02 May, 2022

Ես Այսպէս Կը Հայհոյեմ Դաշնակցութեան

Լորթօ. Յարութիւն Համբարձումեան
Ետնանկարը՝ Խմբապետ Մարտիրոսի խումբը, Լեւոն Քալանթարեան եւ զինակիցներով. ձախին կանգնածը՝ Լորթօ
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Այժմ խորհրդածութեան, փառքի, մեծարանքի տօնական ՕՐ ունեցող Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իր ՕՐերու պատմութեան մէջ, Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին ու ահաւոր տարիներուն ունեցած է, ապրած է չափազանց սեւ օր մը, «Երեւանեան մութ բանտում», որ Չեկան կազմակերպեր էր անարգանքի անօրինակ, նսեմ հանդէս մը «Դաշնակ խուլիգանների» համար...

Քրիստափորի բանակին ծառայած, դիւցազնական գրոհ մղելով անկախութիւն, հանրապետութիւն կերտած բազմաթիւ մարտիկներ ձերբակալւեր ու բանտարկուեր էին իբրեւ «նացիոնալիստ», «հայրենիքի թշնամիօ եւ «օտար պետութիւնների գործակալ»...

Բանտարկեալներու մէջ կային նաեւ անցեալ ունեցող, անւանի յեղափոխականներ, որոնց շարքին Չեկայի կողմէ առանձին «ուշադրութեան արժանանացեր էր» հին հայդուկ մը, աւելի քան քառորդ դար Դաշնակցութեան դրօշին քաջաբար ծառայած պատկառելի ծերունի մը, Լորթօն...

Ո՞վ չէր ճանչնար զայն, ո՞վ չէր գիտեր անոր անկեղծ հայրենասէր ըլլալը, ո՞վ չէր լսեր անոր կատարած քաջագործութիւններուն պատմութիւնը, որ կ'երկարի եկեղեցական կալւածներու պաշտպանութեան համար մղուած գրոհներէն մինչեւ Սարդարապատի դիւցազնամարտ. անհամար սխարնքներով լեցուն կեանք մը, զոր անարդար Չեկան պիտի վերջացնէր աահ, կա՛մ Սիպերիա աքսորելով եւ կամ «խուլ զնդանում» կացինահարելով...

Ի՞նչ յանցանք ունէր, միայն... կռուիլ ուսանած այս անուս զինուորը, որուն քաջութեան մասին քանի՜ քանի զարգացեալներ, ղեկավարներ գրած էին ու գոված իր անվկանդ հայրենասիրութիւնը. Աւետիս Ահարոնեան, ՄիքայէլՎարանդեան, Ռուբէն, Մալխաս, Կոմս եւ մեծանուն այլ դաշնակցականներ:

Դեռ տարի մը առաջ, իբրեւ խոնարհ հերոս, բարի ճանապարհ մաղթելու գացեր էր Վահան Փափազեանին, որ դէպի Ֆրանսա պիտի ուղեւորուէր Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան միանալու համար:

Այդ առիթով Կոմս ըսած էր իրեն.

–Է՜հ, Լորթօ, երկար տարիներ ծառայեցիր յեղափոխութեան դրօշին, ծառայութիւնդ զուր չանցաւ. ահա հիմա ազատ հայրենիք ունինք ու անկախ իշխանութիւն, որ պիտի ճանչցւի բոլոր պետութիւններուն, նոյնիսկ թուրքին կողմէ. Սեւրի մէջ վեհաժողով պիտի գումարուի եւ մեր իրաւունքները պիտի արժեւորուին մասնաւոր դաշնագրով... ուրախ չե՞ս, Լորթօ...

–Ո՞նց չիմ, պարոն Վահան, ես էս օրը տեսնելու համար արին թափեր իմ... – պատասխաներ էր ինք եւ ապա վերապահութեամբ աւելցուցեր – ղուրբան քըզի պարոն Վահան, մի բան կայ, որ ըմ միտք շատ է զբաղեցնում. ազատ, անկախ պետութիւն եղանք, լա՛ւ. հիմա ասա, թէ ո՞վ պիտի եղնի մեր թագաւոր...


Կոմս բացատրած, հասկցուցած էր իրեն թէ Հայաստանը թագաւոր պիտի չունենայ, այլ պիտի կառավարուի վարչապետով եւ պիտի ունենայ նախագահ. որովհետեւ թագաւորական չէ մեր նոր պետութիւնը, այլ հանրապետական...

Լորթօն «հանրապետական»ը «հայրապետական» հասկցեր էր ու հարցուցեր.

–Ի՞նչ... կաթողիկո՞ս պիտի եղնի մեր թագաւոր...

–Չէ, Լորթօ, չէ, հանրապետակա՛ն...

Ու Կոմս բացատրած էր իրեն, թէ ինչ կը նշանակէ հանրապետութիւն եւ թէ ինչ իրաւասութիւններ կ'ունենայ հանրապետութեան նախագահը...

Վաստակաւոր ֆետային ուշի-ուշով մտիկ ըրած էր բացատրութիւնները, սակայն չէր կրցած փարատել իր մտահոգութիւնները.

–Ես էն գիտեմ, պարոն Վահան, թէ օծեալ թագաւոր եթէ չեղնի, խէր-պէրէքէթ չի լինի մեր երկրում...

Եւ իրօք, չեղաւ. պատուիրակութիւնը Սեւրէն դեռ չվերադարձած՝ հայրենիքը կուլ գնաց սովետներուն, հանրապետութեան նախագահի տեղ Չեկան եկաւ Երեւան ու խանգարեց մեր կեանքը, անարդարօրէն շրջեց ամէն բան...

Հայրենասէրները նկատուեցան դաւաճան.

Հայրենիքի անկեղծ զինուորները՝ օտարի գործակալ, խաբեբայ, խուլիգան...

Ու անոնց կարգին, ի՛նքը, հին հայդուկ Լորթօն ալ՝ քաֆթար քարաթա...

Պիտի պատժուէին բոլորը, պիտի պատժուէր եւ հայրենիքի համար անհամար գրոհներու մասնակցած, բազում վէրքեր կրած ծերունի ֆետային, որ չէր հասկցած ու չէր կրնար հասկնալ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ այսպէս կը վարուէրին իրեն հետ, ի՞նչ յանցանք գործեր էր ինք, բացի մարտական կարգ մը անկարգապահութիւններէ, զոր ունեցեր էր այս կամ այն գրոհումներու ընթացքին, առանց խմբապետի հրամանին բուռն յարձակում գործելով «անարգ թշնամու վրայ»...

Այդ յանցանքներուն կամ անհնազանդութիւններուն համար արդէն քանի մը անգամ պատժուած էր կուսակցութեան վերին մարմնին կողմէ զինաթափւելով...

Թէեւ իրեն համար դիւրին չէ եղած զէնքը յանձնելը, սակայն Դաշնակցական հայդուկի իր հոգին միշտ ալ չէ կրցած տեղի չտալ Կեդր. Կոմիտէի կնիքը կրող հրահանգին դիմաց...

Ու Լորթօն, ամէն անգամ, զէնքը յանձնելէ առաջ բարկացած է ահագնօրէն ու հայհոյած Դաշնակցութեան...

Հայհոյած, բայց ինչպէ՜ս, ի՜նչ բառերով...

*

Պատմութիւնը կ'ըսէ, թէ Չեկան, ինչպէս բոլոր ձերբակալուածներուն, նոյնպէս եւ Լորթոյին բանտէն արձակում կը խոստանայ, եթէ անոնք, եթէ Լորթոն հայհոյեն Դաշնակցութեան եւ այդպէս ընդմիշտ հրաժարած ըլլան անկէ:

Շատեր, ոչ իրաւ դաշնակցականներ, հանդիսաւորապէս կը հայհոյեն Քրիստափորի կուսակցութեան, անոր հասցէին գործածելով խիստ վատ նշանակութեամբ բառեր...

Կարգը կու գայ Լորթոյին, որ իր պաշտելի կուսակցութեան կը հայհոյէ այնպէս ինչպէս բազմիցս հայհոյած էր անցեալին.

–Հէ՛րդ չմեռնի, Դաշնակցութիւնդ, քոքդ չչոռնայ, քեզ անարգողին մէրը, քորը քառսուն անգամ ի՜նչ էնիմ...

–Տօ, էդ հայհոյանքդ հայհոյանք չէ, ընդունիլ կարելի չէ... – կ'առարկէ չեկիստ մը:

–Ես էսպէս քֆրեր եմ Դաշնակցութեան, էսպէս էլ կը քֆրիմ... ինչ ուզում էք արէք... Ես մահէն չիմ վախենար, Դաշնակցութիւն անարգիլը հերոսութիւն անարգիլ է... Ես ո՞նց անարգիմ... ո՞նց քֆրիմ Աղբիւր Սերոբին, Գէորգ Չաւուշին, Մուրատին ու Հրայրին. անոնք մեռան հայրենիքի ազատութեան համար, ես էլ թող մեռնիմ էնոնց սիրուն... զարկեցէ՛ք, ինչ էք կեցել...

*

Պատմեցինք հին հայդուկին պատմութիւնը, ըսելու համար թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Օրւան առթիւ, գիտնանք Լորթոյին բառերով հայհոյել իր պաշտած կուսակցութեան ու, Լորթոներու սիրոյն, հաւատարիմ մնալ մեր հայհոյանքին...

Յ. Ձորեցի
«Ազդակ» Պէյրութ
Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 1973
47րդ Տարի, Թիւ 238 (12714)