ժողովրդի ջերմ պաշտպան եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անվեհեր հայդուկի դագաղին առջեւ: Ան կատարեց իր պարտականութիւնը եւ հայրենի հողը գրկած՝ կը բաժնուի մեզմէ, թողելով անմոռանալի յիշատակ մը եւ հարուստ անցեալ մը: Ապագային պատմագիրը ոսկի տառերով պիտի արձանագրէ իր անունը եւայն գործերը, զորս կատարեց ան, իր կեանքի ընթացքին:
Կը խոնարհիմ Վասպուրականի յեղափոխական փառքը կերտողներէն՝ հին եւ հաւատաւոր ընկերոջ եւ հայդուկի անմոռաց յիշատակին առջեւ: Դուն պարտքդ կատարեցիր, սիրելի Վարդան, եւ կը մնաս անմահ մեզի համար:
Յարգա՜նք յիաշտակիդ: