Գիտէի՜նք որ հիւանդ էր, բայց չէինք ենաթդրեր, թէ այսքա՜ն շուտ պիտի հեռանայ մեզմէ: Օգոստոսի 8ին, Գրիգոր Ամիրեան փակեց իր աչքերը, հիւրընկալ՝ բայց օտար այս ափերուն վրայ: Իր յիշատակի ոգեկոչման առթիւ բոլոր խօսք առնողները, շեշտը կը դնէին այն մասին թէ Գրիգորի հոգին տառապեցնող գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած էր այն, թէ կրնար մեռնիլ օր մը հայրենի երկրէն հեռու, զուրկ՝ հայրենի հողին գուրգուրոտ պաշտպանութենէն: Իսկ այդ մուրազը մասամբ կատարուեցաւ Հայաստանէն բերուած ափ մը հող խառնելով իր հողակոյտին, զոր ղրկած էր քրոջ որդին արժանաւորն Ճորճ Մարտիկեանը, որպէսզի հայրենի կարօտով վշտահար իր մօրեղբօր՝ Գրիգոր Ամիրեանի հոգին, մասամբ գէթ մխիթարուած զգայ ինքզինք:
Գրիգոր Ամիրեան ծնած էր 1888ին Նոր-Պայազիտի մէջ: Իր մանկութիւնն ու պատանութիւնը անցուցած է Բաբերդի մէջ, ուր եւ ստացած է իր նախակրթութիւնը: 909ին կ'անցնի Պոլիս եւ կը մտնէ թրքական զինուորական վարժարանը: Պալքանեան պատերազմին պուլկարներուն ձեռքը գերի կ'իյնայ Ադրիանուպոլսոյ պաշարման ժամանակ եւ սակայն կարճ ժամանակէ մը յետոյ ազատուելով, կը միանայ Անդրանիկի կամաւորական բանակին՝ Թրակիոյ մէջ գործող: Առաջին աշխարհամարտին, Անդրանիկի հետ կը մեկնի Կովկաս, հրաւէր ստացած ըլլալով Թիֆլիզի Ազգ. Խորհուրդէն: Կը մասնակցի Տիլմանի ճակատամարտին, զօրավար Բազարբեկեանի ընդհ. հրամանատարութեան տակ: Րէվանտուզի կռիւներուն, Գրիգոր Ամիրեան, առաջին գիծերուն վրայ է մշտապէս եւ իր արցունքներով վերջին վկան կ'ըլլայ աննման հերոս Քեռիին հերոսական մահուան: Յետոյ կը մասնակցի Թուրքերու դէմ կատարուած բոլոր կռիւներուն, մինչեւ որ պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն յետոյ կովկասեան ճակատը կը քայքայուի, պոշեւիկներու «դէպի տուն» կարգախօսով:
Ճակատի քայքայման հետեւանքով դէպի Կովկաս խուժող գաղթականներուն կը նուիրէ իր բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի խուճապային այդ փախուստին յատուկ անխուսափելի ֆիզիքական կորուստները նուազագոյնի վերածուին: Ըլլալով Սեպուհի եւ Մուրատի գլխաւոր զինակիցներէն մէկը, Գրիգոր Ամիրեան կը մասնակցի Պաքուի կռիւներուն, ուր զոհ գնաց յանդգնութեանց տիպար, յեղափոխական մարտիկ՝ սեբաստացի Մուրատը: Պաքուի անկումէն յետոյ ան վերստին կ'անցնի Կովկաս եւ երբ Հայաստանը կը դառնայ անկախ պետութիւն, իր սեփական բանակով, Գրիգոր Ամիրեան մէկը կ'ըլլայ նորակազմ հայկական բանակին պարտաճանաչ եւ տիպար սպաներէն, ըլլալով Սեպուհի բանակին վաշտապետներէն մէկը:
Պոլշեւիկեան եւ տաճկական ներխուժումէն յետոյ, Հայաստանը երբ կը կորսնցնէ իր անկախութիւնը, յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները, Գրիգոր Ամիրեան կը յաջողի ճողոպրիլ պոշեւիկներէն եւ Պոլսոյ վրայով կ'երթայ հաստատուի Ռումանիոյ Բլօէշթ քաղաքը, ուր, Դրոյի միջոցաւ, կը գտնէ պաշտօն մը տեղւոյն նաւթարդիւնաբերական հայկական հաստատութեան մը մէջ: Հոս, Բլօէշթի մէջ, իր հանրային գործունէութեան գլխաւոր առանցքը կը կազմէ հիմնադրութիւնը «Րաֆֆի» մշակութային միութեան մասնաճիւղին, որուն սեփական ակումբը, նոյն քաղաքի հազիւ քսան տնուոր հայութեան համար կը դառնայ ե՛ւ եկեղեցի, ե՛ւ դպրոց, ե՛ւ ակումբ-հաւաքատեղի: Բլօէշթ քաղաքի քսան տնուոր հայութեան մէջ, բացի «Րաֆֆի»ի մասնաճիւղէն, իր ջանքերով կը կազմուի Հ. Յ. Դ. Կարպատի մեկուսի կոմիտէութեան ենթակայ Բլօէշթի Ենթակոմիտէն: 1944 Օգոստոսին, երբ պոլշեւիկեան բանակը կը հասնի Բլօէշթ եւ յետոյ Պուքրէշ, մինչ շատ շատերը մոռացութեան տալով ամէն սրբութիւն, իրենց սեփական կաշին փրկելու հոգերով միայն տարուած էին, Գրիգոր Ամիրեան, ընկերակցութեամբ Ս. Ս.ի, լծուեցաւ ամբողջ կուսակցական արխիւի ոչնչացման, որուն կարեւոր մէկ մասը կը գտնուէր Բլօէշթի մէջ:
Ասոնք են, իր ամփոփ գիծերուն մէջ, կեանքի էջերը ողբացեալ Գրիգոր Ամիրեանի: Ինչպէս իր մասին խօսող բոլոր դամբանախօսները շեշտեցին, զինուորական ու հանրային բեղուն եւ անձնուրաց գործունէութեամբ հարուստ այս մարդը, հետամուտ չեղաւ երբե՜ք հարստութիւն դիզելու եւ ոչ ալ փառքի ետեւէ վազելու: «Համեստներուն մէջ համեստագոյն մարդն էր ան» բնոորշեց զինքը, իր էն մօտիկ ընկերներէն ընկ. Երուանդ Ֆրանգեան եւ որ իւրացուեցաւ գրեթէ բոլոր դամբանախօսներուն կողմէ:
Հանգուցեալ Գրիգոր Ամիրեանի յուղարկաւորութիւնը յայտարարուեցաւ «կուսակցական յուղարկաւորութիւն»: Կրօնական արարողութենէն դուրս, մնացեալ բոլոր թաղմանական կարգադրութիւններոէն կազմակերիչն ու ղեկավարողը Քալիֆորնիոյ Կ. Կոմիտէն էր:
Տարաբախտ ընկերոջ դագաղը զետեղուած էր Բիրօ եղբայրներու մեռելատան մատուռին մէջ, ուր կատարուեցաւ թաղմանական տնային արարողութիւնը, Երկուշաբթի երեկոյեան, 10 Օգոստոս, 1964: Ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը եկած էր իրենց յարգանքի վերջին տուրքը տալու հանգուցեալ ընկերոջ: Սգակիրներէն կարեւոր մէկ մասը կը մնար մատուռի շէնքին շրջապատին մէջ, ներսը տեղի չգոյութեան հետեւանքով: Մատուռին ամբողջ ճակատի պատի երկայնքին, ուր դրուած էր հանգուցեալին դագաղը, զետեղուած էին բազմաթիւ ծաղկեպսակներ, իր զաւակներուն, իր քեռորդի՝ պարոն Ճորճ Մարտիկեանի, Հ. Յ. Դ. Կ. Կ.ի եւ իր պատկանած Գարեգին Նժդեհ կոմիտէի եւ զանազան մարմիններու ու բարեկամներու կողմէ: Հանգուցեալ ընկերոջ կտակին համաձայն, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ եղան ի նպաստ Հ. Յ. Դ. Վեթերաններու ֆընտին:
* * *
Երկուշաբթի երեկոյեան, մատրան մէջ տեղի ունեցած կրօնական արարողութիւններէն յետոյ, դամբանախօսեց Ս. Խաչ եկեղեցիի հովիւ Հայր Սմբատ վրդ. Լափաճեան, որ յուզմունքով լեցուն իր խօսքերուն ընթացքին ան ըսաւ. «Քիչերը միայն արժանի են այն պատուին, որ իրենց դագաղը կը ծածկուի հայրենի եռագոյնով: Գրիգոր Ամիրեան կը վարձատրուի ազգային այս մեծ պատուով, որովհետեւ ան իր կեանքին ամէնէն թանկագին օրերը տրամադրած է այդ Եռագոյնի պաշտպանութեան»: Հայր Լափաճեան ողբացեալին իբր մարդ եւ հայ արժանիքները թուելէ յետոյ, եզրափակեց իր խօսքերը ըսելով. «Տխրելու, ողբալու, անմխիթար ըլլալու պատճառներ չունինք ողբացեալ Գրիգորի մահուան պարագային: Ան լեցուն կեանք մը ունեցաւ, զոհողութիւններով եւ հերոսական կռիւներով հարուստ՝ ինքնագոհ կեանք մը: Բախտաւոր եղաւ իբր հայ, քանի որ գիտցաւ եւ կրցաւ նուիրել իր բոլոր կարողութիւններն ու զոհաբերութիւնները հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն»: Հայր Լափաճեանի դամբանականէն յետոյ, Արժ. Տ. Վահրիճ քահանայ Շիրինեան, յուզմունքով կարդաց գրութիւնը՝ հանգուցեալին քեռորդի՝ պրն. Ճորճ Մարտիկեանի, որ չէր կրցած իր սրելի մօրեղօր թաղման ներկայ ըլլալ՝ բժիշկներուն արգելքին պատճառով: Իր կողմէ ղրկած էր «Անչա»ի քարտուղար պրն. Պարտիզեանը, իսկ Մարտիկեան ընտանիքին կողմէ՝ տիկին Ն. Մարտիկեան:
Կանգնած՝ Երուանդ Ֆնտքեան, Միսաք Կիրակոսեան (Երկանեանի հետ Խան Խոյսկին եւ Խան Մամեդովը ահաբեկողը) Նստած ձախէն՝ Արամ Երկանեան, Գրիգոր Ամիրեան, Միսաք Թորլաքեան |
Իր մօրեղբօր ուղղուած վշտալի խօսքերուն մէջ, պրն. Մարտիկեան կը շեշտէր, թէ հանգուցեալ ընկեր Գրիգոր Ամիրեան, եղած է «Նահապետը Մարտիկեան եւ Ամիրեան գերդաստաններուն» եւ թէ ինք մխիթարուած է որ ապարդիւն չեն անցած իր ճիգերը, որպէսզի ազատէ զայն ու անոր ընտանիքը պոշեւիկներէն: Պրն. Մարտիկեան, իր մօրեղբօր հանդէպ ունեցած երախտագիտական զգացումներուն իբր վերջին արտայայտութիւն, հայաստանեան ափ մը հող ղրկած էր, որպէսզի թափուի անոր գերեզմանին մէջ, ճիշդ այն հողէն, որուն մէկ մասը իր իսկ ձեռքով թափած էր ողբացեալ Զարեհ Կաթողիկոսի դամբանին մէջ եւ որուն մնացած մասն ալ վերապահած էր իրեն համար, կտակելով որ այդ հողի մասունքէն իր բաժինը ըլլայ, երբ իր ալ մահուան ժամը հնչէ:
Յաջորդ օրը, Երեքշաբթի 11 Օգոստոս, Ս. Խաչ եկեղեցիին էմջ թաղմանական կարգ կատարուելէն յետոյ, թաղուեցաւ Լոս Անճէլէսի «Յաւէտ կանաչ» գերեզմանատան մէջ, բազմահարիւր սգակիրներու ներկայութեան:
Հանգուցեալին դագաղակիրներն էին Հ. Յ. Դ. Քալիֆորնիոյ Կ. Կոմիտէի եւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ընկերները:
Ացի Լոս Անճելաբնակ ընկերներէն եւ համակիրներէն, Հ. ՅԴ. Քալիֆորնիոյ շրջանի Սան Ոդին Հովիտի ընկերներուն կողմէ եկած էր պատուիրակութիւն մը ընկ. Համազասպ Պսակեանի գլխաւորութեամբ. Իսկ Ֆրէզնոյէն յատկապէս եկած էին իրենց վերջին յարգանքը տալու ընկերներ Վահրամ Յարութիւնեան եւ Վարդգէս Մսրլեան: Ս. Ֆրանսիքոյէն եկած էին պրն. Սուրէն Սարոյեան, Արմէն Պարտիզեան եւ ընկ. Արամ: Մեքսիքոյէն յատկապէս կեած էր ընկ. Առաքելեան, իսկ սգակիրներուն մէջ, բացի իր տարաբախտ կնոջմէն եւ զաւակներէն իր հարսներն ու փեսան՝ իրենց պարագաներով: Ընտանեկան պարագաներուն մաս կը կազմէր տիկին Նազենի Մարտիկեան, տիկին Ռստիկեան, Կակոսեան ընտանիքի անդամները եւ ընկ. Երուանդ Ֆընտըգեանի ընտանիքը, իբր հանգուցեալին է՛ն մօտիկ ընտանեկան բարեկամը:
Գերեզմանատան մէջ, Հայր Լափաճեան օրհնեց Հ. Յ. Դ. Քալիֆորիոյ Կ. Կ.ի ատենապետ ընկեր Յակոբ Մանճիկեանի ափին մէջ գտնուած հայաստանեան հողը, ղրկուած պրն. Մարտիկեանի կողմէ, զոր ցրիւ տրուեցաւ հանգուցեալին մահաշունչ մարմնին վրայ:
Հոս, գերեզմանատան մէջ, խօսեցաւ ընկ. Յակոբ Մանճիկեան, յանուն շրջանի ընկերներուն եւ մարմիններուն: «Իր ընտանիքին հետ համահաւասար չափով վշտահար է նաեւ դաշնակցական համայն ընտանիքը», ըսաւ ընկ. Մանճիկեան: «Ընկ. Գրիգոր Ամիրեանի թողուցած պարապը կարելի պիտի չըլլայ լեցնել, որովհետեւ իբր Դաշնակցութեան միջին սերունդին ներկայացուցիչ, ան անթերի եւ տիպար անձնազոհ մըն էր: Մեծութիւններ կան որոնք ինչքա՜ն ալ թագնուին համեստութեան քօղին տակ, տակաւին աննշան չեն մնար իրենց կատարած գործով: Նման մեծ մարդ մը, մեծ հայ մը եւ պաշտելի դաշնակցական մըն էր հանգուցեալ ընկերը, ըսաւ դամբանախօս ընկերը՝ եւ թուեց այն բոլոր առաքինութիւնները, որոնք սիրելի դարձուցած էին հանգուցեալը բոլորին՝ անխտիր: Գերեզմանատան մէջ խօսք առաւ նաեւ ընկ. Ե. Ֆընտըգեան, իբր հանգուցեալին մտերիմը եւ բացի անոր կենսագրականէն, յիշեց նաեւ անոր նկարագրի գիրծերը եւ գրելու շնորհները:
Թաղումէն յետոյ հոգեճաշ տրուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցիի կից սրահին մէջ, ուր ընկ. Բիւզանդ Կռանեանի հրաւէրով հետզհետէ յարգանքի խօսք ըսին եւ ցաւակցական արտայայտութիւններ ունեցան, Հ. Յ. Դ. Քալիֆորնիոյ շրջանի քարտուղար գործիչ ընկ. Զարեհ Զարգուն, Լոս Անճելէսի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ատենապետ ընկ. Տիգրան Աւետիսեան, Սան-Ոդին Հովտի դաշնակցական կազմակերպութեանց կողմէ ընկ. Համազասո Պսակեան, Հ. Օ. Մ.ի կողմէ՝ ընկերուհի Ովսաննա Յակոբեան, Ս. Խաչ եկեղեցիի ատենապետ՝ ընկ. Մկրտիչ Գանտիլեան, յանուն ռումանահայերուն՝ ընկ. Ս. Սարունի, իսկ պրն. Ճորճ Մարտիկեանի եւ Մարտիկեան ընտանիքի կողմէ, նաեւ աննապէս իր կողմէն՝ Արմէն Պարտիզեան: Յարգանքի եւ ոգեկոչման խօսք ըրաւ ընկ. Հ. Քարեան, իր եւ իր ընտանիքին կողմէ, հանգուցեալ ընկ. Ամիրեանի յիշատակին:
Բացայայտ էր որ բոլոր դամբանախօսներուն արտայայտութիւնները, յետ մահու շռայլուած ապսպրանքներ չէին: Հանգուցեալ Գրիգոր Ամիրեանի նկարագիրն է որ պարտադրած էր բոլորին խոնարհութեամբ հսկել իր անշունչ մարմնին առջեւ ու անոր յիշատակին ոգեկոչումը առիթ նկատել վերանորոգելու բոլորիս համար սրբազան մեր ուխտերը:
Փակման խօսքը բաժինն էր ընկեր Բիւզանդ Կռանեանին, որ ի վեր հանեց իբր մարդ եւ իբր դաշնակցական հանգուցեալին բարեմասնութիւնները, ըսելով որ բարութեան եւ համեստութեան տիպար երկու անձ ճանչցած է, որոնցմէ մէկը ողբացեալ ընկ. Համօ Օհանջանեանն է եղած եւ երկրորդը ընկ. Գրիգոր Ամիրեանը, միշտ պահելով անշուշտ իրենց ունեցած դիրքին համեմատութիւնները:
Վերջին խօսքը առաւ հանգուցեալ ընկերոջ փեսան՝ ընկ. Մարտիրոս ասպարեան, որ յանուն Ամիրեան ընտանիքին եւ բոլոր պարագաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ սգակիրներուն, որոնք ցաւակցական իրենց խօսքը ըրին եւ կամ իրենց ներկայութեամբ յարգեցին յիշատակը իրենց սիրելիին:
Ցաւակցական
հեռագիրներ ղրկած էին Հիւս. Ամերիկայի Կ. Կոմիտէն, եւ բազմաթիւ բարեկամներ զանազան
քաղաքներէ:
(14 Օգոստոս, 1964)