06 October, 2023

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Թանգարանի Բացումը

Փարիզ, 16 հոկտեմբեր

Մոնմորանսին Փարիզի ամենէն գեղեցիկ եւ պատմական արուարձաններէն մին կը ներկայանայ: Տարի մը առաջ, հոդ իր սեփական տան մէջ փոխադրուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կեդրոնական դիւանը: Ասոր կից, նոր գնուած շէնքին մէջ պիտի հաստատուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան թանգարանը, որուն բացումը կատարուեցաւ կիրակի, հոկտեմբեր 4-ին: Թանգարանի շէնքը գնուած է Ամերիկա վախճանած ընկեր Արտաշէս Վանարեանի կողմէ կուսակցութեանը կտակած դրամով:

Թանգարանի բացմանը ներկայ էին Հ. Յ. Դ. Արեւմ. Եւր. 14-րդ Շրջ. Ժողովին ամբողջ կազմը, ընկ. Վ. Նաւասարդեան եւ Փարիզէն ու շրջաններէն եկած բազմաթիւ ընկերներ: Այդ պատմական օրուան առթիւ, Կեդր. Դիւանի եւ թանգարանի վարիչ ընկ. Գ. Բալայեանը հիւրերը ընդունելու համար մեծ պատրաստութիւններ էր տեսած:

Նախ քան բացման պաշտօնական արարողութեանն անցնիլը, ընկերները այցելեցին Կեդր. Դիւանը, ուր ծանօթացան մեր կուսակցութեան 45 ամեայ պատմութեան վերաբերող վաւերաթուղթերուն, նկարներուն եւ գիրքերուն հետ: Մօտ 20 պահարաններում զետեղուած են կէս միլիոնի հասնող թուղթեր, որոնք կարգի են բերուած ու համաձայն շրջաններու եւ թուականներու առանձին ծրարներով դասաւորուած են ընկ. Ա. Գիւլխանդանեանի կողմէ: Դիւանի շէնքին մէջ կը գտնուի նաեւ կուսակցական գրադարանը, որը կը պարունակէ կուսակցութեան բոլոր հրատարակութիւնները, թերթերու հաւաքածոները եւ ուրիշ հազուագիւտ գիրքեր, թերթեր ու պարբերականներ տարբեր լեզուներով: Հայ ժողովրդի վերջին կէս դարու պատմութիւնն ուսումնասիրելու համար մեր Կեդր. Դիւանը անսպառ նիւթ կրնայ մատակարարել:

Նկարը՝ «Հայրենիք»ի նոյն թիւէն

Կէս օրէ վերջ, ժամը 3-ին, ընկերները հաւաքուեցան թանգարանի մեծ սրահին մէջ: Սենեակները դեռ եւս պարապ են. միայն սրահին պատերը զարդարուած էին մեր նահատակ գործիչներու եւ մարտիկներու նկարներով: Ատոնք բոլորն ալ իրենց կեանքը զոհաբերած են հայ ժողովրդի ազատագրական պայքարին եւ թանգարանը կոչուած է ի մի համախմբելու այն բոլոր նշխարները, որոնք այս կամ այն ձեւով կապուած են մեր յեղափոխական պայքարին եւ այդ պայքարի ճանապարհին ինկած հերոսներու յիշատակին հետ: Հէնց այն պարագան, որ թանգարանին մէջ պիտի ամփոփուին մեր հերոսական պայքարի կենդանի ապացոյցները, առանձին մէկ խորհրդաւորութիւն էր տուած բացման հանդէսին եւ ներկաները պատած խորը յուզումով: Չեմ կարծեր թէ տարագրութեան շրջանին մեզմէ ոեւէ մէկը աւելի յուզիչ ու խորհրդաւոր տեսարանի մը ներկայ գտնուած ըլլար:

Բոլորին դէմքը կ'արտայայտէր այնպիսի երկիւղածութիւն եւ կրօնական ջերմեռանդութիւն մը, որ կարելի է հանդիպել միայն եկեղեցիներու մէջ՝ մոլեռանդ հաւատացեալներու մօտ: Շատերը չէին կրնար զսպել իրենց յուզումը եւ յորդարուխ արցունքները կը մատնէին ալեկոծ ներքնաշխարհը: Ծանր էին այդ վայրկեանները մասնաւորապէս անոնց համար, ովքեր տեսած, ապրած ու գործակցած են այն մարդոց հետ, որոնց բարոյական պանէթօնը կը ներկայացնէ այսօրուան դիւան-թանգարանը: Մեծ էր յուզումը, որովհետեւ անհատներու կեանքին պատմութիւնը չէ, որ կուտան մեզի այդ զոյգ հաստատութիւնները – անոնք խորհրդանիշն են ու մարմնացումը հայ ժողովրդի կէս դար տեւող ազատագրական պայքարի, յեղափոխական ընդվզումներու, անլուր ոդիսականի եւ վեհ թռիչքներու պատմութեան, անխորտակելի կորովի ու բարոյական նկարագրի արտայայտութեան:

Մեր տարաբախտ ընկ. Վանարեանը գեղեցիկ մտայղացումն է ունեցած իր տնտեսած լումաներով թանգարանի շէնք մը նուիրելու կուսակցութեան: Մենք այն համոզումն ունինք եւ խորապէս հաւատացած ենք, որ թանգարանը կը դառնայ բոլոր ընկերներու գուրգուրանքի առարկան եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին հոն կը կեդրոնանայ այն ամէնը, ինչ որ յեղափոխական թանգարանային արժէք կը ներկայացնէ: Բացման օրն իսկ մի շարք ընկերներ թանկարժէք նուիրատուութիւններ ըրին, որոնց վրայ անշուշտ պիտի աւելնան նորանոր նուէրներ: Թանգարանի բացումէն ետքը, այլեւս ոչ մէկ ընկեր բարոյական իրաւունքը ունի իր քով պահելու իր մը կամ թուղթ մը, որ կրնայ թանգարանային արժէք ունենալ: Ոչ միայն թանագարանային իրեր պիտի հաւաքուին, այլ եւ կը կարծենք, որ ընկերներ պիտի մտածեն նաեւ այդ իրերու դասաւորման համար պահարաններ ունենալու եւ նկարները շրջանակներու մէջ առնելու մասին:

Նկատի առնելով, որ թանգարանին բացումը պատմական օր մը կը ներկայացնէ մեր կուսակցութեան համար, ամբողջովին հոս կուտանք այն ճառերը, որ արտասանուեցան ընկերներու կողմէ: Հ. Յ. Դ. Արեւմ. Եւր. 14-րդ Շրջ. Ժողովի դիւանի կողմէն ընկ. Պողօս Հիւսեանը հանդէսը բացուած յայտարարեց: Ինքնաբերաբար բոլոր ընկերները ոտքի ելան ու միահամուռ երգեցին «Մեր հայրենիք»: Ապա նախագահը առաջարկեց յոտնկայս յարգել յիշատակը բոլոր անոնց, որոնց գործը յաւերժացնելու համար կը հաստատուի թանգարանը: Այնուհետեւ կարգով խօսք առին կուսակցական մարմիններու եւ հաստատութեանց ու մամուլի ներկայացուցիչները:

Յանուն 14-րդ Շրջ. Ժողովի հետեւեալ գրաւոր ուղերձը կարդաց ընկ. Պ. Հիւսեան–

«Ընկերներ, յանուն Հ. Յ. Դ. Արեւմ. Եւր. 14-րդ Շրջ. Ժողովի ինձ վրայ քաղցր ու միաժամանակ անմոռաց պարտականութիւն է դրուած յայտարարել բովանդակ Դաշնակցութեան սեփականութիւն համարուող անդրանիկ այս թանգարանի բացումը:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան մայր դիւանատան կողքին հաստատել նաեւ մայր թանգարանը որքան անհրաժեշտ, նոյնքան եւ աւելի հրճուանքի ու արդար հպարտանքի արժանի երեւոյթ մըն է՝ կուսակցական բոլոր մեր մարմիններու եւ ընկերներու համար ընդհանրապէս, իսկ Արեւմտ. Եւրոպայի մեր մարմիններու եւ ընկերներու համար մասնաւորապէս, տրուած ըլլալով, որ այս զոյգ հաստատութիւնները մենք մեր շրջանին մէջ ունենալու բախտաւորութիւնն ու երջանկութիւնը կը վայելենք այսօր:

Մենք կը հաւատանք ու այն համոզումը ունինք որ Դաշնակցութեան այս թանգարանին մէջ գուրգուրանքով ու բերուելիք եւ զետեղուելիք մեր ցայժմ եւ յետ այսու անհետացող մտքի եւ գրչի, խօսքի ու գործի եւ յեղափոխական-ազատագրական պայքարի մարտական անձնուէր ու աննման հերոսներու, մեր տիտաններու ու մեր փառքերու թողած իւրաքանչիւր մասունք, իր, գործ կամ առարկան, որոնք օգտագործուած են մեր ժողովրդի, մեր տառապակոծ ու հալածական հայութեան պաշտպանութեան եւ փրկութեան վեհ գործին, մաքուր եւ սուրբ նպատակին, պիտի դառնայ աշխարհի բոլոր ծայրերէն եկած ուխտաւորներուն ոչ միայն իբր սոսկ հետաքրքրութեան կամ ուսումնասիրութեան առարկայ, այլ եւ ներշնչարանը, աղբիւրը այն կորովին, հաւատքին, կամքին ու խանդին, որոնցմով մեր նախորդները առաջնորդուած ազգային գիտակցութեան եւ պարտականութեան ճամբու վրայ իրենց շունչն ու կեանքը տուին:

Ողջունելով Դաշնակցութեան մայր թանագարանի բացումը, Արեւմտ. Եւր. 14-րդ Շրջ. Ժողովը չի մոռնար իր յարգանքի տուրքը բերելու տարիներ առաջ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ մեռնող կտակարար մեր աննման ընկերոջ Արտաշէս Վանարեանին, որ իր երիտասարդ կեանքովը տարիներ անընդհատ ծառայելով Դաշնակցութեան գաղափարականութեան տարածման գործին եւ այդ գործին իր կեանքը բաժին տալով հանդերձ, բաժին ըրաւ նաեւ ով գիտէ ի՜նչ տառապալից աշխատանքով ձեռք բերած ու տնտեսած իր վերջին հարստութիւնը:

Թող կեցցե՜ն հայ ժողովրդի ազատագրական տիպերը մարմնացնող Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ անոր հարազատ զաւակ Արտաշէս Վանարեանները»:

Սեփական թղթակցութիւն
«Հայրենիք», Պոսթոն
28-րդ Տարի, Թիւ 7446
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 1936