Նոր Շիրիմներ
Նօսրանում են կամաց-կամաց «Դաշնակցութեան» հինաւուրց զինւորների շարքերը: Դեռ հազիւ քառասունին հասած՝ նրանք արդէն հիւծւում ու խորտակւում են իրենց կրած զրկանքների ահաւոր բեռի տակ... Երիտասա՜րդ է մեռնում հայ ֆէդային, հայ յեղափոխական ռազմիկն ու քարոզիչը, անգամ ամենէն ուժեղն ու ամրակազմը:
Եւ գնում է այդ երիտասարդ-ծերերի փառաւոր լէգէօնը, գնում է դէպի անդարձ յաւիտենականութիւն՝ դեռ անէծքը շրթունքներին, վրէժի ու արդարութեան չյագեցած ծարաւով, իրենց վսեմ երազների իրագործման կէս-ճամբուն:
Էրզրումից ծանուցին Տուրբախի մահը: Էրզրում էր ապաստանել երկար ժամանակից ի վեր կովկասցի արկածաւոր ֆէդային եւ սիրել էր աղէտների ու առաջին ընդվզումների հայաշունչ միջավայրը, ուր 15 տարի առաջ տնկւել էր իր պաշտելի ընկերոջ, իր Թաթուլի կախաղանը:
Ահա դեռ պարզ տեսնում եմ պարզ տեսնում եմ երկուսին Ղարսի գիշերային ընկերական խնճոյքի մէջ, 1895-ի աշնան օրերին: Շարէ շար նստած են «հին լէգէօնի» բազմաթիւ ներկայացուցիչները, հարիւրաւոր զինւորներ, որ պատրաստւում էին անցնելու կարմիր սահմանագիծը, գնում էին դէպի մահ, ուրախ, անհոգ, երգելով ու պարելով... Թաթուլ, Հրայր, Սերոբ, Տուրբախ, Նադօ... Հնչում է մելամաղձոտ երաժշտութիւնը, սազի ու քամանչայի մերթ զւարթ, մերթ ողբաձայն շեշտերի տակ՝ տղերքը կատարում են իրենց քէյֆը, որից յետոյ, կարգապահ, սպառազինւած, իրենց երկու սիրեցեալ հրամանատարների առաջնորդութեամբ՝ պիտի բռնէին արիւնոտ ճանապարհը:
Այնուհետեև էլ չտեսայ Տուրբախը: Երբեմն-երբեմն արշիվները քրքրելիս տեսնում եմ հին, խոնաւցած դրամապանակը, որ տւել էր ինձ նոյն խորհրդաւոր գիշերային խնճոյքին, իր «Երկիր» մտնելու նախօրեակին. «Ուրիշ բան չունիմ, տա՛ր իբր յեղափոխական – Ժընէվ»...
Մօտ քսան տարի – բուռն, անդուլ, յուզումնալի գործունէութիւն, ուղղւած դէպի հարազատ ժողովրդի երջանկութեան իդէալը, շնչաւորւած մի վառ, անսասան հաւատով... Մերթ Մուշի դաշտերում քրդերի դէմ կռւելիս, մերթ Սասուն, մերթ Կովկաս, Շիրակի, Ղարսի, Թիֆլիսի մէջ, ծառացած Գօլիցինեան հարւածների ու թաթարական խուժանի դէմ:
Յարութիւն Կիրակոսեան (Տուրբախ)
Կարին, ապրիլ 1914
Ծնած է Կարս, 1866 թ. Հայրը բնիկ բիթլիսցի էր, որ պատանեկութեան հասակէն եկած հաստատւած էր Կարս ու հոն ամուսնացած: Փոքրիկ Յարութիւնը, ի բնէ աշխոյժ եւ յանդուգն, միշտ ձիու, որսի եւ հրացանի հետ գործ ունէր: Նա չէր սիրեր իր բիթլիսցիական ծագումը, գրեթէ կը զայրանար, երբ մէկը յիշեցնէր չարաճճիօրէն՝ իր ծագումը:
Շնորհիւ իր արթնամտութեան, անոր հայրը նիւթական բարւօք դիրք մը շինած էր Կարսի մէջ: Հակառակ սակայն հօրը նիւթական կարողութեան հրապոյրներուն՝ 19 տարեկան հասակին մէջ Յարութիւնը կը նետւի յեղափոխական արիւնոտ ճամբան: Այդ այն ժամանակն էր, երբ Կովկասի հայութեան մէջ կը նկատւէր գրական-ազգային շարժում: Ամեն տեղ, անկախ իրարմէ, կը կազմւէին խմբեր, որոնք համարեա նոյն ձգտումը ունէին: Քրիստափոր, տոգորւած նարօտնիկներու գաղափարներով, Թիֆլիսի մէջ կը կազմէր բանւորական խմբեր: Քիչ վերջ, նա, Եուսուֆեան, Մատինեան, Թադէոսեան եւ մէկ երկու ուրիշ ականաւոր ինտելիգենտներ կ'ուրւագծէին ապագայ Դաշնակցութեան հիմքը: Կեանքը ամեն տեղ դրւած էր նոյն պահանջների առջեւ:
Տուրբախն եւս մասնակցեր էր ոչ ուղղակի կերպով, այլ հեռուէ հեռու այդ շարժման: Այստեղ եւս խումբ մը ըմբոստ ու գաղափարական երիտասարդներ գաղտնի ժողովներ կունենային, կը մշակէին ապագայ գործունէութեան ծրագիրը: 90-ական թւականներուն կը միանան այդ բոլոր խմբերը մէկ անւան տակ – ծնունդ կ'առնէ Դաշնակցութիւնը: Քրիստափոր, Զաւարեան եւ ընկերները կը թողուն իրենց համաշխարհայնական գաղափարները եւ կը նետւին հայ ազգային շարժման մէջ:
Առաջին օրէն իսկ, Յարութիւն կը մտնէ Դաշնակցութեան մէջ իր ընկերներով: Շարժումը կը ծաւալի հետզհետէ: Ա՛լ կըսկսի Յարութիւնի համար որոշ, գծւած կեանք մը, ծրագրւած գործունէութիւն մը, որուն կը փարի մեծ եռանդով: Նա շատ կ'ոգեւորւէր Կուկունեանի արշաւանքով:
94 թւին նա արդէն երկիր կը մտնէ ... խմբին հետ: Մուշ, Պուլանըգ, Խնուս եւ Ալաշկերտ կը թափառի միշտ անվախ, միշտ մահը աչքին եւ վրէժը սրտում: Մատնութեան մը հետեւանքով՝ Պուլանըգի կառավարութիւնը կը սկսի խումբը հետապնդել, բայց չի յաջողիր հետքն անգամ գտնել: Մատնութեան հեղինակը կը յայտնւի եւ չարաչար մահով վերջ կը գտնէ յեղափոխական վրէժխնդրութեամբ:
95-ի ջարդի օրերուն՝ Յարութիւնը Խնուսի մէջ էր. կը շրջի գիւղերը, կը քարոզէ: Մահաշունչ իրադէն արդէն կարդացեր էր, կըսպասւէր օրէօր կոտորածի. հայերը կը դիմէին քիւրդ թոռուններուն եւ կը խնդրէին անոնց պաշտպանութիւնը: Յարութիւնը Բուռնազ գիւղն էր. գիւղացիք նախապէս կը խնդրեն Յարութիւնէն ձայն չհանել, երբ գիւղը լեցւի քրդերով: Նա կտրուկ կերպով կը մերժէ եւ միս-մինակ, ծառի վրայէն կը դիմադրէ քրդերու յարձակման: Շնորհիւ իր ծայրայեղ յանդգնութեան կ'ազատւի ստոյգ մահէն ու կ'անցնի Կովկաս:
96 թւին նա նորէն կը մտնէ երկիր եւ այս անգամ՝ Կարին: Սակայն դժբախտաբար շուտով կը բռնւի ու Թաթուլին հետ կը բանտարկւի: Որպէս ռուսական հպատակ, նա կը վայելէ ռուս կօնսիւլի պաշտպանութիւնը ու հակառակ իր մեռնելու ցանկութեան, կը ղրկւի Ռուսաստան չափառի մը հսկողութեամբ: Քեռին խումբ մը ձիաւորներով կը փորձէ փախցնել զայն, բայց նա յանձն չ'առներ, աչքի առջեւ բերելով այն պատասխանատւութիւնն ու դժբախտութիւնը, որին իր պատճառով պիտի ենթարկւէր չափառը եւ իր ընտանիքը: Ոչ մի խօսք չի կարող զինքը համոզել եւ նա յօժարակամ կը յանձնւի ռուս կառավարութեան: Չափառը հազիւ աւարտած էր իր պատականութիւնը բաժինը, երբ արդէն Յարութիւն կը յաջողի փախչիլ Քեռիի հետ եւ ազատւել:
Երկու տարի վերջ կուգայ Կարս եւ կ'ամուսնանայ բնիկ կարնեցի ազգականի մը հետ, որուն հայրը եւս իր կարգին սնւած էր ազգային գաղափարներով եւ ներշնչած զանոնք իր ապագայ փեսացուին:
Ամուսնութիւնը պատճառ մը չէր, որ նա լծւէր ընտանեկան խաղաղ կեանքին: Ութ ամիս վերջ նորէն ձեռք առաւ թափառականի ցուպը,– անցաւ Կաղզւան: Ալէքսանդրօպօլ, Կարս եւ ամեն տեղ. ուր կը մղէր զինքը իր պարտականութեան ձայնը:
Ահա՛ 1903-ը: Ի՜նչ փառահեղ թւական, մանաւանդ ի՜նչ հսկայական թռիչք: Ընդամենը 8 տարի առաջ, մորթոտւող, 300,000 զոհ տւող հայութիւնը կ'ողջունէր նոր արշալոյս մը, այլ եւս չկար հին, աղերսող հայութիւնը, այլ պահանջող, կռւող, յեղափոխական սերունդ մը: Ռուսական յեղափոխութիւնը իր պատկառելի անցեալով չէր տւած այսպիսի փառաւոր արդիւնք, այն ռուսական յեղափոխութիւնը, որ իր հերոսներու աննկուն կամքով ու մաքրութեամբ եղած էր մեր ոգեւորութեան գրեթէ միակ աղբիւրը:
Այդ թւականի սկիզբներուն, մէկիկ մէկիկ խմբերը կ'անցնին դէպի երկիր: Յարութիւնը այդ խմբերու խնամող, գուրգուրացող ձեռքն էր. իր տունը այն գլխաւոր կայանն էր, ուր կանգ կ'առնէին օրերով, ամիսներով մեր ամենապաշտելի գործիչները – Թորգոմ, Մենակ, Վաղարշակ եւայլն:
Տուն, հարստութիւն – ամեն ինչ դրած էր անոնց տրամադրութեան տակ: Ու ի՜նչպիսի քաղցր յուշերով կապւած էր անոնց, Թորգոմին՝ որ արդէն իսկ ընտանիքի մէկ անդամը կը համարւէր: Մենակին՝ այդ անարատ, մաքուր բանաստեղծական հոգին, որու նման քչերը միայն տեսեր են: Յարութիւնի փոքրիկ աղջիկն անգամ կը յիշէ զանոնք, «քիւլլահներ» գրած այդ «անծանօթները», եւ յաճախ ընտանիքը խաբելու համար՝ «այդ քրդերը»: Առանձին ոգեւորութեամբ Տուրբախի կինը կը յիշէ Թորգոմի ու Մենակի դրւագներէն, անոնց ոգեւորութիւններն ու չարաճճիութիւնները:
Պատրաստութիւնները տեսնւած էին: «Մրրիկ» խումբը ճամբայ պիտի ելնէր շուտով: Խմբի մէջն էին ամենայայտնի կռւող ընկերները – Քեռի Արշակը, Խան, Առաքել, Պարմագսըզ Աւետիս, Սվազցի Մուրադ, Որսորդ Գէորգ, Քէօսէն եւ Տուրբախ: Խմբապետ նշանակւած էր Թորգոմը, որ նոր էր թողուցեր իր զինւորական ասպարէզը եւ եկած՝ զոհաբերելու իր կեանքը հայրենի ազատութեան համար: Քեռին՝ օգնականի, իսկ Տուրբախը՝ դրօշակակրի պաշտօն ստանձնած էր: Օգեւորութիւնը մեծ էր: Կար սակայն մի արգելառիթ հանգամանք, այն՝ որ Յարութիւնը ընտանիքի տէր էր, ունէր զաւակներ, փոքրիկ զաւակներ... Ընկերներու մեծ մասը հակառակ էր Յարութիւնը երթալուն: Մեղք էր անբախտացնել ընտանիք մը: Տուրբախը սակայն չէր ուզեր լսել. ոչ մի աղաչանք, ոչ մի թախանձանք չկրցան կակղցնել անոր սիրտը:
«Մի՛ փորձէք զիս համոզել, եթէ արգելէք, ձեզ բոլորդ կ'երկնցնեմ սահմանի վրայ և ապա ես անձնասպան կ'ըլլամ»...
Կը մնար վերջին ելք մը: Ընկերները կը դիմեն անոր կնոջ, կը պարզեն խնդրի էութիւնը եւ կուզեն հասկնալ անոր կարծիքը... «Ինչո՞ւ կ'արգիլէք զինքը. նա անպատիւ գործի մը համար չէ, որ կուզէ երթալ, եթէ այդպէս լինէր, առաջին գնդակը ես պիտի մխէի անոր կրծքին մէջ. սակայն քանի որ կուզէ զոհւել իր ժողովրդին համար, ես երբէք դէմ չեմ, ազատ է, Աստւածն իր հետ»:
Պատասխանը աւելի քան ոգեւորիչ էր: Տուրբախ հասած էր իր նպատակին: Խումբը մեծ խնդավառութեամբ ճամբայ ելաւ եւ առանց ոեւէ միջադէպի հասաւ Սասուն: Ամեն տեղ բախտը կարծես կը ժպտէր Յարութիւնին, քանի՜ անգամ ճողոպրած է մահէն: Սակայն երկար չմնաց Սասուն, հազիւ ժամանակ ունեցաւ այցելելու Սերոբի գերեզմանը, հազիւ նա իր ուխտը կատարեց, վերադարձաւ Կովկաս՝ Սէրկէյի հետ նոր պատրաստութիւններ տեսնելու: Կովկաս կը վերադառնայ նաեւ Թորգոմ, հետզհետէ նորանոր խմբեր ղրկելու համար:
«Որսկան» Խմբի Կռիւը Զարդանիսի Մօտ |
Ամեն հայ ապագային հպարտութեամբ պիտի յիշէ այն օրերը: Արեան ու հայրենիքի նշանաբանը միացուցած էր մեր սիրելի հերոսներն իրարու, ու նոյն արիւնն է իրարմէ բաժնած:
«Ամենայն տեղ մահը մի է, բայց երանի»...
Կը կարդամ այս գեղեցիկ տողերը, ստորագրւած Թորգոմի ձեռքով, նւիրւած ընկեր Տուրբախին: Անկարելի է կարդալ եւ չյուզւել, չ'արտասւիլ ու չմխիթարւիլ միանգամայն: Ի՜նչ անսասան հաւատք, ի՜նչ մեռնելու պատրաստականութիւն, բառ մը կտրիճներու սրտին մէջ, որոնց արիւնով պիտի սնէր ապագայ սերունդը...
Բասենի եւ ԴալիԲաբայի Կռւում Ընկած Ֆէդայիները |
Չյիշենք սակայն անցեալը, առանց այդ ալ յուզւած ենք նոր նահատակներով: Շարունակենք:
Սասունէն Կովկաս դարձին՝ Տուրբախը չի կրնար հանգիստ մնալ. ռուսական կառավարութիւնը լսած էր անոր մասին: Ստիպւած էր ժամանակ մը գաղտնի մնալ, թափառական, անտուն: Երեխաները մեծցեր էին, բայց առանց հայրիկի ներկայութիւնը վայելելու:
Արդէն մենք կը գտնւինք մեծ թւականի մը ու հայ ժողովրդի համար մեծ դէպքերու շէմքին: Կովկասի հայութեան կեանքն ալ սկսաւ փոթորկւիլ: Եկեղեցական կալւածներու գրաւման գործը կըսկսէր, կամ սկսած էր արդէն: Վտանգ՝ սահմանի այս կողմ, վտանգ՝ այն կողմ: Ամուր կամք, զօրեղ կամք մը պէտք էր՝ անցնելու համար այս երկու անդունդներէն: Դաշնակցութիւնը ունեցաւ այդ կամքը:
Տուրբախը, Կարսի ընկերներու հետ, նետւեցաւ ընդհանուր փոթորկի մէջ, իր մասնակցութիւնը բերաւ այն մեծ յաղթանակին, զոր առաջին անգամ ըլլալով հայ ժողովուրդը հաւաքաբար կը տանէր բռնակալութեան վրայ:
Պէտք էր այժմ փութալ, հասնել միւս տառապող ժողովուրդին: Երկրի մէջ՝ Սասունն էր, որ կ'ալեկոծւէր. Կովկասի մէջ քիչ յետոյ հայ-թաթարական ընդհարումներն էին, որ կըսպառնային բնաջինջ ընել փոքրիկ հայութիւնը...
Տուրբախը Թիֆլիսի մէջ է, քաջ, անվեհեր ղեկավարի դերում: Քանի՜ յաղթանակներ եւ որքա՜ն մաքրութիւն ու վեհութիւն կռւի մէջ: Նա խստիւ կ'արգիլէր մանաւանդ թալանը: Հանգուցեալ Տուրբախը այդ տեսակէտէն եղած է օրինակելի. նա մինչեւ անգամ արժանացեր է ռուս թերթերու գովասանքներուն. քանի՛ քանի՛ պաշտպան թիւրք ընտանիքներու կեանքն է ազատել, բայց եւ քանի՛ նամարդի գլուխն է թռուցեր կռւի անողոք փոթորկում:
Անցան սուգի ու արիւնի օրերը, հայ ժողովուրդը յաղթող դուրս եկաւ. ա՛լ ոչ մի բռնապետ չէր կարող անպատիժ խաղալ նրա կեանքին հետ...
Թիւրքիոյ մէջ ծագեցաւ ազատութեան արեւը. սահմանագլուխը ջնջւեցաւ ու երկա՜ր գրկախառնութիւն մը տեղի ունեցաւ ցեղի երկու հատւածներու միջեւ:
Տուրբախն եւս եկաւ երկիր ու հաստատւեցաւ Կարին: Երկար չ'ապրեցաւ սակայն: Ալկօօլը աւրեր ու քայքայեր էր իր ուժեղ մարմինը: Վերջին տարին նա համարեայ անկողնու մէջ էր. կը տառապէր, բայց եւ միշտ ժպտուն էր: 1913 թ. մայս 6-ին հրաժեշտ տւաւ կեանքին:
Խուռն բազմութիւն մը, անձրեւոտ ու մռայլ օր մը, փոսը կ'իջեցնէր «Դաշնակցութեան» յանդուգն զինւորը, որ երբէք չճանչցաւ փախուստի ու մեղկութեան ճամբան: