05 May, 2022

Արմէն Սեւան. Յովհաննէս Տեւէճեան (1892-1976)


Երկուշաբթի, 3 Մայիսի երեկոյեան ժամը 6ին իր բնակարանին մէջ եւ յետ երկարատեւ անհանգստութեան մահկանացու իր կեանքը կնքեց վեթերան դաշնակցական, վաստակաւոր հանրային եւ կրթական գործիչ, գրող եւ կուսակցական ղեկավար ընկ. Յովհաննէս Տէվէճեան, յառաջացեալ տարիքի մէջ:

Ողբացեալ ընկերը շիջեցաւ խաղաղութեան մէջ, շրջապատուած իր հարազատներէն, որոնք մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանները կարելի բոլոր հոգածութիւնները ցոյց տուին երկարաձգելու համար իր կեանքը, որ երիտասարդութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն յատկանշուեցաւ անսակարկ ծառայութեամբ, գաղափարական նուիրումով եւ ազգային, կրթական ու գրական կալուածներու մէջ կուտակուած անխոնջ վաստակով մը: Նաեւ այն մարտնչումներով եւ տառապանքներով, որոնք բաժինը եղան իրեն սերնդակից բոլոր նւիրեալ մարդոց:

Արդարեւ, պայքարի ու գաղափարի ընկեր՝ Վրացեաններու եւ Շանթերու, անհետացող ընկերը 1920ական թուականներէն մինչեւ իր մահը ապրեցաւ խոր ոգեւորութիւններով ու նաեւ խոր յուսաբեկումներով լեցուն կեանք մը, ամէն պարագայի տակ մնալով միշտ գաղափարի ու պայքարի պատնէշի վրայ, նախ իր կարելին ընծայաբերելով հայրենիքի վերակերտումին, եւ ապա նուիրուելով հայ ժողովուրդի մտաւոր-մշակութային եւ քաղաքական վերականգնումի տքնաջան աշխատանքին, Պոլսէն Սոֆիա ու Երեւանէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս, ֆիզիքապէս ու հոգեպէս բաժնելով դաշնակցականի ծառայութեան պարտքը ու նաեւ դաշնակցականի՛ վիճակուած տառապանքի տուրքը:

Ողբացեալ ընկերը, գրական ծածկանունով Արմէն Սեւան, ծնած էր Արաբկիրի Մաշկերտ գիւղը, 1892ին: Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք Հալէպի մէջ, 1911ին կ'աւարտէ Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանը եւ կը հետեւի Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանի դասընթացքներուն: Զօրակոչի կ'ենթարկուի 1914ին եւ մեծ վտանգներ աչք առնելով կը յաջողի ապաստանիլ Պուլկարիա: Պոլսոյ մէջ անդամ է Հ. Յ. Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Շահրիկեանի եւ այլոց հետ: 1920ին Երեւան է, ուր կը մասնակցի Հ. Յ. Դ. 9րդ Ընդհանուր ժողովին եւ այնուհետեւ կը վարէ Անկախ Հայաստանի Նախարարաց Խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը: Փետրուարեան ապստամբութեան շրջանին, կը նախագահէ Ծաղկաձորի Փրկութեան Կոմիտէին: Մաս կը կազմէ նաեւ Ս. Վրացեանի Զանգեզուրեան կառավարութեան, իբրեւ արդարադատութեան եւ կրթական նախարար: Այնուհետեւ կը հաստատուի Պուլկարիա, ուր կը նուիրուի հանրային, կուսակցական, կրթական եւ գրական ծառայութեան:

Կարմիր բանակի կողմէ Ռումանիոյ գրաւումով բազմաթիւ դաշնակցական գործիչներու եւ մտաւորականներու հետ կը ձերբակալուի եւ կը դատապարտուի 8 տարի բանտարկութեան, 1947-ին: Ստալինի մահէն ետք, ընդհանուր ներումի հետեւանքով ազատ արձակուելով կը վերադառնայ Պուլկարիա, ուրկէ կը միանայ իր ընտանիքին, Պ. Այրէս 1956ին:

Արժանթինահայ մեր գաղութին մէջ, ընկ. Յովհաննէս Տէվէճեան անվարան հաւատքով եւ նուիրումով լծուեցաւ կուսակցական, կրթական եւ հանրային ծառայութեան, ու շուրջ երկու տասնամեակ մնաց դարձեալ պատնէշի վրայ, յանուն հայ քաղաքական դատի վերարծարծումին եւ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան: Տարիներով եղաւ տնօրէն Խրիմեան Կրթ. Հիմնարկութեան, վարեց ԱՐՄԵՆԻԱ-յի խմբագրութիւնը եւ ունեցաւ կուսակցական, գրական եւ կրթական գործունէութիւն մը:

«Արմենիա», Պուէնոս Այրէս. 45-րդ տարի, Թիւ 8830
 Ուրբաթ 7 Մայիս 1976. Ա. էջ
1973ին, Հայ Կեդրոնի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ իր հանրային եւ գրական գործունէութեան 60ամեայ յոբելեանը, իբրեւ սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւն:

Մեր վաստակաւոր ընկերը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր կողակիցը, որուն մահէն ետք քայքայուեցաւ նաեւ իր առողջութիւնը: Հարուածը ծանր եկաւ իրեն, եւ աշխոյժ, զուարթախոհ ու գործունեայ ընկ. Տէվէճեանը օրը-օրին մաշեցաւ իր խոր ցաւին մէջ, թէեւ մինչեւ վերջ պահեց իր մտքին պայծառութիւնը եւ յիշողութիւնը:

Իր մահուան առթած ափսոսանքին մէջ, առայժմ կը բաւարարուինք այս հակիրճ գիծերով, խոնարհելով իր յիշատակին, վաստակին ու նուիրումին առջեւ:

Հանգիստ անմոռանալի ընկ. Տէվէճեանի յոգնաբեկ ոսկորներուն:

«Արմենիա», Պուէնոս Այրէս

47րդ Տարի, ԹԻւ 8828
Չորեքշաբթի, 5 Մայիս 1976

...Մայիս 4ին Պուէնոս-Այրէսի մէջ իր աչքերը յաւիտենութեան կը փակէր ընկեր Յովհաննէս Տեւէճեան, վաստակաւոր ուսուցիչ, գրագէտ եւ ազգային հանրային գործիչ:

Մեր ողբացեալ ընկերը կը պատկանէր սերունդին այն ուսումնատենչ երիտասարդներուն, որոնք գաւառէն կը փութային Պոլիս, միջնակարգ եւ բարձրագոյն վարժարաններու մէջ ուսանելէ ետք վերադառնալու իրենց ծննդավայրը եւ նուիրուելու հանրային գործունէութեան, մասնաւորաբար կրթական ասպարէզին կամ ազգին ծառայելու իբրեւ բժիշկ, փաստաբան կամ ճարտարագէտ:

Տեւէճեան տասը տարեկան էր, 1902ին գաւառի իր ծննդավայրէն ընտանեօք կը փոխադրուէր Հալէպ, ուր ազգային վարժարան յաճախելէ ետք, 1907ին կ'երթար Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանը, որուն շրջանը 1911ին աւարտելով կ'արձանագրուէր Պոլսոյ օսմանեան համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը: Մեծ թիւ մը կը կազմէին իրաւաբանութեան հետեւող հայ ուսանողները Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք, պահ մը աւելի քան հարիւր հոգի: Առանձին ուսանողական միութիւն մըն ալ կազմեր էինք:

Կանուխէն մտած Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը, Տեւէճեան գործօն մասնակցութիւն բերաւ Հ. Յ. Դ. Ուսանողական Միութեան աշխատանքներուն: Ընկերական կապեր հաստատեց Վիշապի շրջանի (Կ. Պոլսոյ) պատասխանատու ընկերնրուն հետ:

1914 Յուլիսի Ընդհանուր Զօրաշարժին, իբրեւ համալսարանի ուսանող, մտաւ Փանկալթիի զինուորական վարժարանը՝ դառնալու համար պահեստի սպայ: Էրզրում ղրկուելու նախօրեակին յաջողեցաւ պուլկարական նաւով մը հեռանալ Պոլսէն 1915ի սկիզբները եւ աշխարհամարտի տարիները անցուց Պուլկարիա, իբրեւ զինուոր Պլովտիւի (Ֆիլիպէ) մէջ: Զինադադարին ստանձնեց Դաշնակցութեան Հայաստան թերթին խմբագրութիւնը Սոֆիայի մէջ:

Հ. Յ. Դ. Պալքանի Կեդր. Կոմիտէին կողմէ ընտրուեցաւ պատգամաւոր Դաշնակցութեան Թ. Ընդհ. Ժողովին, որ գումարուեցաւ 1919ի աշնան Երեւանի մէջ: Տեւէճեան մնաց Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ անկախ Հանրապետութեան դաճլիճին մէջ ստանձնեց պատասխանատու քարտուղարի պաշտօն:

Խորհրդայնացումէն ետք հեռացաւ Հայաստանէն եւ գնաց հաստատուիլ Պալքանները, ուր նախ Պուլկարիոյ, յետոյ Ռումանիոյ մէջ նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին, միաժամանակ աշխատակցելով տեղւոյն դաշնակցական թերթերուն եւ պարբերական հրատարակութեանց (տարեգիրք, եւայլն):

Ինչպէս ամէն պէրպէրեանական, Տեւէճեան եւս օժտուած էր գրելու շնորհքով: Գրական ծածկանունն էր Արմէն Սեւան, զոր պահեց մինչեւ վերջ: 1913ին Սոֆիայի մէջ լոյս ընծայեց գրքոյկ մը՝ Նահատակ գրողներ, Ա. Հատոր: Յետագային պիտի հրատարակէր ուրիշ հատորներ եւս, ինչպէս՝ Երգեր բանտէն, Բանտարկեալի մը յուշերը, Վերջալոյսը տաղեր, եւայլն:

Լեւոն Շանթ, Յ. Տեւէճեան, Յ. Քաջազնունի, Ս. Վրացեան
Եգիպտոս, 1922

Ազդակ Շաբաթօրեակի մէջ հրատարակեց իր ոդիսականն ու զանազան յիշատակներ իր կեանքէն:

1933ին կուգար Փարիզ՝ մասնակցելու Հ. Յ. Դ. ԺԲ. Ընդհ. Ժողովին, իբրեւ պատգամաւոր Պուլկարիոյ Կեդրոնական Կոմիտէութեան:

1944ի աշնան, երբ կարմիր բանակը կը գրաւէր Պալքանները, մեր ողբացեալ ընկերն ալ – որ Պուքրէշ կ'ապրէր,– Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ կարգ մը ականաւոր դաշնակցականներու հետ կ'աքսորւէր Սիպերիա, ուր տասը տարի պիտի քաւէր իր չգործած մեղքերը:

1955ին Ճենովայէն – դէպի Արժանթին իր ընտանիքին մօտ երթալու համար նաւ առնելէ առաջ – մեզի ուղղուած երկար նամակով մը մանրամասնութիւնները կուտար Սիպերիա աքսորուած ողջ կամ մեռած դաշնակցականներու մասին: Առաջին անգամն է, որ ստոյգ տեղեկութիւններ կը ստանայինք երկաթէ վարագոյրին ետեւ տառապող մեր ընկերներուն մասին:

Եւ կեանքի վերջին երկու տասնեակ տարիներուն անընդհատ ազգային – հանրային գործունէութենա պիտի նուիրուէր Պուէնոս Այրէսի մէջ՝ իբրեւ խմբագիր Արմենիայի – ուր գրութիւններ կը ստորագրէր Արտաւազդ Ազատեան անունով եւ կը գրէր խմբագրականները:

Մեծ եղաւ ողբացեալ Տեւէճեանի նպաստը Պուէնոս Այրէսի կրթական գործին, մասնաւորապէս տեղւոյն Արսլանեան, Կեդրոնական, Խրիմեան եւ այլ համեստ դպրոցները ամէնօրեայ վարժարանի վերածելլու աշխատանքին:

Տարիներով վարեց Խրիմեան վարժարանի տեսուչի պատասխանտու պաշտօնը: Հազարներու կը հասնի իր հասցուցած երկսեռ աշակերտութեան թիւը:

Մեծ եղեռնի Յիսնամեակին առթիւ, Տեւէճեան հիմը դրաւ Լատին Ամերիկայի Հայկական Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արժանթինահայ գաղութի բոլոր հոսանքները:

1973 Նոյեմբեր 10ին Պուէնոս Այրէսի մէջ համագաղութային շուքով կատարուեցաւ իբրեւ գրագէտ-մանկավարժ եւ հանրային գործիչ իր պատուաբեր գործունէութեան վաթսունամեակը: Քանի մը տարի առաջ կը կրսնցնէր իր կեանքի ընկերուհին:

Աստղ մը եւս կը մարի հայ մշակոյթի երկնակամարէն:

Հրանտ-Սամուէլ
«Հայրենիք», Պոսթըն
78-րդ Տարի, Թիւ 19,306
Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 1976