Քանի այսպիսի յաղթանդամ եւ գեղեցիկ հասկեր է հնձել սուլթանական մանգաղը...
Այս փոքրիկ նկարը չէ, որ կարող է գաղափար տալ «Դաշնակցութեան» քաջասիրտ աթլետի մասին: Պէտք էր տեսնել կենդանի եւ ապառազէն Նեվրուզին՝ իր հսկայ հասակով եւ վրէժխնդրութեամբ վառւած աչքերով:
Ո՞վ չի տեսել, ո՞վ չի սիրել նրան... Պարզ, համեստ ժողովրդածին զինւորն էր, հաւատարիմ ու երդուեալ ապստամբը, կազմակերպութեան սիրայօժար սպասաւորը՝ իր սրտի բիւրեղեայ մաքրութեամբ եւ անսահման անձնազոհութեամբ:
Մարմարայի ափին, Ռօսդօստօյի Ս. Խաչ թաղի ծնւած, բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր Նեվրուզը: Նախնական կրթութիւն առնելէ յետոյ, սկսաւ զբաղիլ ծխախոտի մշակութեամբ: Համիդեան րէժիմի շնորհիւ ծխախոտի րէժին շատ մը վնասներ հասցնելով՝ Օննիկ ձգեց այդ ճիւղը ու հաստատւեց իբր նպարավաճառ:
Ամուսնացած էր «ազնիւ ու անձնւէր Էպրուկի»ի հետ, ինչպէս ինքն էր ասում: Ունէր չորս զաւակ – 2 մանչ, 2 աղջիկ:
Նեվրուզ ծնած էր Հայրենասէր եւ ամեն անգամ, երբ կը խօսէին Հայաստանի մասին, ա՜խ կը քաշէր սրտի խորքերէն: Շատ անգամ տանը կը տեսնայինք երեք-չորս տարեկան զաւակներու ձեռքը մէկ-մէկ գաւազան տւած եւ ինքն էլ առջեւէն մի սուր բռնած, հայրենասիրական երգերով թափոր կը կազմէր անոնց հետ:
Դառնալով փոքրիկներուն,
կ'ըսէր.
-Տղա՛քս, դուք Հայաստանի զինւոր պիտի ըլլաք, իսկ ես՝ պահեստի:
1894-ին, երբ Կազմակերպութիւնն արդէն հիմք ձգած էր Պօլիս, ձմրան ղրկեց իր վարիչներէն մէկը Ռօդօստօ: Սա շուտով ճանչցաւ ու գնահատեց Նեվրուզի Հայրենասէր ու ազնիւ հոգին եւ դիմումն արեց նրան: Նեվրուզ ընդունեց մեծ ոգեւորութեամբ եւ 3 ընկեր գտնելով, կազմեց Ռօդօստօյի կոմիտէն: Իր ընկերներն ալ մեծ հաւատքով փարեցին Դաշնակցութեան: Քիչ յետոյ Նեվրուզ արդէն կազմակերպած էր տասնեակ խմբեր, երկու թաղերուն մէջ: Երբ «Դրօշակ»ը քիչ մը ուշանար, ինքն անձամբ Պօլիս կ'երթար ստանալու:
Մեծ ոգեւորութիւն առաջ եկաւ Ռօդոստօյի մէջ:
Քանի մը ամիս յետոյ, Պօլսոյ
Կ. Կօմիտէն ղրկեց իր ներկայացուցչի հետ Ռօդօստօ «Դաշնակցութեան» կնիքը: Այդ օրը երեկոյեան,
ոգեւորութիւնը մեծ էր: Ընկերները հաւաքւեր էին մէկու մօտ հինգերորդ ընկերոջ ներկայութեամբ,
որը տակաւին չէր «մկրտւած», բայց կը փափագէր ներկայ լինել այդ հաւաքոյթին: Երբ Կ.Կ.-ի
պատւիրակը մի քանի ոգեւորիչ խօսքերով բացատրեց իւրաքանչիւրի պարտականութիւնը հանդէպ
յեղափոխութեան եւ ապա հանեց գրպանէն խորհրդաւոր կնիքը՝ Նեվրուզ ձեռքն առաւ այն՝ եւ
ջերմեռանդ կերպով համբուրեց: Նրա օրինակին հետեւցան միւս ընկերները, բացի հինգերորդէն,
որ ինքզինքը հտակաւին անարժան կը սեպեր համբուրելու կնիքը: ԱՅդ միջոցին Նեվրուզ իր
կարող ձայնով պոռաց.
-Տղա՛, ա՛ռ համբուրէ, սա քո խաչէդ սուրբ է:
Այդ օրէն ՆԵվրուզ ուրիշ բան չէր տեսներ, այլ միայն Հայրենիքը, որի համար պատրաստ էր մեռնելու:
Կօմիտէի որոշումով սկսաւ
զէնքեր բերել Ռոդօստօ, աներկյուղ անցնելով պահակներու մօտէն: 95-ի ջարդերէն վերջ, երբ
կառավարութիւնը շնորհաւորական գիր կուզէր ռօդօստօցիներէն, ազգային ժողովը հաւաքւել
էր խորհրդակցելու համար, թէ ինչ ձեւի տակ գրել այդ գիրը: Նեվրուզ վերջի պահուն իմանալով
ժողովի գումարման մասին, առանց իմաց տալու ընկերներուն, կ'առնէ մի քանի կտրիճ տղաներ
ու ինքը որպէս առաջնորդ, պահականոցի մօտէն կ'անցնի առաջնորդարան: Դռնապանը արգելք կը
հանդիսանայ, առարկելով, որ ծանր խնդրոյ մը համար կը վիճեն ներսը: Նեվրուզ կը պատասխանէ,
թէ ճիշտ ինքն ալ այդ ծանր խնդրի համար եկած է եւ կ'ուզէ ներս մտնալ: Քիչ յետոյ իր երկու
կտրիճներով կը ներկայանայ ժողովին եւ հետեւեալ յայտարարութիւնը կ'ընէ: -
«Յանուն Ռօդօստօյի դաշնակցական կոմիտէի կը յայտարարեմ, եթէ այդ շնորհաւորական գիրը տաք, ամէնքդ ալ պատասխանատու էք Դաշնակցութեան առաջ»:
Ժողովականները շւարած, իրար ետեւէ կը հեռանան ժողովէն ու այդպիսով հակառակ կառավարութեան ստիպումներուն, չարւեցաւ պահանջւած հանրագրութիւնը: Ոստիկանութիւնը կը հետաքրքրւի Նեվրուզի անձնաւորութեամբ, սակայն առաջնորդարանը կը պատասխանէ, թէ «հրդեհաշէջներու կողմէն եկած էր»... Ատկէ ի վեր սեւագլուխները մի կատարեալ արշաւանք սկսեցին Օննիկի դէմ, անոնց հետ եւ դօքտ. Դինանեան, փաստաբան Շուշանեան ու ընկ...
Կօմիտէն որոշեց հանգանակութեան սկսիլ. ՆԵվրուզ յանձն առաւ գործին գլուխ անցնիլ՝ հակառակ սաստիկ հսկողութեան: Մի շարք դժւարութիւններ առաջ եկան: Հարուստը կ'ուզէր քիչ վճարել ու սակարկութեան կ'ելլեր իսկ բանւորն ու երկրագործը սիրով կը տային իրենց լուման: Նեվրուզը իր պարտականութիւնը կատարեց, նոյնիսկ Ս. Խաչի օրը ոստիկանապետի ներկայութեամբ կը շարունակէր ժողովարարութիւնը՝ «աղքարտներուն նպաստելու» անւան տակ: Ոստիկանութիւնը շատ լաւ գիտէր բուն նպատակը, միայն երկուղէն ձայն չէր հանէր:
Եւ շուտով Ռռդօստօ տւեց մօտ 1000 ոսկի: Ապա ՆԵվրուզ անցաւ ՄԱլգարա, կազմեց կօմիտէ ու պէտք եղած հանգանակութիւնը ընելէ վերջ, անցաւ Բուլգարիա՝ զէնքերու փոխադրութեան համար: Մատնութեան շնորհիւ չյաջողեցցաւ:
Ձերբակալութիւնէ խոյս տալու համար՝ Օննիկ հեռացաւ Ռօդօստօյէն: Երն 96-ի Պանքայի դէպքէն ետք հանդիպեցայ զինքը Բուլգարիա, լալով մօտեցաւ ինձ եւ ասաց - «Ինչո՞ւ ինձ ալ չկանչեցիք, որ ես ալ մասնակցէի այդ մեծ գործին՝ իմ ռօդօստօցի քաջերով».... Խոհարարութիւն կ'ընէր Օննիկը. Ցնցոտիներու մէջ, երկու աման կերակուր եփած՝ կը սպասէր իր յաճախորդներուն... Կ'ապրէր թշւառագոյն օրեր՝ սեփական աշխատանքով:
Սիրտը միշտ հոն էր – Հայաստանի մէջ: Կը կարդար, «կը կըլլէր» յեղափոխական գրականութիւնը, կը զմայլւէր մեր ֆէդայիներու սխրագործութիւններով եւ կարօտով ու անհամբեր կը սպասէր այն օրւան, երբ ինքն եւս հրացան առած պիտի նետւէր կռւի դաշտ: Երբ 1895-ի վերջերը Վարազ-Վահան (Վռամեան) եւ քիչ ետքը Վարանդեան պրօպագանդի պտոյտ կ'ընէին Ռումանիոյ մէջ, անոնց ուշադրութիւնը կը գրաւէր այդ հոյատիպ, ցնցոտապատ խոհարարը, որ յեղափոխութիւնը կը պաշտէր իր մանկական մաքուր սրտով, կը յաճախէր բոլոր ժողովները, կ'ունկնդրէր խնդավառութեամբ ատենաբաններուն եւ կ'աղաչէր՝ ղրկել զինքը Հայաստան, հայդուկային խմբերու հետ:
Հետաքրքրական էր Նեվրուզը գաղութային բազմամարդ ժողովներուն մէջ, ուր կը խօսէր համարձակ, ժողովրդական իր պարզ, անպաճոյճ բառբարով: Ահաւոր հեղինակութիւն էր նա վատ, բանսարկու հակառակորդներու հանդէպ, որոնք կու գային թունաւորելու եւ խանգարելու ժողովները իրենց կրքոտ միջամտութիւններով: Նեվրուզի մի նայւածքը բաւ էր՝ զինաթափ ընելու ամենաանսանձ կրքերը. Եւ անոր ներկայութեամբ սովորաբար կը տիրէր ժողովներու մէջ կարգ ու անդորրութիւն:
Յեղափոխութիւնը անոր աչքին մէջ նոյնանիշ էր «Դաշնակցութեան»: Անկէ դուրս կը տեսնէր միայն թայփաներ, որոնք իրարու միս կ'ուտէին եւ՝ անկարող ըլլալով ոեւէ դրական գործ կատարելու՝ կը ձգտէին լոկ ուրիշներու ըրածը քանդելու: «Դաշնակցութիւնը» Նեվրուզի համար կուռ, միաբան կազմակերպութիւնն էր, որ երբէք չպիտի պառակտւէր, երբէք անձնական, դատարկ փառասիրական ձգտումներ չպիտի հիւրընկալէր իր մէջ... Ահա թէ ինչու Նեվրուզ կը պաշտէր անոր դրօշակը եւ գուրգուրանքով, տեսակ մը կրօնական ջերմեռանդութեամբ կը դիմաւորէր «Դաշնակցութեան» գործիչներուն, կը կատարէր հնազանդութեամբ անոնց ամեն մի հրահանգը:
Տեղ մը չէր կրնար երկար նստիլ. ծախելով իր ճաշարանը՝ մակեդօնական խմբի հետ միասին անցաւ Թիւրքիա: Այդ խմբի նպատակն էր՝ յեղափոխական սնտուկի համար քանի մը հարուստներ լեռ տանիլ ու փրկանք պահանջել:
Ապա գաղտնի մտաւ Ռդօստօ՝ իր վրէժը լուծելու դիտաւորութեամբ: Սակայն կառավարութիւնը իմացած ըլլալով անոր գալը, Նեվրուզ բարեկամներու խնդրանօք նորէն հեռացաւ իր ծննդավայրէն:
Քիչ ետը անցաւ Թիֆլիս, ուր
տեղի կունենար Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը: Նպատակն էր՝ Երկիր մտնալ, բայց ճամբաները
գոց ըլալլով, կ'անցնի Օդեսսա, վաճառականի մօտ ծառայելու: 1900 թւին «ուխտի» կ'երթայ...
Ժընէվ: Կ'ուզէ մօտէն տեսնալ խմբագրութիւնն ու գործիչները, որովհետեւ, չարամիտ հակառակորդները
քանիցս փորձեր էին խախտելու Նեվրուզի հաւատքը, ըսելով որ՝ «մինչ ինքը եւ իր ընկերները
կեանքերնին կը զոհեն հայրենիքի համար – Ժընէվի մէջ խմբագիրները քէյֆերով կը զբաղւին»:
Չտեսաւ այդ «քէյֆերը» – եւ աւելի եւս ամրապնդւեց Նեվրուզի մօլեռանդ հաւատը դէպի կազմակերպութիւնը:
Երկու-երեք տարի եւս հառաչանքի ու կարօտութեան մէջ քարշ տւեց իր թափառական կեանքը: 1903-ին Նեվրուզը, վերջապէս, հասած էր իր բաղձալի նպատակին: Նա ընդունւած էր «Դաշնակցութեան» մեծ արշաւախմբի մէջ, որ կ'երթար Սասուն Անդրանիկին օգնելու, բայց որ զարնւեց ճամբու վրայ թիւրքական եւ քրդական անհամար խաժամուժին... Տեղի ունեցաւ Բասենի անմոռանալի ճակատամարտը, որու մասին այնքան պատկառոտ վկայութիւններ կու տայ անգլիական «Կապոյ գիրքն» իսկ: Հայ քաջերը ընկան բուռն, անհաւասար կռւին մէջ, խլելով մեծաքանակ զոհեր թշնամու բանակէն: Մերոնք կռւեցին անսովոր կատաղութեամբ, ձգտելով պատռել շղթան եւ սլանալ դէպի Սասուն, ուր բռնկւած էր ապստամբութիւնը. սակայն ի վերջոյ ընկճւեցին ջախջախիչ ուժի առջեւ:
Մահառիթ գնդակը գետին փռեց եւ թէքիրտաղցի հսկային:
Բոլոր անոնք, որ գէթ անգամ մը տեսնւած ու զրուցած են Նեվրուզի հետ, երբէք չեն մոռնայ այդ հոյակապ եւ անձնուրաց զինւորը, այդ պարզ, ազնիւ նկարագիրը, որ ջինջ անձնաւորումն էր հայաստանցու լաւագոյն առաքինութիւններուն:
«Անձնւէր Էպրուկը», հաւատարիմ իր սիրելի ամուսնու յիշատակին, այսօր սրբութեամբ կը կատարէ անոր կտակը, կը դաստիարակէ իր կորիւնները հայրենասիրական ոգով, կը հրաժարւի կազմակերպական ու այլ աջակցութիւններէ եւ իր սեփական աշխատանքով կը պահպանէ «հայրենիքի զինւորին» ընտանիքը: