Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խիզախ ու անվեհեր ահաբեկիչներու ընտրեալ փաղանգին կը պատկանէր Արամ Երկանեանը:
Իր յանդուգն ու վերին աստիճան զգայուն խառնուածքին մեծ չափով ազդած էին պատանեկան տարիքին ստացած առաջին յեղափոխական ներշնչումները՝ Ստեփան Ստեփանեանէ (Բալաջան) եւ Սարգիս Օհանջանեանէ, որոնք Դաշնակցութեան առաջին օրերու յեղափոխական քուրայի մէջ թրծուած էին: Առաջինը՝ Կուկունեանի արշաւախմբին մասկանցած էր, Սախալին աքսորուած եւ անկէ հազար ու մի տանջանքներով փախած Պարսկաստան, ուր նուիրուեր էր յեղափոխական կեանքի: Երկրորդը նոյնպէս նախորդ դարուն իննիսունական թուականներէն միշտ յեղափոխական գործօն դերի մէջ էր եղած, քանի մ'անգամ երկիր էր մտած կամ զինատար խմբերու եւ կամ մասնակցած արշաւախումբի, ինչպէս Խանասորինը: Ահա այս վտարանդի յեղափոխականները, որոնք Կովկասում ծայր տուած Դաշնակցութեան հալածանքներէն խուսափելով եւ Թուրքիոյ սահմանադրական կարգերու համեմատաբար թոյլատու դրութենէն օգտուելով, առժամապէս ապաստանած էին Կարին, եղան Արամին առաջին յեղափոխական ուսուցիչները:
Արամ տարագրութենէ խուսափած էր իբրեւ ոսկերիչի աշակերտ: Նահանգային արհեստագիտական վարժարանին համար ամէն արհեստներէ վարպետներ էին նշանակուած եւ Արամն ալ իր վարպետ Եատօեան Խաչատուրին հետ զերծ էր մնացեր տարագրութենէ:
1916-ին, երբ Ռուս բանակը Կարինը կը գրաւէ, Արամը կը մեկնի Կովկաս՝ ուսումը շարունակելու համար:
1917-ին, երբ ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով բանակը քայքայուեցաւ, Հայոց Ազգային Խորհուրդին զօրակոչին ընդառաջող առաջին ճակատ մեկնողներէն էր Արամը: Կարին-Բաբերդ գծին վրայ Բռնակապանի հեռախօսի եւ պահեստներու հսկող կը կարգուի Գրիգոր Ամիրեանի կողմէ եւ մինչեւ նահանջի վերջին վայրկեանը կառչած կը մնայ իր պարտականութեան: Ապա, վերէն տրուած հրամանին վրայ, պահեստները պայթեցնելէ վերջ կը միանայ նահանջող զօրամասերուն:
Կարնոյ մէջ, Արմենակ Միրզոյեանի հրամանատարութեան տակ, կազմուած էր գիշերային հսկիչ խումբ մը մեծ մասով քաղաքի երիտասարդներէ: Ասոնք նկատած էին թուրք ծպտուած զինուորներ, բայց իրենց փոքրաթիւ ոյժով չէին համարձակած ձերբակալելու այդ թուրք զինուորները: Ապահովութեան Խորհուրդը այդ գործը կը յանձնէ Արամին: Սա յաջող կերպով, նախ, կը չեզօքացնէ, ապա կը մաքրագործէ զանոնք մինչեւ Սարիղամիշ, իսկ անկէ ետք կը միանայ Դրօի զօրամասին՝ նշանակուելով Զեմլեակի դասակին մէջ գնդացիրային բաժինի հրամանատար: Կը մասնակցի Բաշ-Ապարանի վճռական ճակատամարտին:
1919-ին Արամ մէկ քանի աչքի ընկած նուիրեալներու հետ յատուկ գործերու համար կը դրուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան տրամադրութեան տակ:
Արամ կ'անցնի Թիֆլիս, ուր Գոլովինսկայա պողոտայի վրայ կ'ահաբեկէ թուրք ջարդարար Ղասըմբէկովը, իսկ 1920-ին Երեւանեան հրապարակի վրայ՝ Սաֆարովը: Նոյն տարին Գոլովինսկայա պողոտային վրայ կը սպանէ Խան Խոյսկին, միաժամանակ վիրաւորելով Խան Մամէտովը:
Երեք անգամին ալ, օրը ցերեկով բազմամարդ հրապարակի եւ պողոտայի վրայ եւ, առանց հետք թողնելու, ան կատարեր էր իր գործը եւ անհետացեր:
Պէտք է նկատի առնել նաեւ այն պարագան, որ պատուհասուած ջարդարարները անտեղեակ չէին իրենց սպառնացող վտանգին: Ատոնք 1919-ի Բագուի 30,000 հայերու կոտորածը ղեկավարող Ազէրբէյճանի կառավարութեան գործօն անդամներէն էին, մանաւանդ Խան Խոյսկին, որ կը պտտէր միշտ շրջապատուած մաւզերիստ «ղոչախներով», եւ որուն նախորդ ահաբեկումի երկու փորձերը ձախողած էին: Արամը, իր արագաշարժութեան եւ իր ընկերներու առաջացուցած շփոթին շնորհիւ՝ յաջողած էր իր հետքը կորսնցնել:
* * *
Արամը Արշ. Շիրակեանի հետ վրացիի մը բնակարանի մէջ սենեակ մը վարձած՝ կ'ապրէին: Օր մըն ալ ոստիկանութիւնը կը խուզարկէ ամբողջ բնակարանը՝ ձերբակալելու համար յայտնի բոլշեւիկ տանուտէրը, որը փախստական էր: Մեր երկու երիտասարդներն ալ, իբրեւ անոր գաղափարակից, կը տարուին Մետեխի բանտը:
Արամի հայրենակից եւ մտերիմ ընկերներէն Վահրամ Բրուտեանի փուռը ամէնօրեայ ճաշի ժամադրավայր մ'էր մեր տղոց համար: Երբ քանի մ'օր կը բացակային, Վահրամը մտատանջութեան կ'ենթարկուի եւ պէտք եղած տեղը կը յայտնէ: Այնտեղ զինքը կը զգուշացնեն չայցելել, բայց հեռուէն հետեւիլ՝ առանց ցոյց տալու որեւէ ծանօթութիւն:
Երբ ամիսներ տեւող քննութիւնը կը պարզէ, որ մեր տղաքը բոլշեւիկութեան հետ որեւէ կապ չունին, բանտէն կ'ազատուին ու կը մեկնին Բաթում՝ Պօլիս երթալու համար: Վահրամը արդէն հոն էր: Կը գտնեն զիրար: Տղաքը նաւ նստելու դժուարութիւն ունենալնին՝ կը յայտնեն անոր:
Այդ օրերուն յոյն գաղթականներ փոխադրող Մարմնի վարիչին հետ ունեցած ծանօթութեան շնորհիւ, Վահրամը կը յջաողի ճամբու դնել տղաքը դէպի Պօլիս: Քաղաքական վերուվայրումի եւ անապահովութեան պատճառով, Վահրամն ալ կը փոխադրուի Պօլիս, ուր դարձեալ կը գտնեն զիրար:
Օր մը Դարպասեան Հրանդը (Պլօն) շնչապառ կը մտնէ Վահրամին մօտ եւ կը յայտնէ, որ թուրք եւ անգլիական ոստիկաններ «Ճակատամարտ»ի խմբագրատունը խուզարկած են եւ կասկած կայ, որ Արամը կը փնտռեն: Ուստի պէտք էր, որ ան իր տեղը փոխէր: Քիչ վերջ, երբ կուգայ Արամը, նոյնը կը հաստատէ:
Բաթումէն մեկնելու պահուն Արամը թուղթերու կապոց մը (հաւանաբար իր յուշագրութիւնը) տուած էր Վահրամին, որ պահէ: Այժմ անկէ կ'առնէ այդ կապոցը եւ միասին կը վառեն:
1921-ի Նոյեմբերի վերջերը Արամը հրահանգ կը ստանայ վերին մարմնէն մեկնիլ Վիեննա եւ հոն սպասել նոր կարգադրութեան:
Այստեղէն արդէն ունինք Արամի ձեռքով գրուած յուշերը: Ուստի, աւելի լաւ է, որ խօսքը այժմ տանք իրեն.
* * *
«Երբ կը բաժնուէի իրմէ (Հրաչ Փափազեանը) նոյն ժպիտով, պատգամ առած քուրմի մը պէս ան մրմնջաց.
–Պէհաէտտին Շաքիրն է բաժինդ:
Պէհաէտտին Շաքի՜ր... Այդ անունը գլխու պտոյտ մը պատճառեց: Վախ չէր զգացածս, վստահ եմ, անկարելի երանութեան մը զգացումը թերեւս, որ կը պատէ հոգեկան յուզումը, տեսակ մը թմրած վիճակի մատնուիլը, մինչեւ որ ան կ'ըսէ.
–Արամ, քալէ:
Կը մտնենք Թագսիմի պարտէզը, հեռաւոր անկիւն մը կը նստինք: Գարեջուր կ'ապսպրէ:
–Յաջողութիւն գնդակիդ եւ կենացդ, Արամ» – ըսաւ. –Գիտե՞ս, Արամ, ինչո՛ւ մաղթանքս առաջ գնդակիդ յաջողութեան է, յետոյ՝ կեանքիդ: Ահաբեկիչի մը առաջին պարտքն է իր գնդակին յաջողութեան եւ յետոյ՝ իր կեանքի փրկութեան մասին մտածելը: Լաւագոյն ահաբեկիչն ան է, որ իր առաքելութիւնը կատարելէ առաջ՝ կը մտածէ միայն իր նշանին վրայ. իսկ նշանը նպատակին հասնելէ վերջ միայն՝ իր կեանքին վրայ: Երկու միտք միաժամանակ կամ փոխնիփոխ արգելուած է վրէժխնդրական գիտութեան մէջ: Երբ նաւուն մէջ առանձին կ'ըլլաս, երկարօրէն յիշէ վայրկեանները Գալավինսկիի վրայ, երբ մատդ ատրճանակիդ բլդակին վրայ էր Խան Խոյսկիի դէմ, շրջապատուած մավզերիստներով, եւ յաջողութիւնդ պիտի հաստատէ բառերուս ճշտութիւնը:
–Իսկ Պէհաէտտին Շաքի՞րը...
–Դուն պէտք է լաւագոյն կերպով ճանչնաս ան, որ քեզի վիճակուեցաւ: Լսած ես անունը, բայց գուցէ չես գիտեր, թէ ո՞վ է ան, ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի Մեծ Եղեռնին մէջ: Պէտք է գիտնաս՝ կշռելու համար նշանառութեանդ բացարձակ մահացութիւնը: Թալեա՜թը՝ Թալեա՛թ էր: Եւ եթէ առաջնութիւնն ունի, որովհետեւ առաջին նախարարն էր, մեծ եպարքոսը: Իսկ Պէհաէտտին Շաքի՞րը... Ով որ կրնայ կշռել մէկ միլիոն հայ դիակները, ան միայն պիտի կարենայ կշռել այս երկուքի ոճրամտութիւնը: Պէհաէտտինը Սելանիքի փոստի պաշտօնեայ մը չէր, այլ համալսարանական մը, բժիշկ մը: Ան Իթթիհատի անթագ թագաւորներէն մէկն է: Կը բաւէ, որ գիտնաս թէ անոր վստահուեցաւ բացարձակ լիազօրութիւնը, Թրքահայաստանի ամէն մէկ նահանգին մէջ հայասպան ոճիրին տառացի գործադրութեանը հսկողութիւնը, եւ ան նահանգէ-նահանգ պտտեցաւ, ու վալիները ձեռք կապեցին առջեւ: Որպէսզի ըմբռնես թէ ով է ան, որ քու գնդակիդ կը սպասէ: Ան էր, որ Տրապիզոնի հայ մանուկներուն ծով թափուելուն գազանամտութիւնը վաւերացուց եւ Ճէմալ Ազմի փաշային ձեռքով գործադրել տուաւ: Ան էր, որ յղացաւ թոյնով բնաջնջել բոլոր այն մանուկները, որոնք դեռ կրնային յիշել իրենց հայրն ու մայրը: Եւ այս ոճրագործը տառացի կերպով այցելեց ամէն կեդրոն, քննեց ու կշռեց վալիներու գազանութիւնը, կազմակերպեց տեղահանութիւնները: Ան էր, իր կազմած չէթաներու գլուխն անցած, Կարնոյ հայկական Քէմախ-Էօղազին առաջնորդողն ու ջարդելու ձեւերն ու ջարդարարները որոշողը: Վա՜յ այն պաշտօնեային, որուն մօտ ան գազանութեան տկարութեան մը կասկածը նշմարէր. Վալի ըլլար թէ որեւէ այլ պաշտօնեայ, մէկ բառով կը փոխարինուէր անով, որու մարդակերպութիւնը երաշխաւորուած կը գտնէր...
–Հերի՜ք է,– բացականչեցի ես ինքնաբերաբար:
–Հերի՞ք է: Լաւ: Մնացածը կը խօսիմ քեզ այն օրը, երբ կատարեալ եւրոպացի ճէնթլմէնի ծպտումով այդ բորենին տեսնես Պելինի մէջ»:
Նաւուն Վրայ
Եւ ստացած հրահանգին համաձայն, Արամը Իտալիոյ Պրինտիզի նաւահանգիստէն երկաթուղով կ'երթայ Վիեննա՝ հոն սպասելու նոր հրահանգի:
«Ու կ'երթամ ահա հոգիս յաղթանակի մը բացուած տրոփումներով» կը յիշէր ան:
Նաւուն մէջ, իր բոլոր խոհերը գլխէն վանելով, կեդրոնացած է ուսումնասիրելու Տոքթ. Պէհաէտտինի պատկերը, զոր մեկնելէ առաջ տրուած էր իրեն: Ահա իր խօսքերը.-
Ձեռքս մեքենաբար, իբրեւ մէկ բջիջը ուղեղիս, որ կը շարժի խորհուրդիս հետ, կը տանիմ գրպանս, ուրկէ դուրս կուգայ պատկերն անոր, որ այլեւս իմ միակ ցանկալին է: Երեբեք չեմ տեսած Պէհաէտտինը. կը դիտեմ իր պատկերը, որ ինձ յանձնուած է ա՜յնքան դիտել զինքը, որ ծպտումի մը մէջ անգամ կարելի ըլլայ ճանչնալ զինքը առաջին իսկ հանդիպումին: Այդ իմ պարտադիր դասն է մինչեւ Պրինտիզի, ուր ոտք դնելէ առաջ, պէտք է պատռտեմ եւ կտորները թափեմ ծովը, – այս է հրահանգը, – ինչպէս որ ինք հայ կեանքերը բզքտեց ու թափեց գետերն ու անապատները: Պէտք է դիտեմ ամէն մէկ կէտը այս լուսանկարին վրայ, մինչեւ որ իր տիրոջ հետ ըլլամ ընտանի մահուան չափ: Կարելի՞ է որեւէ մէկուն ցոյց տալ այս պատկերը եւ համոզել զայն, թէ այս կերպարանքին տակ տարտարոսի հրէշ մըն է թագնուած: Թիկնեղ, սիրուն դէմքով, արտայայտիչ աչքերով, խիտ, սանտրուած մազերով, եւրոպական տարազով պատկեր մը, որ իր վրայ ոչինչ ունի ասիացիական, մանաւանդ մոնղոլական: Բայց միլիոնով զոհերը կը գոռան ահա, թէ այո՛, մարդկային այդ կերպարանքին տակ հայակեր դեւ մը կայ եւ իրենք անոր դեւութեան զոհերն են:
Կանգնած՝ Երուանդ Ֆնտքեան, Միսաք Կիրակոսեան (Երկանեանի հետ Խան Խոյսկին եւ Խան Մամեդովը ահաբեկողը) Նստած ձախէն՝ Արամ Երկանեան, Գրիգոր Ամիրեան, Միսաք Թորլաքեան |
Ու կը սկսիմ երեւակայութեամբ ծպտել զայն, – մորուսաւոր, անպեխ-անմորուս, գունաւոր ակնոցներով եւայլն: – Որովհետեւ – կ'ըսէ – երթալ Պերլին, ծովեր կտրել միլիոնով նահատակներու վրիժահիւս մտրակէն խարազանուած եւ հանդիպիլ իրեն, ինչ ծպտումի մէջ ալ ըլլայ, եւ չճանչնալ զինքը, չըսել իրեն թէ հայու վրէժխնդիր գնդակը բոլոր ծպտումներու ետեւ կը գտնէ ոճրաբոյն ուղեղը... Ալ ինչպէ՞ս ազատիլ նահատակներու անէծքէն: Կը սարսափիմ այդ միտքէն: Իսկ ազնուական նախանձը Սողոմոնին փառապսակ վրէժին հանդէպ իր բաշերը կը ցնցէ հոգիիս մէջ: Աչքիս առջեւն է անոր առիւծային գեղեցիկ գլուխը. նախանձիս մէջէն ան կ'երեւայ հրաշքի մը գեղեցկութեամբ, որ ահա կը ժպտի ինծի, եղբայրական ներշնչումի մը քաղցրութեամբ, կարծես ըսել ուզէ «Արամ, ուխտդ ուխտական»:
Ի՜նչ քաղցր է այս ներշնչումը այս պահուն, երբ կը զգամ ձեռքիս թուղթի ծանրութիւնը, որու վրայէն գազանի մը պատկերը ինծի կը նայի:
Ու այսպէս, ես մոռցայ ծովն ու երկինքը, եւ իմ օրերը եղան դասի ու ներշնչումի օրեր:
«–Լաւագոյն ահաբեկիչն ան է, որ իր առաքելութիւնը կատարելէ առաջ կը մտածէ միա՛յն իր նշանին վրայ. իսկ նշանը զարնելէ յետոյ միայն իր կեանքին վրայ... Այս բառերը սաստի մը պէս կը վանէին որեւէ հարց, որ կը փորձէր ուղեղես յուզել, – բռնւիլ, բանտակուիլ, դատուիլ, դատապարտուիլ... Բայց այդ բոլորը երբե՛ք՝ Պէհաէտտինի սատակումէն առաջ: Եւ Սողոմոնը կրկին կը ժպտար:
Եւ դասը սերտած ինքնավստահ աշակերտի մը պէս, որը քննութեան կ'երթայ, Պրինտիզի առջեւ երբ նաւը պիտի խարսխէր, ես վստահ, որ կրնամ առանց նշումի գծագրել տասնեակ մը Պէհաէտտիններ, բրդուճ-բրդուճ ծովը թափեցի անոր նկարը, ինչպէս իր իրենք շիկացած ունելիներով կսմիթ-կսմիթ փրցուցեր էին միսերը իմ ազգին»...
* * *
Պրինտիզի հասնելուս՝ երբեք չեմ կրնար մոռնալ այն ուժեղ ապրումը, որ ունեցայ Պրինտիզի ոտք դնելու իսկ վայրկեանին:
Լրագրավաճառներու հեւասպառ վազքը, արտակարգ պոռչտուքները, Սաիտ-Հալիմ փաշայի անունը, անոր պատկերը լրագրի առաջին էջին վրայ կ'ապացուցանէին զգայացունց դէպքի մը գոյութիւնը: Բայց իտալերէն չգիտնալուն՝ դէպքին բուն էութեանը – Արամը չէր կրնար թափանցել: Երկաթուղու գնացքին միեւնոյն խուցին մէջ երկու թուրքերու խօւսակցութենէն միայն կը հասկնայ տեղի ունեցածը:
Շոգեկառքին մէջ, որ զիս պիտի տանի Միլան – կը պատմէ ան, – բարեբախտաբար, նոյն կառախուցին մէջ ընկերակից կ'ըլլամ երկու թուրք ճամբորդներու. անոնք կը խօսէին յուզուած եւ հառաջելով: «Սայիտ Հալիմ փաշան ալ կերան»...
Հասկցայ: Բայց ո՞ւր, ո՞վ է, ինչպէ՞ս, բռնուա՞ծ են թէ ոչ՝ հարցերը կը սկսին ուղեղս մրճահարել, ինչպէս որ դարբինները դէմ դէմի կանգնած՝ կը ծեծեն կարմրած երկաթը սալին վրայ:
Չեմ ուզեր խօսքի խառնուիլ. ես պարսիկ եմ առանց պարսկերէն գիտնալու: Իսկ անոնք ալ կարծես մոռցած են, որ օտար մը կայ իրենց մօտ. հառաջանքներու եւ անեծքի խառնուրդով կցկտուր բառեր միայն դուրս կուտան: Պաուզաներով երկար լռութենէ ետք, որ զիս ենթարկած էր ջղագրգիռ անհամբեր վիճակի, երիտասարդը կրկին աչքերը կը սեւեռէ թերթին վրայ: Տարեցը, որ կարծէք կը սպասէր անոր շարժումին, խորունկ հառաջով մը կը խնդրէ երիտասարդէն, որ ըսէ մանրամասն ի՛նչ որ թերթին մէջ գրուած է: Հազիւ կը զսպեմ ինքզինքս՝ չցատկելու համար տեղէս:
Երիտասարդը կը սկսի պատմել, աչքերը թերթին.
«–Նախորդ երեկոյ, Հռոմի մէջ Սայիտ Հալիմ փաշան ժամը 6ին, երբ իր թիկնապահ-գրագրին հետ կառքով կը վերադառնար իր վիլլան, հազիւ կառքը կանգ առած դրան առջեւ, երիտասարդ մը կը ցատկէ կառքին սանտխամատին վրայ եւ վայրկեանապէս անոր գլուխին մէջ կը տեղաւորէ գնդակ մը: Ա՜յնքան արագ տեղի կ'ունենայ այս ժեստը եւ ատրճանակի փողը գրեթէ գլուխին դպչելու չափ մօտ, որ մօտը նստողը չի կրնար ըմբռնել թէ ի՞նչ պատահեցաւ, ոչ ալ ատրճանակի պայթիւնը նման էր պայթիւնի: Ահաբեկիչը արդէն ցատկած՝ կը վազէր մայթին վրայէն: Երբ Սայիտ Հալիմի գլուխը կ'իյնայ թիկնապահի ուսին վրայ, – ան խելքի կուգայ թէ փաշան զարնուած է: Այլայլած՝ կը հրամայէ կառապանին քշել սպաննիչին վազած ուղղութեամբ: Բայց այդ միջոցին կառքերու եւ օթօներու հոսանքն ու խառնուրդը արգելք կ'ըլլան եւ իր պոռչտուքը՝ «Ոճրագործը, ոճրագործը, բռնեցէ՛ք»... հազիւ թէ ուշադրութիւն կը գրաւէ, մինչ ահաբեկիչը կը դառնայ մօտիկ փողոց մը ու կը կորսնցնէ իր հետքը...»:
Սիրտս կը զարնէ ուժգին: Ուրեմն՝ բռնուած չէ:
«–Պարզ է, –երիտասարդը կը շարունակէ թարգմանել – կատարուածը քաղաքական ահաբեկում մըն է եւ շատ գործակիցներով ու ճարպիկ ձեւով կազմակերպուած: Որովհետեւ տեսնուած է, որ ահաբեկիչը փողոցը դառնալու ատեն նետած է իր թեւին ունեցած վերարկուն եւ այնտեղ սպասող մէկը վերցուցած է զայն ու անհետացած: Կառքերու եւ օթօներու խաժամուժը ենթադրել կուտայ, որ կազմակերպողները վարձած են անոնցմէ շատերը՝ խռնուելու, որպէսզի ահաբեկիչի փախուստը դիւրացնեն: Տարակոյս չկայ, որ այս սպանութիւնն ալ գործն է հայկական այն կազմակերպութեան, որ ինն ամիս առաջ Պերլինի մէջ սպանեց Թալէաթ փաշան: Ոստիկանական հետապնդումները անցած են ապարդիւն»:
«–Քեաֆիրներ, քեաֆիրներ, – կը հառաջէ տարեցը, վրդովուած.
«Ի՞նչ տեսակ ոստիկանութիւն է, որ չի կրնար աչքի առջեւ եղած սպանիչ մը ձերբակալել:
«Եթէ ձերբակալէին՝ ի՞նչ...
«Ճիշտ ես, – լրացուց միւսը նոյն ընկճուած շունչով, – Թալէաթ փաշային սպանիչը ձերբակալեցին մեր զինակից գերմանները: Արդի՞ւնքը: Ազատ արձակեցին:
Եւ այս եզրակացութիւնը յուսահատութեան թանձր քողով մը պարուրեց զիրենք եւ լռեցին:
Արեւ մը կը ժպտէր հոգիիս մէջ: Կը դիտէի զիրենք գողումի ու բարձրաձայն խնդալու փափաք մը կը զգայի:
* * *
Սայիտ Հալիմի յաջող մահափորձը երջանիկ անուրջներու գիրկը կը ձգէ Արամը: Սակայն, պահ մը ետք նոր մտքեր կ'արթննան անոր գլխուն մէջ:
Արդեօ՞ք Սայիտ Հալիմի սպաննութիւնը չի դժուարացներ իր գործը: Վեց ամոսւայ մէջ Թալէաթը՝ Բերլին, Ջիւանշիրը՝ Պօլիս, Հալիմը՝ Հռոմ եւ ես ահա ինքս ճամբուն վրայ Պէհաէտտին Շաքիրի համար:
Երկար խորհրդածութիւններ ու մտածումներ կը պաշարեն, եւ հաւանական խոչնդոտներու շարքը կը մտատանջէ զինքը:
Որպէսզի պարտութեան մատնեմ տրամաբանութեան հետ կապուած ամէն հարց ու պատասխան, հրամայողի մը պէս, որ իրաւունք ունի միայն հրամայելու եւ երբէք չպատճառաբանելու իր հրամանը՝ կ'ըսեմ. «Թո՛ղ ըլլայ ինչ որ կ'ուզէ... Պէհաէտտինը պէտք է սպանուի, եւ ես պիտի սպաննեմ զայն, հոգ չէ թէ հազար Սայիտի սպաննութիւն հազար տեսակ ձեւով դժուարացնէ գործս, կ'եզրակացնէ Արամ:
Վիեննայի Մէջ
Ստոյգ յաղթանակի գացող զինուորի մը հոգետանջ սպասումը եղաւ իմ կեանքը Վիեննայի մէջ երկու շաբաթ: Եւ երբ ան (Հ. Փ.) դէմս կանգնեցաւ, զգացի ինձ ընտանի, իմ հոգիս կշտացնող աշխարհի մը մէջ ընկայ, երբ իր խօսուն ժպիտը դէմքին մօտս կանգնեցաւ: Ես չկրցայ պատասխանել իր ժպիտին անոր անակնկալ երեւումին պատճառով. բայց ան կրցաւ թափանցել իմ հոգու խորքը եւ, կանխելու համար իմ կողմէ որեւէ հարցում. «Շուտով Գերմանիա կը մեկնինք» – ըսաւ: Համբերութեան դաս մըն էր այս, թէեւ դաժան, բայց անհրաժեշտ՝ հարուածը ճիշտ նշանին զարնելու համար: Բերլինի մէջ թերեւս կրկնուի այս դասը, հակառակ անհամբեր Նեմեսիսին, որով, Արամ, Վիեննայի սպասումի դասդ իր օգուտ կ'ունենայ»:
«–Բայց այնտեղ գոնէ որսի մօտն ըլլալու տաքութիւնը կայ, առարկեցի ես:
«–Տաքութիւն մը, որ կրակի պէս է. քանի մօտենաս աւելի կ'այրէ, – ըսաւ ան»:
Բերլինի Մէջ
Ճամբու ընթացքին Արամի մտորումները կեդրոնացած են ուսումնասիրելու իրեն տրուած մանրամասնութիւնները երթալիք հիւրանոցի, ճաշարանի մասին, ուր պիտի կենար եւ ճաշէր, այցելելիք սրճարանը եւ անոր հետ հանդիպելու մասին:
Ղեկավարին վրայ անկասկածելի վստահութիւնը զինուորին համար յաղթանակի ստուգութիւն է, եւ ես անսահման վստահութիւն ունէի իմ ղեկավարի վրայ:
Համաձայն նախօրոք եղած պայմանին՝ երկու օր ետք, երեկոյեան ճիշտ ժամը 9ին ղեկավարը կը մտնէ կաֆէն, ուր առաջին հանդիպումը պիտի ունենային:
Քիչ վերջը, առանց ակնարկ մ'իսկ նետելու ինձ, ելաւ տեղէն եւ դանդաղ քայլերով բարձրացաւ սանդուխէն: Գտայ զինք միզարանի մէջ: Ժպտեցաւ, բայց նկատելի էր ծանր հոգի մը հետքը:
«–Կը հետեւիս ինձ, երբ ես դուրս գամ, – եւ անմիջապէս դուրս ելաւ:
Կէս ժամ անցած՝ ես կը հետեւէի անոր ստուերի մը պէս, մինչեւ որ հասանք մութ անկիւն մը:
«–Կրկնեմ, – ըսաւ՝ առանց յառաջաբանի, – ո՛չ մէկ գինով, ոչ մէկ պայմանի տակ իրարու ծանօթներ ենք: Ամէն երեկոյ դու կը ստանաս յաջորդ օրուայ ծրագիրը եւ գիշերուայ հանդիպումի ձեւն ու վայրը՝ զեկուցանելու համար թէ կատարուա՞ծ են նախորդ օրուայ հրահանգները: Երկու շաբաթ արգիլուած է, եւ պէտք չէ այս շրջանները շատ երեւիս: Երբէք պէտք չէ երեւաս Ճէմալ Ազմիին խանութին բոլորտիքը, ոչ ալ Ուլանդ փողոցի անոր տան շուրջը: Ուրեմն՝ երկու շաբաթ քեզ վագանս. իսկ զգուշացիր խաբուիլ երիտ...
«–Կրնաս վստահ ըլլալ, – իր խօսքը ընդհատեցի՝ հասկնալով իր միտքը:
«–Վաղը նորէն ժամը 9-ին քեզ կը գտնեմ Էնգլիշէս Քաֆէի մէջ եւ կրկին կը հետեւիս ինձ, երբ դուրս ելլեմ: Մի մոռնար, որ պարսիկ ես եւ միայն պարսիկ: Հիմա հետեւէ՛ ինձ կրկին հեռուէն:
Արգելքը, որ երկու շաբաթ Ճեմալ Ազմիի խանութին եւ տունին շուրջը չերեւիմ, ամբողջ գիշերը միտքս խռովեց: Այդ հանելուկը պարզուեցաւ միայն, երբ ամէն ինչ վերջացած էր:
Վիեննայի մէջ լուր ստացած է եղեր եւ Բերլին հասնելուն ստուգած, որ Ամերիկայի գերմանական դեսպանութիւնը Արտաքին գործոց նախարարութեան լուր է տուած Բերլին ահաբեկիչներ գալու եւ Պէհաէտտին Շաքիր ու Ճեմալ Ազմին սպաննելու մասին: Եւ ոստիկանապետի հրամանին վրայ զինուած հսկողութեան տակ առնուած էին կարեւոր կէտեր:
Երկրորդ գիշերուայ մեր հանդիպումին՝ ես հարցուցի, թէ Թալէաթի տունը, սպաննուած կէտը եւ Սողոմոնի բնակած սենեակը արգելուա՞ծ շրջանակին մէջ կ'իյնա՞ն: Ան հասկցաւ միտքս, եւ իր թափանցող հայեացքը ժպիտով մը վազեց երակներէս ներս:
Հաւատացէք, որ քաջութիւն եւ յանդգնութիւն ստանալու համար չէր, այլ հաղորդութիւն հոգեկան անզուսպ քաղձրագոյն ապրումներու, որոնք միայն կարելի է զգալ, բայց երբեք բացատրել: Գերագոյն հաճոյքի մը անձնասիրութի՞ւն: Թո՛ղ այդպէս ըլլայ: Սուրբ է ան. ի՛նչ որ ալ ըլլայ անունը:
Յաջորդ օրը շեկավարս կը քալէր իմ առջեւէն, ինչպէս մենտոր դէպի հաղորդութիւն: Պայմանական նշանները տուած էր երէկ գիշեր:
Ապա Արամ երկար ու գեղեցիկ կերպով կը պատմէ իր խորհդածութիւնները Հանդէնբերկ պողոտայի վրայ կատարուածի եւ այն կէտերու մասին, որոնք իր ոտքին տակ էին կամ աչքին առջեւ...
Փըթի Շանի մայթին վրայ ես կոխեր էի Ճիւանշիրի արիւնի բիծին: Ահա Թալեաթի արիւնաշաղախ ուղեղին բջիջները ոտքերուս տակ: Կ'երդնում, որ երկու ոտքով անվրէպ պիտի կոխեմ Պէհաէտտինի արիւնին վրայ:
Երկու շաբաթուայ արգելքէն վերջ, կը սկսին հետապնդումները ծայր աստիճան շրջահայեաց ու զգուշաւոր կերպով: Յաջորդաբար կը գտնեն հետքերը Պէյրութի վալի Ազմիին, Պէհաէտտինին: Ամէն երեկոյ նշանակուած վայրին մէջ կը հանդիպին օրուան ընթացքին կատարուած հետապնդումներու մասին զեկուցում տալու եւ լսելու, եւ յաջորդ օրուայ համար նոր հրահանգներ տալու եւ ստանալու համար:
Ղեկավարին ծայր աստիճան խստապահանջ ըլլալու մասին Արամ քանի մ'անգամ կ'անդրադառնայ, կը յիշէ պարտականութեան մէջ թերացող, մանաւանդ շինծու եւ ստայօդ զեկուցում տուող մէկը, որուն ղեկավարը Ս. գիրով կ'անուանէ եւ, ճամբու ծախքը տալով, կտրուկ կը հրամայէ քսանչորս ժամէն հեռանալ Գերմանիոյ սահմանէն:
Ապրիլ 17ն է, Զատիկի երկրորդ Մեռելոցի օրը:
Ժամը հինգի ատենները Ճէմալ Ազմին իր փաշայական շորշորուն քալուածքով տարեր էինք Ազմիին տունը: Ժամը 6ին մօտերը Ուլանդ փողոցի երկանքին կը հետեւէինք Պէհաէտտին Շաքիրին իր կնոջ հետ. ան ալ կը մտնէր նոյն տունէն ներս: Ահա գեղեցկուհի տիկին Թալեաթն ալ ժտուն կու գայ միանալու խնճոյքին:
Երրորդ յարկի (Ազմի պէյի յարկաբաժնի) պատուհաններէն լոյսը կը յորդի:
Այս գիշեր պիտի վերջանայ, ամէն գինով, – ահա վերջին պահանջը, որ կը տրուի մեզի, որոշուելէ ետք բռնուելիք կէտերը եւ փողոցը, ուրկէ պիտի փախէինք: Անպայման որոշ հեռաւորութենէ յետոյ թաքսիով պէտք է երթայինք մինչեւ Ունդէր Տէն-Լինտէն՝ փոխելով թաքսին: Ամէն ոք՝ իր սենեակը, յաջորդ օրը իրար հանդիպելու համար:
Պատարագը Ճէմալ Ազմիին դուռին առջեւ պիտի տեղի ունենար, երբ որոշ հեռաւորութեան վրայ մեր ղեկավարը կ'առաջնորդէր խումբը մինչեւ մեր սպասելիք կէտը:
Գիտէինք, որ անոնք ժամը 11էն առաջ նման հաւաքոյթներու վերջ չէին տար: Չդիմանալով սպասումի դժոխային ճնշումին՝ թողուցինք կէտերը, ուր պէտք էր սպասէինք մինչեւ դիմացի մայթէն ղեկավարի անցքը, իբրեւ ազդարարութիւն խումբի գալուն ուստի՝ պատրաստ:
Կարգապահութեան հակառակ քայլ մըն էր, որ անշուշտ իր խիստ հետեւանքը պիտի ունենար, եթէ մեր յաջողութիւնը չքաւէր այդ զանցառութիւնը:
Կտրեցինք մայթը: Մեր ակնարկները իրար դիպան: Հրամանը վճռական էր: Հասկցանք իրար:
Անցաւ խումբը մեր առջեւէն, որ երկու հարիւր քայլ հեռու Ճէմալ Ազմիի դռնէն կը բացուէր Ուլանդի վրայ: Մենք դուրս կու գանք իբրեւ պատահական անցորդ կողմնակի փողոցէ դուրս եկողներ:
Ճէմալ Ազմի եւ Պէհաէտտինը խումբին կը հետեւին, մէջտեղը տիկին Թալէաթն է, տաք եւ ուրախ խօսակցութեամբ:
Խումբը հասաւ դուռը: Մենք անոնց կռնակը:
Տիկ. Թալէաթը առաջ հրելը եւ երկու գնդակ գանկերուն մէջ գամելը, ակնթարթ մը միայն առաւ: Վայրկեանի մը քարացած լռութեան յաջորդեց ողբուկոծ «պապա, պապա», երբ երկու դիակներ փռուեցան իրարու վրայ:
Ինչպէ՞ս եղաւ, չեմ գիտեր: Տեսայ, որ գետին ինկած էր նաեւ Թորգոմը (Շիրակեանը), ատրճանակը ձեռքէն թռած, իսկ Տիկին Թալէաթը, հակառակ բոլորի վլվլուկներուն եւ դիակներու վրայ թափուելնուն, կը ճգնի բռնել Թորգոմը: Ատրճանակիս փողը իր կրծքին ուղղուած՝ ընկրկել տուաւ զինք: Նորէն քայլ մը եւ բռնելու ճիգ մը: Կրկին սպառնալիք, մինչեւ որ սատանայի ճկունութեամբ Թորգոմը արդէն ցատկած էր:
Մենք արդէն Լուտվիգ փողոցի վրայ ենք. իսկ երբ օգնութեան աղաղակները կը ստափեցնէին քարացած անցորդները ու կը բացուէին պատուհանները, մենք արդէն անցած ու դարձած էինք քանի մը փողոցներ, ուր այլեւս չէին հասներ ճիչ ու աղաղակ:
Բերլինի փողոցները անսովոր ոչինչ ունէին, երբ թաքսին զիս կը տանէր Ունդեր-Տէն-Լինտէն եւ ուրիշ թաքսի մըն ալ յետոյ՝ իմ սենեակս: Ա՜յնքան թեթեւ կը զգայի, կարծես լեռ մը ինկած էր կուրծքիս վրայէն: Վստահ էի գնդակիս մահացութեան մասին:
Հատուցուած էր ուխտը հայ մեռելոցին:
Ահաբեկումէն Յետոյ
Մենք վերջացուցած էինք մեր գործը: Գործի սկսած էր Գերման ոստիկանութիւնը...
Նոյն գիշերն իսկ, սպանուածներու դիակները դիարան փոխադրուելէ վերջ, ոստիկանութեան խուզարկու շուներով ձեռնարկած հետապնդումները դրական ելքի մը չէին յանգած:
Համոզուած, որ տարի մ'առաջ Հանդէմբերկ փողոցի գործի շարունակութիւնն էր, այսինքն՝ հայերու գործ, Բերլին ապրող, մանաւանդ անցեալ տարի վկայութիւն տուած հայերը խումբ-խումբ կ'առաջնորդէին ոստիկանատուն եւ, ամէնահեռաւոր հաւանական փաստ մ'իսկ չէր գտնուեր:
Տրուած ընդհանուր եւ խիստ հրամանի մը վրայ՝ Միւնիխէն տանուտէր գերմանուհի մը յայտնած էր, որ իր վարձակալներէն հայ երիտասարդ մը (Բէրբէրեան) Զատկուայ արձակուրդը Բերլին էր անցուցած:
Տիկ. Թալէաթն ալ յայտնած էր, թէ ինք կը ճանչնայ եղէր ահաբեկիչները: Ատոր համար բոլոր ձերբակալուածները կը ներկայացուէին անոր, եւ անոնք «Այդ չէ» անոր խօսքին վրայ ազատ կ'արձակէին բռնուածը: Բայց Բէրբէրեանը տեսնելուն՝ տիկ. Թալէաթը ըսած էր. «Մէկը աս էր, որը ես բռնած էի. միւսին ատրճանակը կուրծքիս սպառնալուն՝ ասիկա փախաւ»:
Զարմանալի զուգադիպութիւն մըն էր Բէրբէրեանի դէմքին նմանութիւնը Արշաւիրին, ինչ որ հիմք ծառայած էր տիկ. Թալէաթի ըսելուն, թէ. «Մէկը աս էր»:
Ոստիկանութիւնը, համոզուած որ, վերջապէս, գտնուած էր կատարուած սպանութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Բերբէրեանի վրայ եւ անոր քննութեան ատեն ամէն տեսակ հնարամտութիւններ կը գործադրէ, մինչեւ անգամ գիշեր մը մահափորձի աքտը կատարել կուտան Բերբէրեանի ներկայութեան՝ անոր դէմքին վրայ հոգեկան ալեկոծումի նշաններ նկատելու յոյսով: Սակայն, երիտասարդի բացարձակ անտարբեր եւ սառը վերաբերմումը այդ գերակատարութեան հանդէպ, կը շփոթեցնէ ոստիկանութիւնը: Այս անգամ կասկածի կ'ենթարկուի թրքուհին որը ճնշումի կ'ենկարկուի եւ որուն «ստոյգը» կը փոխուի «կարծեմ թէ»ի:
Երբ ոստիկանական բոլոր միջոցները կը սպառին եւ որեւէ փաստ երեւան չի գար, վեց ամիս չարչարելէ ետք Բերբէրեան ազատ կ'արձակուի:
Իսկ մեր հերոսները, Բերբէրեանի ձերբակալումէն յետոյ, սահմաններու խստութեան համեմատաբար թուլնալէն օգտուելով, երկու շաբաթ վերջը կ'անցնին Աւստրիա, անկէ ալ Սոֆիա, ուր իրենցմէ երկու օր առաջ Պելճիքա անցած ու անկէ հոն հասած ղեկավարին պիտի հանդիպէին:
Արամը մինչեւ 1927 Ռումանիա կը մնայ, անկէ Արժանդին կը մեկնի, ուր կը մնայ միշտ եռանդով «Արմենիա»ին փակած:
Բուէնոս Այրէսի մէջ մեծահարուստ գորգի վաճառական մը, տեսնելով Արամին մէջ ճարպիկ ու գործունեայ երիտասարդ մը, գոհացուցիչ վարձատրութեամբ պաշտօն կ'առաջարկէ, պայմանաւ որ կուսակցութենէն հրաժարի: Ինչ խօսք որ Արամը կտրուկ կը մերժէ:
1931ին Արամը կ'ամուսնանայ: Բայց շուտով, դժբախտաբար թոքախտի նշաններ կ'երեւան, որպէս հետեւանք անդաստական եւ չարքաշ կեանքի: Ձեռք առնուած բոլոր միջոցները ի զուր կ'անցնին: Երկուքուկէս տարի անողոք հիւանդութեան դէմ մաքառելէ ետք, 1934ին, 34 տարիքին ան յաւիտեան կը փակէ աչքերը: