15 October, 2025

Իշխան Յովսէփ Արղութեան. գրեց՝ Ա. Ահարոնեան

Երէկ թաղեցինք նրան, Իշխան Յ. Արղութեանին:

Հայկական ազատագրական պայքարի անձնւէր ու փառապանծ վետերանին, որ գերեզման իջաւ վաղաժամ, ճաշակելով իր ամբասիր ու հարուստ կեանքի բոլոր ազնւական հմայքը եւ մեր ցեղական դաժան ճակատագրի բովանդակ դառնութիւնը:

13 October, 2025

Գիծեր՝ Յովսէփ Արղութեանի կեանքէն

Իշխան Յ. Արղութեանի մահով կ'անհետանայ առաջին յեղափոխականներէն մէկն ալ:

Իր կեանքի պատմութիւնը կարելի է ըսել կը նոյնանայ Հայ Յեղափոխութեան պատմութեան հետ, այնքան իրարու են խառնուած անոնք եւ այնքան ժամանակակից իրարու:

03 October, 2025

ՔԵՌԻ ԹԱԴՕ. Յարութիւն Սարգիսեան

Սասունցի Քեռի Թադօ Յարութիւն Սարգիսեան

Բուն անունով Յարութիւն Սարգիսեան, ծնած է Տարօն աշխարհի Փեթար գիւղը 1874-5-ին:

Սարգիս շփման մէջ կը մտնէ բոլոր հայ ֆետայիներուն հետ, որոնք կու գային ու կ'անցնէին Փեթար գիւղէն: Սարգիս նաեւ որոշ գործակցութիւններ կ'ունենայ անոնց հետ: Պատանի Թադօ ուշի ուշով կը հետեւի հայ ֆետայիներուն ու իր մէջ կ'արթննայ յեղափոխական ոգին: Շրջան մը ետք Հրայր (Արմենակ Ղազարեան), որպէս Մուրատ Պոյաճեանի (Մեծն Մուրատ) եւ Միհրան Տամատեանի գործակից, կը շրջի Սասնոյ եւ Տարօնի դաշտերը, կազմակերպչական աշխատնաքներ տանելու: Հրայր կ'այցելէ նաեւ Փեթար գիւղը, ուր իր խումբին առաջին անդամը կ'ըլլայ Քեռի Թադոն: