19 December, 2022

Ղեւոնդ Մելոյեան. Մոռցուած Խոնարհներէն Մէկը

Մահ՝ Ղեւոնդ Մելոյեանի

«Յառաջ»ի 21 Դեկտ.ի թիւէն ցաւով կ'իմանանք, թէ Դեկտեմբեր 18ին իր մահկանացուն կնքած է հին սերունդի վերջին շառաւիղներէն Ղեւոնդ Մելոյեան:

Ողբացեալը, բնիկ վանեցի, մօտ 90 տարեկան, եղած է ուսուցիչ, յեղափոխական գործիչ եւ գրագէտ:

Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Վանի մէջ, անցած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը: Աւարտելէ ետք վերադարձած է Վան եւ ուսուցչական պաշտօն վարած է տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանին մէջ:

Մասնակցած է յեղափոխական շարժումներու եւ Վանի կռիւներուն: Արամի հետ հորը իջած է, ապա Դաւոյի դաւաճանութեան հետեւանքով ձերբակալուած է: Սահմանադրութեան ատեն ազատ արձակուած է:

Հետագային Պոլիս անցած, ուսուցիչ եղած է Ատափազարի Կեդրոնականը, ապա անցած է Եւրոպա, նախ Զուիցերիա, ապա Ֆրանսա: Կանուխէն մտած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը: Աշխատակցած է դաշնակցական մամուլին: Հեղինակն է բազմաթիւ հատորներու, թատերական թէ վիպական. յիշենք՝ Մայրը. Երեք ընկերներ, Մարդիկ արածում են, Նկարներ, Անառակ որդին, Դաւոյի դաւաճանութիւնը, Սուտը, Գետնին տակէն:

Ֆրանսերէն լեզուով իր գլխաւոր գործերն են Սփինքս, Այպէս կ'ընեն, Սալեե Տէրվիշը եւ Արմենուշ: Իր վերջին գործին է «Սադայելական» (Փարիզ 1965), տրամ երեք արար:

Ղեւոնդ Մելոյեանի մահով պարապ մը եւս կը ստեղծուի գաղութահայ կեանքին մէջ, վասնզի վերջալոյսի հասած այս սերունդին ամէն մէկուն անհետացումով քիչ մը հայկական կեանք է որ կ'անհետանայ:

Ողբացեալին փափաքին համաձայն, յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի սեղմ շրջանակի մէջ:

«Հայրենիք», Պոսթոն
69-րդ Տարի, Թիւ 16898
Շաբաթ, Յունուար 20, 1968

Ղեւոնդ Մելոյեան՝ «Վաթան» Մեծ Խոնարհը

Փարիզէն, նամակով մը միայն իմացայ մահը Ղեւոնդ Մելոյեանի:

Վասպուրականի մեր դաւադրական ձեռնարկներուն մէջ կարեւոր դեր ունէր:

Բացի հին վասպուրականցիներէն, ոչ ոք կը ճանչնար այդ լռակեաց մարդը: Վերջին Մոհիկաններէն մէկն է: Բովանդակ նուիրումով, ինքնամոռաց թափով՝ ամէն ինչ տուաւ իր ժողովուրդին:

1904ին էր որ ճեմարանական վանեցի քանի մը ընկերներու հետ վերադարձաւ հայրենիք: Ուսուցիչ էր Վանի Կեդրոնական դպրոցին մէջ, իսկ գիշերները՝ Ֆետայական խումբերու հետ: Պատասխանատու ընկերներէն յանձնարարուեցաւ անոր կապի գործը արտասահմանի հետ: Գիշերները ապրեցաւ ֆետայիներու հետ, չոր գետնի վրայ հագուստով ու կօշիկով երկարած՝ հանգստին համար: Ունեւոր տունէ էր, բայց գրեթէ երբեք տուն չգնաց, բաժնեց անոնց չարքաշ կեանքը ու երբեք չգանգատեցաւ:

Խմբագրեց խմորատիպ «Երկունք» քարոզչական թերթը երիտասարդութեան համար, որուն մէջ դեռ կ'ապրի թեւաւոր անոր խօսքը. «Մեր կայմը միշտ կանգնած է, ոչ մի փոթորիկ կրնայ խախտել զայն»:

Այնուհետեւ, ինքն էր որ ստանձնեց ղեկավարութիւնը թուրքերէն «Սաբահ իւլ խէյր» պարբերաթերթին, որուն շուրջ բոլորուեցան տեղացի թուրք քանի մը երիտասարդներ: (Երբեք չիմացուեցաւ, որ կը հրատարկուէր հայերու կողմէ): Թուրքերէն այդ թերթը տարածուեցաւ Թուրքիոյ բոլոր գաւառներուն մէջ, մինչեւ Պոլիս, մեծ շարժում առաջացնելով երիտասարդ թուրք մտաւորականներու մէջ:

Վասպուրականը իր լայնածաւալ կազմակերպութեամբ դարձած էր հնոցը յեղափոխական շարժումներու եւ զինամթերքի: Այս հանգամանքը չվրիպեցաւ թուրք կառավարութեան աչքէն...

Այդ օրերուն էր, դժբախտաբար, որ տեղի ունեցաւ Դաւոյի դաւաճանութիւնը: Կառավարութիւնը փութաց զինուորական ուժով գրաւել Վանը: Մօտ 400 զինուոր, Էրզրումէն, լեցուեցան Վան: Թուրք հրամանատարը արգիլելու համար որեւէ շարժում, այգիներու մէջ շինուած բարձր տանիքներու վրայ պահակներ դրաւ: Համոզուած էինք որ կռիւը անոնց հետ տանխուսափելի էր: Որպէս զի մեր զինուած ուժերուն հնարաւորութիւն տայինք ազատ շարժուելու եւ գրաւելու ռազմական կէտերը, որոշեցինք ապահովել մեր քանի մը հիւանդկախ եւ արագ շարժուելու անկարող ղեկավարներու կեանքը:

Մինչեւ թուրք զօրքերու դասաւորումը եւ ծրագիրներուն մօտէն տեղեկանալը, մինչեւ պատրաստուիլը ընդդիմութեան, մտածուեցաւ օգտուիլ ստորերկրեայ ջրանցքէն, որ մօտ 25 մեթր խորութենէ կ'երկարէր մինչեւ Վարագայ լեռը: Ջրանցքը քանի մը բերաններ (հորեր) ունէր, որոնք իբր ելք կը ծառայէին: Այդ խումբն էր որ իջեցուցինք հոն, յատուկ շինուած տախտակամածներու վրայ: Դուրս մնացինք, կռուող ղեկավարներու հետ, Սարգիսը եւ ես:

Մատնուեցաւ սակայն մերիններուն տեղը: Կառավարութիւնը պաշարեց եւ ձերբակալեց բոլորը: Անոնց մէջ էր նաեւ Մելոյեան:

Ա. շարք, ձախէն աջ՝ Արամ ՄանուկեանՏաճատ,...4րդը՝ Պուլկարացի Գրիգոր, 6րդը՝ Ղեւոնդ Մելոյեան
Բ. շարք աջէն 3րդը՝ Թովմասեան Յակոբ
Նկարուած 06 Մայիս 1908-ին, իրենց թաքստոցները բացայայտուելէն ետք, շրջապատուած թուրք զինուորներով
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Խուզարկութիւններու միջոցին, թուրքերու ձեռքը անցան, թուագրային խորհրդաւոր նշաններով եւ մեր կողմէ պատրաստուած ինքնապաշտպանութեան քարտէզները: Կառավարութիւնը ամէն միջոցի դիմեց, լուծելու համար գաղտնանշաններու գաղտնիքը: Չյաջողեցաւ: Մուսուլէն բերել տուաւ դաւանափոխ եւ Փորթուգալեանի աշակերտ գոմիսէր Մէհմէտ էֆէնտին ու անոր յանձնեց թնճուկին լուծումը:

Ճեմարանականներէն Վարդան Պաղտոշեան չկրնալով դիմանալ անխնայ ծեծին ու տանջանքին, ըսած էր, թէ այդ թուղթերուն գաղտնիքը միայն Ղեւոնդ Մելոյեանը գիտէ: Գոմիսէրը բանտէն բերել տալով Մելոյեանը, ըսած է. «Կը տեսնե՞ս այս բոլոր թուղթերը, նշաններով, գունաւոր գիրերով եւայլն: Այս բոլորը պատրաստուած են քու կողմէ: Պիտի բանաս մեզի ասոր գաղտնիքը»:

Ասոնք անծանօթ են ինծի,– Պատասխանած է Մելոյեանը: Սխալ տեղեկութիւններ տուած են ձեզի: Ես ուսուցիչ եմ եւ վախէս մտած էի հորը:

Դուն ինծի՞ հետ կը խաղաս, սրիկա՛,– զայրացած է գոմիսէրը: Ու մտրակի բազմաթիւ հարուածներ տալով գլխուն ու մարմնին զանազան մասերուն, ըսած է.– Շո՛ւն՛ աւազակ, վարժապետ է եղեր... ոտքիս տակ կը սատկեցնեմ քեզի...

Ըսի արդէն գոմիսէր էֆէնտի, այս բոլորը Դոկտորի (Կոմս) եւ Իշխանի կողմէ գրուած ու պատրաստուած են:

Հա՜, ատով կ'ուզես խաբել ինծի: Անոնք ազատ են ատո՞ր համար...

Եւ, հրամայած է փետտել Մելոյեանի պեխերը, ահաւոր կերպով գանակոծելով զայն: Սակայն անհետեւանք: Նորէն վերադարձուցած են բանտ:

Այնուհետեւ վրայ հասաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը: Բոլոր բանտարկեալները ազատուեցան: Դաշնակցութիւնը վերստին յարութիւն առաւ: «Եղբայրացած» էինք թուրք սահմանադրականներուն հետ: Մելոյեանը, սեբաստացի Մուրատի հետ ղրկուեցաւ դէպի Բաղեշ եւ Տիգրանակերտ, բանակցելու՝ Վեհիբ փաշայի եւ թուրք այլ յեղափոխական ղեկավարներու հետ, ապահովելու համար նորածին սահմանադրական կարգերը...

Ապա, Մելոյեանը Արեւմտեան նահանգներէն անցաւ Պոլիս եւ անկէ՝ Լօզան: Հոն ամուսնացաւ, մտաւ համալսարան եւ աւարտեց:

Լոզանի մէջ լոյս ընծայեց «Արմէնուշ» անունով թատերգրութիւն մը, որ արժանցաւ միջազգային գրական առաջին մրցանակի:

Փարիզը կեդրոն դարձած էր ցանուցրիւ հայ մտաւորականներու: Կարծես այլեւս վերջացած էր հանրային աշխատանքը: Մելոյեան, իր կնոջ հետ առանձնացաւ Փարիզի արուարձաններէն Կրէտէյ գիւղին մէջ, զուրկ նիւթական միջոցներէ: Ձեռք չպարզեց ոչ ոքի: Ուրկէ ուր «գտաւ» արհեստ մը, վտանգաւոր եւ թունաւոր՝ պիստօլէով օթոներ ներկել:

Այդ օրերէն իր առողջութիւնը քայքայուած էր արդէն: Կնոջը հետ, իրենց տնակին մէկ անկիւնը, նպարավաճառի խանութին մէջ, չարքաշ ու զրկուած կեանք մը անցընելով ունեցաւ երկու զաւակ, որոնք կ'ապրին:

Ահա այսպէս ապրեցաւ Մեծ Խոնարհը, տառապած հայրենադարձ Ղեւոնդ Մելոյեանը, ածանօթ բոլորէն...

«Հայրենիք», Պոսթոն
69-րդ Տարի, Թիւ 16909
Ուրբաթ, Փետրուար 2, 1968