09 December, 2021

Էտիրնէի Քաջերը Կախւած

Սլավի Մերճանով, Օննիկ Թորոսեան, Պուլկարացի Պետրոս Սերէմճեան

Դառն իրականութեան թողուցած ծանր, ճնշող տպաւորութեան տակ, ցրւած է միտքս, ձեռքս առաջ չերթար, չիշխէր գրչիս:

Նկատումները, հաշիւները արգելք եղան աւելի պարզ ու ընդարձակօրէն գրելու յուլիս 5-ին, Էտիրնէի մօտ, ափ մը քաջերու և 3-400 կանոնաւոր զօրքերու մէջ տեղի ունեցած կատաղի կռւին վրայ:

«Հայրենիք»ի ընթերցողները չեն մոռցած անշուշտ Սօքոլովներու, Իվաններու քով իյնկող քայ քաջերու անունները: –Ահա՛, մալկարացի քաջ Թաթուլը: Միջահասակ, լայն թիկունքով ու կուրծքով, անվախ, հեզ բնաւորութեամբ կտրիճ մըն էր ան: Շատ համեստ էր, «բերան ունէր լեզու չունէր», ինչպէս կ'ըսուի, շատ մտիկ կ'ընէր, քիչ կը խօսէր ու շատ կը մտածէր: Խիզախ էր. պատրաստ ամէն վայրկեան վտանգին մէջ նետւելու: Իր ըրած քաջագործութիւնները կը պատմէր մեզի իբրև պարզ, աննշան դէպքեր, առանց ռէքլամի, առանց ինքնագովութեան: Քանի՜ անգամներ յեղափոխական գործերով Էտիրնէի կողմերը գնացած է. Մալկարաի մէջ աշխատած: Ինքն էր, Թաթուլ Զարմանեանը, որ երկու երեք տարի առաջ հրացանը ուսը առած կ'երթար Մակեդօնիա, ուր սահմանագլուխին վրայ բռնւելով բերւեցաւ Ֆիլիպպէի բանտը. ուրկէ քիչ ատենէն ազատեցաւ:

Կը սիրէր գործել, աշխատիլ յեղափոխութեան համար. ու վերջապէս իր սիրած գործին զոհ գնաց քաջի մահով:

–Երկար ատեն չէ որ վայելեցինք տրապիզոնցի Անտօնին ընկերակցութիւնը: Գրեթէ վեց ամիս առաջ եկաւ ան Ֆիլիպպէ՝ Կովկասէն: Սևուլիկ, նիհար, ծիծաղկոտ ու վառվռուն երիտասարդ մըն էր: Օրերով եթէ խօսէր չէին ձանձրանար:

Պահրի փաշային ահաբեկիչն էր Անտօնը:

Առաջին օրէն սիրած յեղափոխութիւնը, աշխատած Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրօշին տակ: Յեղափոխութիւնն էր զինքը զբաղեցնող գլխաւոր միտքը, իր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը: Առաջին անգամ պուլկարիա ոտք կոխելուն իր աչքին զարկեր էր այն ազատութիւնները, որոնք Վառնայէն մինչև Ամերիկա, Լոնտոնէն մինչև Փարիզ, վատերու կողմէ կը շպրդւէր յեղափոխութեան, Դաշնակցութեա՛ն հասէին: Նախանձախնդիր իր պաշտած դրօշակին բարձր պատիւին, իր յեղափոխական ընկերներու պատիւին՝ շատ կը տանջւէր կարդալով «փալասներուն», մասնաւորապէս Վառնայի «Իրաւունք»ին մէջի զզւելի հայհոյութիւնները, զանազան կարգի և գոյնի աղտոտներու, վատերու ու մատնիչներու կողմէ փոխւած, իրենց ինկած վիճակէն ելլելու միակ ապուշ տրամաբանութեամբ: «Դուք կը ճանչնաք անոնք, կըսէր ան մեզի, անոնք պատիւ չունին, անամօթներ են, խօսքէ չեն հասկնար...»:

Որքա՜ն գաղտնապահ էր Անտօնը, - «Ժիրայր, ըսաւ ինծի մեկնելէն մէկ երկու օր առաջ, պիտի եթրամ Օտէսա ամիսէ մը վերադառնալու պայմանով: Ու գնաց իր սիրած գործին ետևէն, բռնութեան այդ քաջ թշնամին – բայց աւա՜ղ, ա՛լ ետ չդարձաւ...

–Օննիկ Թարագճեանն ալ նորեկ մըն էր, հազիւ 10-12 ամիսէ իվեր իր հայրենիքէն – Ռօտօսթօյէն – փախած հոն ոստիկան մը զարնելով: Ամուր կազմւածքով, լայն կուրծքով միջահասակ տղայ մը, որ առիւծի ուժ ունէր: Միշտ աջ ձեռքը ձախին կապած իր կուրծքին վրայ կը պահէր: Այդ դիրքով յարձակած է կ'ըսեն իր հայրենակիցները՝ ոստիկանին վրայ: Շատ ըմբոստ, շատ կատաղի էր Օննիկը, անգամ մը որ բարկացաւ ալ անկարելի էր զինքը հանդարտեցնել: Եթէ տեսնէր որ իր մէկ ընկերը վտանգի մէջ էր, ինքը կը նետւէր հոն ու իր կուրծքը վտանգին դէմ կը դնէր:

Սարերու, ձորերու արժանի զաւակ էր ան. ազատութեան սիրահար, քրերով գլուխը բաց կը պտտէր, բռնութեան կատաղի թշնամի էր որուն դէմ կռւեցաւ առաջին անգամ ու ինկաւ քաջի պէս:

Յուլիս 6ին Էտիրնէի դաշտին մէջ իյնկող մեր քաջերն են ասոնք, որոնք 60-70 զոհեր խլեցին թշնամիէն ու անանկ մեռան:

Կսկիծը, ցաւը զոր պատճառեց մեզի այդ քաջերուն դառն, անփոխարինելի կորուստը, դեռ չէր մեղմացէր:

Ու մեծ մարդասպանը, կախաղան հանեց անցեալ շաբթու անոնց բռնւող չորս ընկերները, – Պետրոս Սէրէմճեան, Օննիկ Թորոսեան, Մերճանօվն ու Խրիսթօն:

Պետօն, ֆիլիպէցիներուն միակ պարծանքն ու փառքը կազմող այս արի նահատակը, հազիւ 29 գարուններ բոլորած էր: Տեսնող մը այնպայմանօրէն կը համակրէր իրեն կը սիրէր ու կը յարգէր ան:

Թողուց սպայի հանգիստ կեանքը, թողուց ծնողքը, եղբայրը, քոյրերը ու գնաց հայրենիքի դատին նւիրւելու:

Վասպուրականի հռչակաւոր «Պուլկարացի»ն է Պետօն:

Ո՞վ ծանօթ չէ «Դրօշակ»ի մէջ յիշւած այդ քաջի գործերուն: Երկար կռւի դաշտին վրայ մնալէն ետքը, վերադարձաւ կրկին Պուլկարիա, Կովկասի մէջ բաւական ալ բանտ մնալէ ետք:

Եւ սակայն ան նորէն հանգիստ չէր: Հայրենիքին սէրը, կռւելու տենչը կրկին զինքը կը տանջէր: «Շարժում»ի գլխաւոր աշխատակիցն էր, թարգմանեց շատ մը գրւածքներ պուլկար հայդուկներու կեանքէն, որոնց ինքն ալ նւիրւած էր: Զուտ յեղափոխական ոգին էր որ կը տիրէր իր գրածներուն, իր թղթակցութիւններուն մեծ մասին մէջ: Պետօն գիտակից, զարգացած իտէալ յեղափոխական էր, միևնոյն ատեն բուռն դաշնակցական: Պետօն այն հազւագիւտ մաքուր տիպերէն էր որ, ուր տեսնէր անազատութիւն, անիրաւութիւն կ'ատէր ու կը հալածէր: Բաբկէններու, Գնունիներու, Պետօներու իսկական տիպարն էր ան:

Սկիզբէն մինչև ետք ատեց բռնութիւնը, թուրքը. ան ներկայացաւ իրեն միայն յատուկ համարձակութիւնով, անվախութիւնով՝ կախաղաղ առջև, վռնտեց իրեն ներկայացող Արսէն քահանան, չուզեց նոյն իսկ, – ինչպէս կը հաղորդւի – թուրքին ձեռքով կախւիլ, վռնտեց զինքը կախող դահիճը ու ինքզինք կախեց:

Պետօն, բռնութեան հասցէին իր ուղղած շատ մը համարձակ, բարձր խօսքերու մէջ ըսած է նաև հետևեալը – «Ես հոս գաղափարի մը ներկայացուցիչն եմ, դուք, վատե՛ր, ապուշներ, անիրաւներ, դուք իմ անձս կրնա կախել միայն, կրնա՞ք կախել ԳԱՂԱՓԱՐԸ...»:

–Ահա՛ կախաղանի երկրորդ հայ զոհը, Օննիկ Թորոսեանը, Ռօտօսթօցի: Միջահասակ, սև մազերով, սև ու խիտ յոնքերով, սև ու փայլուն աչքերով վառվռուն երիտասարդ մըն էր Օննիկը, առողջ ու գեղեցիկ, բայց նրբակազմ ու փափուկ: Չէր գիտեր հանդարտ նստիլ իր դերձակի մեքենային առջև. իր ամէնօրւան մտածումն էր յեղափոխութիւնը, անոր օժանդակ Ֆիլիպպէի խումբերուն օժանդակութիւնը, որոնց ամէն ամիս կը վճարէր իր արհեստաւորի համեստ քսակէն. իսկ իր վաստակին մնացած մասը իր չքաւոր ընկերներուն ու հայրենակիցներուն վրայ կը ծախսէր:

Յեղափոխութեան հայհոյողներուն կատաղի թշնամին էր ան:

Օննիկ Էտիրնէի դաշտին վրայ քաջ կւռող մը կախաղանի վրայ անվախ նահատակ մը եղաւ:

Թող անոնց վրէժի ձայնը չի հեռանար մեր ականջէն:

Յարգանք, իրենց, յարգանք իրենց յիշատակին:

***

Պետօի, Օննիկի և իրենց ընկերներուն կորուստին պատճառած սուգ ընդհանուր էր: Ամբողջ ժողովուրդը, հայ և պուլկար յուզւած ու կատղած էր:

Սօֆիաի մէջ հոգեհանգիստ կատարւած է, 12,000ի մօտ բազմութեան մը մասնակցութեամբ: Մեծ ցոյցեր կատարւած է. Ֆիլիպպէի մէջ ալ դեկտ. 2ին փառաւոր հոգեհանգիստ կատարւեցաւ պուլկարական մայր եկեեցիին մէջ: Հերոսներու պատկերները պտըտցուցին փողոցները և ցոյցեր տեղի ունեցան: Հայերն ալ մեծամասնութիւն կը կազմէին:

Փառաւոր հոգեհանգիստ կատարելու կը պատրաստւէր Ֆիլիպպէի հայութիւնն ալ: Բայց շարք մը վատեր ազատութիւննին մինչև նահատակներու գերեզմանը հասցուցին:

Երկու երեք տարի առաջ Արսէն վարդ. Վեհունին էր որ եկեղցիին բեմէն կ'անիծէր Թաթուլն, Օննիկն ու անոնց ընկերները, մինչև իսկ անոնք անկեղծութիւնը ըրած էին յեղափոխութեան անունը իր հայհոյող բերնէն ազատելու աշխատիլ:

Այսօր նորէն այդ աղտոտ շարքերուն թափթփուկներն են որ գաղտագողի կ'իմացնեն տեղական կառավարութեան հայերուն ալ հոգեհանգիստ կատարել տալու գաղափար մը ունենալնին. աւելցունելով որ մեծ ցոյցեր ու կռիւներ տեղի պիտի ունենան!!! Մեր գինով տէրտէրն ու ցնդած Պաղճեան վարդապետն ալ կ'իմացնեն թէ արդէն հայաստանեայց եկեղեցին ալ կ'արգիլէ աշխարհական մարդուն դամբանական խօսիլ, դրօշակներով եկեղեցի մտնել: Ո՞վ, ո՞ր օրէնքը կ'արգիլէ – յայտնի չէ:

Հոգեհանգիստ կատարելու ձեռնարկող մարմինն ալ չուզեց պարզ հոգեհանգիստ կատարել տալ, մանաւանդ այն մարդոց բերնով՝ որոնք թէ մատնել գիտեն... և թէ աղօթ լփրտալ... Վատե՜ր...

Հրանդ-Ժիրայր
Ֆիլիպպէ, 25 դեկտ. 1901
«Հայրենիք» Պոսթոն
Գ. Տարի, Թիւ 132
Շաբաթ, Յունւար 18, 1902