Նախորդ թիւով, հիմնական ախտանշումներու գծով, մենք անդրադարձանք միջազգային այն երկու հուժկու հոսանքներուն, որոնք յոռի եւ այլասերիչ ներգործութիւն կ'ունենան հայ երիտասարդութեան վրայ՝ գաղափարական, ազգային ու բարոյական մարզի մէջ:
Այս հոսանքներէն առաջինը համայնավարութիւնն է, որ կը յատկանշուի այսպէս կոչուած մարքսեան միջազգայնութեամբ եւ որուն գլխաւոր նպատակներէն մէկն է քանդել ազգային միջնորմները եւ ստեղծել մէկ ու միապաղաղ մարդկութիւն, համաշխարհային պետականութեամբ:
Երկրորդը աշխարհաքաղաքացիական հոսանքն է, որ կը խորհրդանշուի ամերիկանիզմով եւ որ նոյնպէս քանդելու կը ձգտի ազգային միջնորմներն ու առանձնայատկութիւնները, յանուն մէկ ու միացեալ մարդկային ընկերութեան ստեղծման:
Երկու շարժումներուն ալ համար ազգային արժէքներ, ազգային նպատակներ, ազգային մտահոգութիւններ գոյութիւն չունին, գոյութիւն չունին նոյնպէս (եւ բնակա՛նաբար) ազգային մշակոյթներ, ազգային լեզուներ, ազգային-քաղաքական կառոյցներ, լաւագոյն պարագային եթէ այս բոլորը գոյութիւն իսկ ունին, գոյութիւն ունին իբրեւ ստորադաս, ժամանակաւոր ու անցողական արժէքներ եւ երեւոյթներ: Գերադաս ու գերազանց արժէքը դասակարգն է կամ անդէմ ու անդիմագիծ մարդկութիւնը:
Ուստի գոյութեան իմաստ ու իրաւունք չունին ո՛չ հայրենիքը եւ ոչ ալ ազգային անկախ պետականութիւնը, որոնք մարդկութիւնը մասնատելու եւ դասակարգը պառակտելու ու տկարացնելու բնոյթ միայն ունին եւ կը կազմեն մարդկային յառաջդիմութեան գլխաւոր արգելակները:
Ճիշդ այս պատճառով ալ թէ՛ մէկ եւ թէ միւս շարժումը ազգային բնոյթ չունին, այլ ունին միջազգային կամ մարդկային նկարագիր: Համայնավարութիւնը քաղաքական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, դասակարգային հողի վրայ աշխարհաքաղաքացիութիւնը ապաքաղաքական ու ապաբարոյ մտայնութիւն մը կամ հոսանք մըն է, մարդկային (եսակա՛ն) բնութագրով:
Բոլոր պայմաններուն մէջ, երկու շարժումներն ալ կը դաւանին, թէ մարդ արարածը տնտեսական կենդանի մըն է էապէս եւ մարդկութեան առաջին նպատակը տնտեսական բարօրութիւնն ու յառաջդիմութիւնն է ճշմարտապէս:
Համայնավարութեան համար կեցութիւնն է ակնաղբիւրը գիտակցութեան: Աշխարհաքաղաքացիութեան համար անձն է առանցքը մարդկային ընկերութեան եւ տնտեսական բարօրութիւնն է անհատին մղիչ գլխաւոր ոյժը:
Այս երկու շարժումներն են ահա, որ, երկու հողմային հուժկու ու հակընդդէմ հոսանքներու պէս, կը հարուածեն սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը գաղափարական, իմացական, բարոյական ու ընկերային ճակատի վրայ, յատկապէս գեր-ձախողութեան եւ գեր-ազգային գաղափարախօսական նշանախօսքերու տակ:
Նշենք անցողակի, որ այս երկու շարժումներու ազդեցութեան դէմ գոյութիւն ունի եւ կը զարգանայ նո՛յնքան ուժեղ հակազդեցութիւն մը,– համայնավարութիւնը, օրինակ, վերջին քսանամեակին, այլազան ու բազմակողմանի ցնցումներու իբրեւ հետեւանք, աստիճանաբար կը բռնէ ազգայնացման ուղին:
Սակայն այս ազգայնացումը իր էութենէն չի բխիր, իր վարդապետութեան բնական հետեւանքը չէ, հետեւանքը չէ նաեւ իր քաղաքական կառոյցին, այլ, ընդհակառա՛կն, հետեւանք է իր ձախողութեան, մարդկային բնութեան եւ մադկային ընկերութեան արդի կառոյցին իր խորթ նկարագրին, արուեստական բնոյթին:
Աշխարհաքաղաքացիական հոսանքը եւս կը հանդիպի զօրեղ հակազդեցութեան՝ մարդկային զանգուածներու աստիճանական ու յարատեւ քաղաքականացումին, ազգայնացումին եւ բարոյական ամուր նկարագրի կերտումին իբրեւ հետեւանք:
Ահա այս պայմաններուն մէջ, սփիւռքահայ երիտասարդութեան (նաեւ՝ զանգուածներո՛ւն) բարոյական, գաղափարական, քաղաքական ու ազգային իմացումներու գերագոյն ապաւէնը, անսասան խարիսխը եւ անխորտակելի պատուանդանը պիտի կազմէր Հայրենիքը, Հայաստա՛նը, հայկական պետութի՛ւնը, բնակա՛նաբար եւ հասկնալի՛ պատճառներով:
–Մենք ամենայն հայոց կառավարութիւն չենք,– կը յանկերգէին տեւաբար Հայաստանի համայնավար վարիչները: Ի հարկ է, դեռ այսօր ալ հակառակը չեն ըսեր եւ պիտի չըսեն հաւանաբար նաեւ վաղը, թէեւ ամէն օր քիչ մը աւելիով կը ջանան հակառակը ձեւացնել:...
Հայաստանի խորհրդային վարիչները սակայն, իբրեւ մեկնակէտ ունենանլով համայնավար վարդապետութիւնը, անտես կ'առնէին եւ տակաւին մինչեւ այսօր կ'ոտնակոխեն հիմնական ճշմարտութիւն մը, որ Հայաստանը ամենայն հայոց հայրենիքն է: Որ այդ Հայաստանը, աշխարհ մը զոհողութեանց ու անթիւ զոհերու արեան գնով, վեց հարիւր տարուան գերութենէ ետք, ստեղծուած էր բովանդակ (բանուո՜ր թէ քաղքենի՛) հայ ժողովուրդին կողմէ եւ բովանդակ հայութեան համար: Ի՞նչպէս կարելի է ամենայն հայոց Հայրենիքին մէջ բազմիլ եւ մերժել ամենայն հայոց կառավարութիւն ըլլալ:
Հայսատանի ազատագրութեան պայքարը, որուն լծուած էր Հայ Յեղափոխութիւնը, էապէս եւ գերազանցօրէն ազգային-ազատագրական պայքար մըն էր: Հետեւաբար՝ գերազանցօրէն արդար պայքար մը ոչ միայն հայ բանւորին, այլեւ հայ քաղքենիին համար, նոյնի՛նքն համայնավար վարդապետութեան ըմբռնումով:
Ինչո՞ւ համայնավարութիւնը, երէկ եւ այսօր հաւասարապէս, թեր է եւ կ'օժանդակէ ազգային-ազատագրական բոլոր շարժումներուն աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ եւ նոյն բարեացակամութիւնն ու օժանդակութիւնը կը զլանայ այսպէս կոչուած հայ քաղքենիին՝ մերժելով եւ... ամչնալով ինքզինք ամենայն հայոց կառավարութիւն դաւանելու:
Ա՛լ չենք խօսիր այն մասին, թէ հայ քաղքենիութիւնը ..., որեւէ գործօն ու արդիւնաւոր մասնակցութիւն չէր ունեցած Հայաստանի ազատագրութեան գործին, ընդհակառակն, ըմդդիմացած էր եւ նոյնիսկ պայքարած էր Հայ Յեղափոխութեան դէմ:
Ճշմարտութիւնը այն է, որ հայ ազատագրական պայքարին մէջ նոյնքան մեծ բացակայ մըն էր նաեւ հայ բանուորութիւնը, որ իբրեւ դասակարգ, համայնավարական ըմբռնումով, դեռ կազմաւորուած չէր ...,:
Հայ Յեղափոխութիւնը կամ հայ ազատագրական շարժումը գործն էր գլխաւորաբար հայ գիւղացիութեան եւ հայ առաջաւոր մտաւորականութեան, որոնք նոյնքան բուռն պայքար կը մղէին նաեւ հայ քաղքենիութեան դէմ, ...:
Ահա այսքան անհեթեթ էր Հայաստանի խորհրդային իշխանութեանց պնդումը, թէ իրենք ամենայն հայոց կառավարութիւն չեն եւ չեն կրնար ըլալլ ա՛յն պատճառաբանութեամբ, որ հայ կեանքի մէջ դասակարգային պայքար մը կը մղուէր եւ հայութիւնը բաժնուած էր երկու հակամարտ ճակատներու,– բանուոր եւ քաղքենի:
Ճիշդ է, բաւական բան փոխուած է վերջին տասնամեակին, մանաւանդ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեանց ու փոխադարձ հաղորդութեան գծով: Սակայն փոխուածը նպատակը չէ, այլ ռազմավարութիւնն է: Այսօր եւս Արտերկրի հայութիւնը որեւէ երաշխիք չունի հաստատելու, թէ ամեայն հայոց հայրենիքին մէջ նստածը ամենայն հայոց կառավարութիւն մըն է: Ընդհակառակն, տեւաբար անոր կը ներշնչուի այն զգացումը, թէ Հայաստանի մէջ գործողը ամենայն հայոց եւ համազգային առաքելութեան ու դերակատարութեան լծուած կառավարութիւն մը չէ, այլ դասակարգային հորիզոնով ու մտահոգութիւններով գործող իշխանութիւն մըն է:
Թող ոչ ոք աճապարէ յուշելու. մենք եւս կը տեսնենք, թէ ժամանակները փոխուած են մի քիչ եւ Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակին իրականացաւ աներեւակայելին,– Սարդարապատ, Ծիծեռնակաբերդ, Սասունցի Դաւիթի արձան, Անդրանիկ եւայլն, եւայլն: Այս բոլորը դրական ու յուսադրիչ երեւոյթներ են անշուշտ:
Մինչ ճիշդ հակառակը պէտք է տեղի ունենար: Հայ ազգային Դատի դրօշակիրը ամենայն հայոց հայրենիքի կառավարութիւնը պիտի ըլլար միջազգային քաղաքական թատերաբեմի վրայ... իբրեւ, վերջապէս, ամենայն հայոց կառավարութիւն, համազգային առաքելութեան մը ճամբուն վրայ:
Ճի՛շդ է, աւելի՛ քան խրախուսիչ ճշմարտութիւն է, արդարեւ, որ Հայաստանի (պիտակով կամ առանց պիտակի) ստեղծումով, երկու հիմնական, անկիւնադարձային յեղաբեկումներ տեղի ունեցան հայ կեանքի մէջ.
Բ.- Հայ ստեղծագործ միտքը եւս կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ, գաղութներէն հայրենիք վերադառնալով: Հայ մտաւորականութիւնը հայրենացաւ եւ հայ մշակութային կեանքը ապաստանեցաւ ու կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ:
Սակայն Հայաստանի խորհրդայնացման եւ համայնավար իշխանութեանց այլամերժ ու ազգային քաղաքականութեան ու վարքագիծին հետեւանքով, նոյնքան կենսական երկու ուրիշ կեդրոնացումներ չիրականացան, դժբախտաբար, եւ հաւանաբար դեռ երկար ատեն ալ չիրականանան:
1.- Հայ
քաղաքական մտքի կեդրոնացում հայրենի երկրի մէջ.
2.- Հայ տնտեսական կեանքի կեդրոնացում Հայաստանի մէջ:
Այս երկու բացերը հիմնական նշանակութիւն ունին հայ ժողովուրդի բնականոն զարգացման եւ Հայ Դատի լուծման տեսակէտէն:
Հայ քաղաքական միտքը հալածական է ու աքսորական՝ հայրենիքէն: Հալածական ու աքսորական վիճակի մէջ է նաեւ հայ տնտեսական միտքը.- ...:
Նոյն այդ երեւոյթներն են դարձեալ, համայնավար գաղափարախօսութեան ու գործնական այլամերժ քաղաքականութեան բերումով, որ արգելք կը հանդիսանան մեր ազգային միութեան ու միասնականութեան ստեղծման եւ ամրապնդման:
Այնքան ատեն որ հիմնական բարեփոխութիւններ տեղի չեն ունենար Հայաստանի քաղաքական ու ընկերային կառոյցին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խորհրդային իշխանութեանց Արտասահմանի նկատմամբ վարած այլամերժ ու աւերիչ քաղաքականութեան մէջ, այնքան ատեն որ մանաւանդ շօշափելի նուաճումներ ձեռք չեն բերուիր Հայ Դատի լուծման ճանապարհին, ա՛յնքան ատեն պիտի տեւէ ու շարունակուի հայ քաղաքական մտքի տագնապը, մասնաւորաբար հայ երիտասարդութեան տագնապը, իր այլազան երեսներով եւ առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ:
Մինչեւ որ հայրենի իշխանութեանց քաղաքական վարքագիծը ազգայնօրէն առողջ հունի մէջ չմտնէ, անհնար է, որ Արտերկրի հայութիւնը եւ առանձնապէս երիտասարդութիւնը ազգայնօրէն առողջ մթնոլորտի մէջ ապրի ու զարգանայ:
Հայաստանի դրական, ազգայնօրէն շինիչ դերակատարութիւնը հիմնական նշանակութիւն ունի: Ահա՛ այն, ինչ որ ներկայիս կը պակսի յատկապէս հայ երիտասարդութեան, իբրեւ բարոյական ու գաղափարական պատւանդան:
Ս. Կալեան (Զէյթլեան)
Զ. Գլխաւոր Ախտանիշները
Ե. «Երկուութեան Փարատումը»
Դ. «Փակ Միջավայրը»
Գ. Համադրութիւն եւ Հակադրութիւն