21 July, 2022

Ասպետ Ֆրանսացին


Էջ մը «Դաշնակցութեան» Պատմութենէն

1905 թուականին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր ամենամեծ դաւն էր յղացեր օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ – Բանկ Օտտօմանի դէպքէն յետոյ – դաւ մը, որուն նմանը դժուար է գտնել ուրիշ ազգերու յեղափոխական տարեգրութեանց մէջ:

Քրիստափոր Միքայէլեան որոշեր էր իր ձեռքով իսկ մահացնել հայկական եղեռնի գլխաւոր պատասխանատուն – Սուլթան Համիտը:


«Մեծ Մարդասպանը» իր հարիւրաւոր պալատական ուղեկիցներով պէտք է յօդս ցնդէր Սէլամլըքի թափորի ատեն: –Եւ ատոր համար «Դաշնակցութեան» պարագլուխը, բուռ մը անձնազոհ ընկերներու աջակցութեամբ, երկար ամիսներու ընթացին, իր ձեռքով իսկ տեսեր էր բոլոր պատրաստութիւնները Պոլսոյ մէջ, Եըլդըզի շուրջը, ուսումնասիրեր էր ամեն ինչ. բերուեր էին արտասահմանէն, անհաշիւ զոհողութիւններով, բոլոր անհրաժեշտ պարագաները, յատուկ իշխանական կառք մը, որ ուժանակով բարձուած, պիտի տարուէր թափօրի վայրը, ըստ կարեւոյն մօտ հետաքրքրական գիծին, եւ պիտի բռնկէր տուեալ վայրկեանին:

Ամէն բան պատրաստ էր, երբ բախտի դաւաճան հարուածով մը, ինքը՝ այդ ահագին դաւադրութիւնն յղացող Վարպետը, ռմբային փորձերու ատեն, նահատակուեցաւ Սոֆիայի շրջակայքում, իր գլխաւոր զինակիցներէն մէկուն՝ Եդուարդին հետ (1905, մարտ 17):

Փորձը դարձեալ տեղի ուենցաւ, սակայն անոր կազմակերպութիւնն անցած էր երկրորդական ձեռքերու, որոնք խօլական գործին հանդէպ չունեցան Վարպետի վճռականութիւնն ու սլացքը:

«Դաշնակցութեան» դժոխային մեքենան պայթեց պէտք եղածէն քանի մը վայրեկան ուշ: Ուժանակը բռնկեցաւ խլացուցիչ դղրդիւնվ, մեծ աւերած գործեց սուլթանական թափօրին մէջ – բազմաթիւ սպանուածներ ու վիրաւորներ – բայց Համիտ անվնաս մնաց:

Տպաւորութիւն ահագին էր թէ՛ դուրսը եւ թէ մանաւանդ թուրք կառավարական շրջանակներու մէջ: Երկչոտ գազանը երբեք, անշուշտ, չէր ենթարկուած այդքան ծանր փորձութեան...: Ուրիշ, նման պարագայի մէջ նա կը պատասխանէր կոտորածով: Բայց դեռ նոր էր հանդարտեր արեւմտեան հանրային կարծիքը, որ ուժգին բողոքներ տեղացեր էր Սասնոյ դէպքերուն առթիւ: Կոտորածի փորձ մը իսկ չեղաւ. ոչ մէկ յարձակում խաղաղ ժողովուրդի վրայ:

Բայց Ապտիւլ Համիտ որոշեց օգտւիլ այդ «անարշիստական» դաւադրութենէն եւ մահացու հարուած մը տալ «Հայկական Կոմիտէ»ին, նաեւ արտասահմանի մէջ:

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան ձերբակալութիւններ, թշնամու ձեռքն անցան վաւերաթղթեր, ձերբակալուեցաւ, ի միջի այլոց, պելճիքացի մեր ընկեր Ժօռիս, որու դէմ սկսաւ շուտով աղմկայոյզ դատավարութիւն: Թիւրք իշխանութիւնները ճիգ կը թափէին ապացուցանելու Եւրոպային, որ Եըլտըզի մահափորձի հեղինակները անիշխանական տերրօրիստներ են, պարզ ոճրագործներ, որ անոնց վարիչները արտասահմանեան հայ յեղափոխական կոմիտէներն են, Ժընեւ, Փարիզ եւ այլ տեղեր բոյն դրած Դաշնակցութիւն կուսակցութեան կազմակերպութիւնները:

ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Նպատակն էր՝ շղթայազերծել հայ «անիշխանակններու» դէմ հալածանք մը բուն իսկ Եւրոպայի մէջ եւ դուրս վտարել «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնն ու դաշնակցական վարիչները արեւմտեան ազատ երկիրներէն:

Վտանգը մեծ էր, եւս առաւել, որ Եւրոպայի մէջ ալ շատ ուժեղ էր հակաիշխանական տրամադրութիւնը:

Եըլտըզի ձեռքը կը գտնուէր ծանրակշիռ վաւերագիր մը: Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրամական խոշոր առաքումները կատարուած էին Credit Lyonnais մեծ դրամատան միջոցով: Դրամի աղբիւրները, փոխադրող գործիչներու անունները յայտնի էին Ֆրանսական այդ մեծ դրամատան վարչութեան: Եթէ ան հրապարակ հանէր այդ գաղտնիքները, շատ բան պիտի վտանգուէր:

Սուլթանի կառավարութիւնը եռանդով կը հետապնդէր այս խնդիրը: Ազդելու այնքա՜ն միջոցներ ունէր խարդախ կառավարութիւնը եւրոպական կապիտալի այդ անհոգի սպասաւորներու մօտ, որոնց մէջ իսպառ մեռած է խիղճ, գաղափար, մարդկայնութիւն...

Եւ «Քրէտի Լիօննէ»ի վարչութիւնը ի վերջոյ «համոզուեցաւ» սուլթանական անոյշ կամ բիրտ ճնշումներուն տակ: Ու որոշեց յանձնել իր գիտցած գաղտնիքները Հ. Յ. Դաշնացկութեան մասին:

Եւ մեր ընկերներու ահազանգի ձայնը հասաւ Ժընեւ: Ծանր վայրկեաններ էին: Մէկ միջոց միայն կը մնար կանխելու վերահաս դժբախտութիւնը: Պէտք էր աճապարել՝ մեր կողմէն ազդելու «Քրէի Լիօնէ»ի փարիզեան կեդրոնական վարչութեան վրայ, որուն ձեռքը կը գտնուէին գործի բոլոր թելերը:

Բայց ի՞նչ էինք մենք դրամատիրական այդ վիթխարի հաստատութեան աչքին... Պայքարը, ինչպէս միշտ, անհաւասար էր. մէկ կողմէն սուլթանի կառավարութիւնը, որ արդէն իսկ պարտադրեր էր իր կամքը բանկայի վարչութեան, միւս կողմէ՝ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը...

Երբ Ժընեւէն Փարիզ գալով խորհրդակցեցայ «Փրօ-Արմէնիա»ի մեր բարեկամներուն հետ, անոնք մէկ միջոց ցոյց տուին՝ կացութիւնը փրկելու համար.

Մենար-Դօրեանը: Paul Ménard-Dorian

Մենար Դօրեանը փրկութեան միակ խարիսխն էր ո՛չ միայն իբրեւ քաղաքական ծանօթ գործիչ եւ ճնշուած ազգերու բարեկամ, այլ եւ իբրեւ խոշոր դրամատէր մը, որ իր դրամագլուխը կը պահէր նոյնիսկ «Քրէտի Լիօննէ»ի մէջ:

Եւ ահա Փիեռ Քիյեառի հետ կը քշենք կառքը դէպի Rue de la Faisanderie, Փարիզի հեռաւոր, ազնուական թաղերէն մէկը:

Քիյեառ կը բացատրէր ինձի, թէ որքան գէշ վայրկեանի կը զուգադիպէր մեր այդ դիմումը: Մենար-Դօրեան՝ իր աղջկան, ասոր ամուսնու եւ ծնողներու ձգտուած յարաբերութիւններու շնորհիւ, կ'ապրէր ընտանեկան ծանր տագնապի օրեր: Տագնապ մը, որ շատ անգամ մղեր է մարդիկը դէպի մռայլ, յուսահատական որոշումներ...

Արդարեւ, մեր այդ այցելութենէն շատ չանցած, օր մը լսեցինք որ պատկառելի գործիչը խորհրդաւոր ձեւով հեռացեր է մեր աշխարհէն...: 16 Ապրիլ 1907

Իր ունեցած օգտակարութեան մասին մենք պիտի խօսինք Տիկին Մենար-Դօրեանին նուիրուած մեր յօդուածին մէջ: («Հայրենիք» 1929,  Թիւ 5268, 5269)

Մեր բազմաթիւ ընկերները անձկութեամբ կը սպասէին պարիզեան դիմումի հետեւանքին: Եւ մենք Պիէռ Քիյեառին հետ նստած Մենար-Դօրեաններու սալօնին մէջ, սրտատրոփ կը սպասէինք այն մարդուն, որմէ կախուած էր մեր տագնապի լուծումը, եւ որ սակայն ինքն ալ կ'ապրէր անսովոր տագնապի մը ժամեր...

Պիէռ Քիյեառ լաւ գիտէր այդ – նա որ այնքան քաջ ծանօթ էր պարիզեան անցուդարձերուն եւ ինքը դաւանանքով լինելով ծայր-ձախակողմեան, մտերմական կապեր ունէր, իր ազնիւ, լօյեալ նկարագրի շնորհիւ, ֆրանսական ընտրանիի ամենախոշոր ներկայացուցիչներուն հետ – ընկերվարականէն մինչեւ գունաւոր պահպանողականը – Անատոլ Ֆրանսէն եւ Պրէոսանսէէն մինչեւ աջակողմեան ակադեմիկոս Ալբեր Վանգալ:

Նստած էինք որպէս սգատան մէջ: Կարճատեւ սպասումէ ետք, ինքնաշարժ մը ներս սահեցաւ վիլլայի լայն դռներէն եւ անոր մէջէն, մռայլ, անխօս, դուրս ելան տանտէրերը՝ երկու իսկական պարիզցիներ, էլէգանտ ու խիստ համակրելի արտաքինով, կինը 48-50 տարեկան, ամուսինը 55-58:

Ողջունեցին մեզի սովորական քաղաքավարութեամբ, բայց, ինչպէս ժողովուրդը կ'ըսէ, իրենց դէմքերէն լեղի կը կաթէր. կարծէք գերեզմանատունէն կուգային: Կինն արդէն – մեր յետագայ երախտաւոր բարեկամուհին – իսկոյն քաշուեցաւ իր առանձնասենեակը. ամուսինը մնաց, պարզ քաղաքավարութեան համար... Չէր խօսեր, սակայն, հոյակապ տղամարդը,– մարմնով առոյգ, կենսալից, բայց հոգեպէս խորտակուած: Մարդ մը, որ կ'ապրէր անհատական իր մեծագոյն դրաման եւ գուցէ հէնց այդ օրերուն կը հոլովէր Համլէթեան մահաբոյր “To be or not to be”-ն:

Եւ մենք եկեր էինք այդպիսի պարագաներու մէջ զինքը հայկական գործերով զբաղեցնելու...

Ա՛լ, սակայն, վարանելու տեղը չէր. պէտք էր ընել դիմումը եւ իսկոյն: Երբ Քիյեառը զիս անոր ներկայացուց, բացատրեցի քանի մը խօսքով մեր ընկերներուն եւ հաստատութիւններու վիճակը Եըլդըզի մահափորձէն ի վեր, անոնց սպառնացող վտանգը, սուլթանական դաւերը եւ Քրէտի Լիոննէի բռնած դիրքը: Ըսի, որ իր ազդու միջամտութենէն կախուած է՝ փոխել տալ բանքայի թրքամոլ ղեկավարներու աղէտաւոր որոշումը: Չմոռացայ եւ Պիէռ Քիյեառի յանձնարարութիւնը – կոչ ըրի Մենար Դօրեանի զգացումներուն՝ յանուն Ֆրանսական Յեղափոխութեան աւանդութիւններուն, յանուն ազատութեան ու մարդկայնութեան:

Խօսեցաւ եւ Քիյեառ: Հայոց գործերը, հայկական դատը նորութիւն չէին արդէն մեր խօսակցին համար: Ունկնդրեց լուռ, ուշադրութեամբ եւ առանց երկար ու բարակ հարց ու փորձի, հրաւիրեց զիս երթալու իրեն հետ: Նստեցանք իր ինքնաշարժը, զոր ինքը կը ղեկավարէր, եւ քառորդ ժամու պտոյտներէ ետք, կանգ առինք Պուլվար տ'Իթալի-ի վրայ, Քրէդի Լիօննէ-ի կենտրոնական շէնքին առջեւ: Մեծ էր իմ յուզմունքը. կը մտածէի, «այս մարդը պիտի կրնա՞յ արդեօք յաղթականօրէն մրցիլ սուլթան Համիտի հետ եւ կասեցնել՝ այդ ահարկու հիմնարկութեան կամքը»...

Տարան մեզի տնօրէնին քով: Նոր մարդ մըն էր, Մենար-Դօրեանին անծանօթ: Չորցած մարդ մը, վերջին նորաձեւութեամբ հագուած, բեխ ու մօրուքն ածիլած եւ գանկն իսպառ մերկացած:

–Ինձ հաղորդեցին – սկսեց մեր բարեկամը – թէ ձեր վարչութիւնը որոշեր է Եըլդըզի մահափորձի ու սկսուած դատավարութեան առթիւ հայերու անուններ հրապարակ հանել եւ թիւրք կառավարութեան ձեռքը մատնել հայկական գործը վտանգող գաղտնիքներ...

–Այո՛, պատասխանեց մարդը, ամէն բան պատրաստ է, հէնց այս օրերս պիտի հրապարակենք...

Կը խօսէր պաղ, անտարբեր ու կոշտ թոնով մը, խորհելով թերեւս, որ իր դիմաց նստած է պարզ վաճառական մը:

Մեր բարեկամը, խորապէս վրդովուած, հասցուց անոր առաջին բուռն հակահարուածը:

–Այդ մարդիկ – ըսաւ նա բարձր ու հնչեղ ձայնով, թերեւս համոզուելով, որ տեղն է արձակել հռետորական քանի մը շանթեր եւ փոքր ինչ թափահարել դիմացի չորցած խրտուիլակը – այդ մարդիկ ոճրագործներ չեն, ոչ ալ անիշխանականներ. անոնք ըմբոստներ են՝ բարբարոս կառավարութեան մը դէմ եկած, եւ Քրէտի Լիոննէ-ի պէս ֆրանսական մեծ հիմնարկութիւն մը անարգանքով պիտի ծածկէ զինքը, անոնց գաղտնիքները նման կառավարութեան ձեռքը մատնելով եւ պատճառ դառնալով, որ ամէն տեղ, անգամ Եւրոպայի մէջ, հալածանք սկսի հայ գործիչներուն դէմ. անոնք՝ իրենց երկրէն տարագրուած, ազատ կայան մը պիտի չունենան ապրելու եւ գործելու... Իսկ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայերուն անունները մատնելով, զանոնք պարզապէս պիտի նետէք դահիճներու ձեռքը...

Տնօրէնը չազդուեցաւ: Նոյն պաղ, հանդարտ ձայնով, անխռով ու լիրբ, առանց իսկ մեր կողմը նայելու, նոյն պատասխանը կուտար.

–Յանձնառութիւն ունինք... Չենք կարող փոխել մեր որոշումը...

Եւ սրտատրոփ, կը սպասէի այդ ուշագրաւ գօտեմարտի ելքին:

Մենար-Դօրեան, որ արդէն իսկ եկած էր հոդ հոգեկան խռովքի մէջ, հետզհետէ կը ջղայինանար. կը յիշեմ իր երկար ու պերճախօս կոչն ու յորդորները բանքայի մարդուն. բայց երբ տեսաւ, որ այդ բոլոր ճարտասանական մարզանքներն ու բարձր գաղափարները խոզի մը առջեւ նետուած մարգարիտներ էին եւ որ հակառակորդը կը յամառէր իր բացասական դիրքին մէջ, գլխարկն առաւ եւ ցասկոտ շարժումով մը նետեց անոր այս սպառնալիքը.

–Դուք դարձեալ ո՛չ կ'ըսէք. շա՛տ բարի: Ես ալ իմ կողմէն ամէն բան պիտի ընեմ՝ ձեր արարքը հանրային ուշադրութեանը մատնելու. Ձեզի դէմ պիտի հանեմ իմ բոլոր բարեկամները, որոնք իրենց դրամը պահ տուած են ձեզի եւ ես առաջինը դուրս պիտի հանեմ իմ միլիոնները այս պանքայէն...

Այս խօսքերուն վրայ, մարդը, նոր զգաստացած, վայրկեան մը խուզարկու աչքով նայեցաւ մեր բարեկամին, որ կը պատրաստուէր դուրս երթալու, ապա վեր բարձրացաւ տեղէն եւ արագ շարժումով անցաւ հարեւան սենեակը, խնդրելով մեզմէ վայրկեան մը սպասել:

Կ'երթար, անտարակոյս, խորհրդակցելու Հիմնարկութեան միւս, իրազեկ պաշտօնեաներուն հետ:

«Վայրկեանը» բաւական երկար տեւեց: Իմ անհանգստութիւնը կ'աճէր...

Վերջապէս, մարդը վերադարձաւ եւ, դիմելով Մենար-Դօրեանին, աւելի մեղմ ու յարգալիր, ըսաւ անոր.

Eh bien! C’est entendu. Կը վարուիք համաձայն ձեր ցանկութեան...

Վերջացած էր: Մեր սիրտերուն վրայ ծանրացող մշուշը՝ փարատուած: Բանքայի իրազեկ պաշտօնեաները ըսեր էին, անշուշտ, անգէտ ու գռեհիկ տնօրէնին, թէ ո՞վ է անակնկալ այցելուն, ըսեր էին, թէ նա ընդունակ է իր սպառնալիքն իրագործելու եւ թէ խիստ սուղ պիտի նստէր Քրէդի Լիօննէ-ի վարկին ու պատուին՝ համիտեան կառավարութեան հլու կամակատար լինելը:

Չոր քաղաքավարութեամբ Մենար-Դօրեան ողջունեց մարդը եւ մենք դուրս ելանք դրամատունէն:

Հրաժեշտի ողջոյնս տուի իրեն, իմ ու ընկերներուս անհուն երախտագիտութիւնը յայտնելով:

Ձեռքս թօթուեց, առանց բառ մը իսկ արտասանելու ի պատասխան իմ զեղումներուն եւ փութաց դէպի ինքնաշարժը... Շնորհակալութիւն չէր սպասեր: Բարի գործ մըն էր ըրեր – իրեն համար սովորական բան մը: Պարք մըն էր կատարեր, «յանուն Ֆրանսական Յեղափոխութեան»:

Մինչ կառքը կը սլանար պարիզեան մեծ պողոտայէն, ես հիացմունքով ետեւէն կը դիտէի այդ սքանեչլի տղամարդը, որուն հետ ծանօթացեր էի մէկ ժամ առաջ եւ որուն հետ երբեք այլեւս պիտի չհանդիպէի...

Կեանքիս մէջ քիչ եմ տեսեր այդքան պայծառ, վեհոգի, ասպետական դէմքեր:

Տարիներ յետոյ, տիկին Մենար-Դօրեան իր սալոնին մէջ կը նստեցնէր քովս իր աղջիկ-թոռը (Վիքտոր Հիւգոյի թոռան զաւակը) եւ կ'ըսէր անոր. «Ականջ դի՛ր, Վարանդեանը կը պատմէ քեզի քո սիրրելի պապիկիդ մասին, թէ ինչպէս օր մը նա ազատեր է հայ յեղափոխականները»:

Մ. Վարանդեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
31-րդ Տարի, Թիւ 5257, 5263