18 December, 2023

Արմէն Թոփճեան

Արմէն Թօփճեան ծնած էր Չմշկածագ 1890ին:

1895ին, Սուլթան Համիտի սարքած սպանդէն անմիջապէս յետոյ, Անատոլուի հայութիւնը զանգուածօրէն սկսաւ գաղթել դէպի աւելի ապահով կարծուած քաղաքներ: Թօփճեան ընտանիքը դէպի Հալէպ գաղթողներէն եղաւ:

1905ին, Արմէն Թօփճեան շրջանաւարտ կ'ըլլայ Հալէպի Ազգային Ներսէսեան (Հայկազեան) երկսեռ վարժարանէն: Ուսումը կը շարունակէ երկու տարի եւս Պետական (Սուլթանիէ) վարժարանին մէջ: Այնուհետեւ, գործի կը լծուի իր եղբայրներուն հետ:

Հալէպի ամբողջ կուսակալութեան մէջ, Թօփճեան եղբայրները աչքառու, սիրուած արուեստագէտներ էին: Արմէն, հինգ եղբայրներու ամենէն կրտսերն էր: Իրենց վաճառատունը միեւնոյն ատեն արհեստանոց մըն էր:

Հալէպի թաղապետութեան թիւ մէկ յանձնառուներն էին: Քաղաքի լուսաւորութիւնը, պողոտաներու ոռոգումը, ջուրի հայթայթումը, Սէպիլի պարտէզին սպասարակութիւնը, միսի հայթայթումը խղճմօտրէն եւ ճշտապահութեամբ կը կատարէին:

1907-8 տարիներուն, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Պատանեկան Միութիւն չունէր: Ունէր սակայն Գրադարանական Միութիւն մը, որուն անդամներն ու վարիչ ղեկավարներն էին Գաբրիէլ Ճիտէճեան, Մովսէս Ստեփանեան, Հրանդ Տէօքմէճեան, Լեւոն Նաճարեան, Աստուածատուր Ֆէթէրեան, Եղիա Գասպարեան եւ Արմէն Թօփճեան:

Այս ղեկավարութիւնն էր, որ կը վարէր Հալէպի Ազգային կեանքը համակրանք ու գուրգուրանք ստեղծելով իր շուրջը:

Արմէն Թօփճեան, կրթական, թատերական, մարզական մշակութային այլ եւ այլ կազմակերպութեանց մէջ իր ունեցած բուռն ու անձնուէր գործունէութեամբ արժանացած էր ընդհանուր համակրանքին:

1909ին, Ժէօն Թուրքերու կողմէ կազմակերպուած ջարդը, Կիլիկիոյ հայութենէն կը խլէ բազմահազար զոհեր, յատկապէս Ատանայէն: Հալէպահայութիւնը ամբողջ շաբաթներ, հաւաքական ջարդի մը մղձաւանջը կ'ապրի: Կը մտածեն ինքնապաշտպանութեան մասին:

Այդ օրերուն, Եգիպոսէն Հալէպ կը ժամանէ Տիգրան Ծամհուր (Ֆէրիտ Մէճիտ): Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ անոր կ'առաջարկուի, որ Արմէն Թօփճեանին սորվեցնէ ռումբ պատրաստելու արուեստը: Արմէն, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կը մասնագիտանայ:

Օրուայ բարեսիրտ արաբ կուսակալին վճռական կեցուածքին պատճառով, հալէպահայութիւնը բարեբախտաբար կը խնայուի հաւանական ջարդէ:

Վտանգը անցած ըլլալով, Արմէն Թօփճեան հրահանգ կը ստանայ իրենց խանութին մէկ անկիւնը թաղած 15 ռումբերը տեղափոխել:

Ահա թէ ինչպէս կը պատմէ Արմէն:

«1909ի Դեկտ. 29ին էր: Ապակեփեղկը ներսէն գոցեցի: Նիգը դրի, ռումբերը հանեցի եւ ջուրով լեցուն դոյլի մը մէջ դրի որպէսզի թրջուին: Հինգ հատը պարպած էի եւ պատեանները դրած պատին ետեւը: Վեցերորդին խեժը լաւ չէր թրջուած, աճապարանքէն քափսիւլը շարժեցի, փոխանակ ուղիղ քաշելու, ետեւի քապսիւլը պատեանին դպնալով, կանաչ լոյս մը ելաւ ահագին պայթումով»:

Արմէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի աչքերէն, ձեռքերէն եւ մարմնին զանազան մասերէն: Կը մտածէ դոյլին մէջ գտնուող ռումբերը առնել ու հեռանալ, չի կրնար: Աչքերը գոցուած էին: Աւա՜ղ, չէր զգացած այդ վայրկեանին, որ անոնք յաւիտենական գոց պիտի մնային: Խանութը ծուխով կը լեցուի: Շնչայեղձ չըլլալու համար խարխափելով կը մօտենայ դրան, կէս մը կը բանայ: Անցորդներէն ոչ ոք կը համարձակի ներս մտնել:

Վերջապէս, դուռը կը հրէ ու ներս կը մտնէ Սասունցի սրճեփ Գրիգորը: Արմէն արիւնլուայ վիճակի մը մէջ կծկուած էր անկիւն մը: Անմիջապէս կառքով տուն կը հասցնէ: Լուրը կայծակի արագութեամբ կը հասնի Արմէնի ընկերներուն, որոնք կ'երթան ռումբերը կ'առնեն ու խանութը գոցելով կ'անյայտանան:

Առաւօտուն, ոստիկանապետը, ընկերակցութեամբ հարցաքննիչ դատաւորին, կ'երթայ խանութ, կը կնքէ եւ Արմէնենց տունը գալով կ'ուզէ հարցաքննութեան ենթարկել:

Արմէն, կը տարուի Տօքթ. Սամուէլի դարմանատունը, ուր տեղի կ'ունենայ առաջին դարմանումը, ներկայութեամբ բժիշկներ Իփէկեանի, Նաճարեանի, Ալթունեանի, Տէր Պօղոսեանի եւ Տէր Ղեւոնդեանի:

Տօքթ. Սամուէլ, շաբաթ մը յետաձգել կու տայ հարցաքննութիւնը, արկածեալին վիճակը շատ ծանր է: Այս յետաձգման նպատակն էր ժամանակ տալ Արմէնին իր խոստովանութիւնները դասաւորելու եւ առիթ տալու եղբայրներուն անհրաժեշտ միջոցներու դիմելու:

Արմէնին եղբայրները բանտ կը տարուին: Քանի մը օր բանտ մնալէ ետք, ազատ կ'արձակուին շնորհիւ քաղաքապետութեան վճռական միջամտութեան. առարկելով թէ անոնց բացակայութեամբ, քաղաքի կայունութիւնը կ'անդամալուծուի:

Արմէն կը փոխադրուի բանտի հիւանդանոցը, ուր տեղի կ'ունենայ առաջին հարցաքննութիւնը:

Ի՞նչ էր պայթածը, ինչո՞վ կը շինէիր, նիւթերը որմէ՞ կ'առնէիր, ո՞վ սորվեցուց քեզ, ո՞վքեր են ընկերներդ, ի՞նչ ազգի կը պատկանէր սորվեցնողը եւ այլն:

Արմէն բոլոր հարցումներուն կը պատասխանէ կատարեալ հանդարտութեամբ: Ոչ ոք ունէի որպէս ընկեր եւ սորվեցնող, եղբայրներս անգամ լուր չունէին: Խանութը բանալու առանձին բանալի ունէի, ուր շինութեան փորձեր կը կատարէի: Հրավառութիւններու օրերուն, պայթուցիկ պայթեցնել շատ կը սիրէի: Գլխու վրայ շաքար ծախողներէն կ'առնէի բայց շուտ կը վերջանար: Օր մը անոնցմէ մէկուն ըսի, թէ սորվեցնէ պատրաստելը: Մէճիտ մը ուզեց: Ուրախացայ ու տուի: Սորվեցուց: Նիւթերը Սուք Աթթարիէն կ'առնէի: Ծախողը փաթթոցաւոր մէկն էր:

Հարցաքննիչ դատաւորը անշուշտ այս պատասխաններէն չի գոհանար: Ճնշում կը բանեցնէ մահուան սպառնալիքով:

Արմէն կատարեալ պաղարիւնութեամբ կը պատասխանէ, թէ առաջին խոստովանութեանը վրայ ոչինչ ունի աւելցնելիք:

Հարցաքննիչ դատաւորը իր պարտականութիւնը աւարտած ըլլալով, թղթածրարը կը յանձնէ դատարան:

Չորս ամիսէն դատարան կը կանչուի: Նախագահը յաւելեալ նորութիւններ ստանալու մտադրութեամբ, սպառնալիքներով նեղ դրութեան մէջ կը դնէ Արմէնը՝ որ կը կրկնէ նախկին խոստովանութիւնը, յայտնելով թէ ոչինչ ունի աւելցնելիք:

Շնորհիւ Իթթիհատ-Դաշնակցութիւն գործակցութեան, որ այդ օրերուն տակաւին չէր խզուած եւ դատարանի վանեցի նախագահին իր հայրենակից Դաւիթ աղա Ճիտէճեանի հետ ունեցած մտերիմ բարեկամութեան, դատավարութիւնը շուտ կ'աւարտի եւ Արմէն երկու տարիէն բանտէն կ'արձակուի:

Աչազուրկ իր վիճակով, Արմէն Թօփճեան հալէպահայ ազգային կեանքէն ներս իր օգտաշատ գործունէութիւնը ունեցաւ: Մեծ կարեւորութեամբ նկատի կ'առնուէր իր կարծիքը:

Ազգային թէ կուսակցական բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ վարեց:

Խիզախ, անձնուէր, անշահախնդիր ու ինքնատիպ անձնաւորութիւն մըն էր, որ յարգուեցաւ բոլորէն անխտիր:

Մեռաւ 1962 Դեկտ. 18ին:

Վ. Ճինանեան
«Յեղափոխական Ալպոմ»
1963, Թիւ 8
նկարը՝ houshamadyan.org-էն